ԴԺՈԽՔԻՆ ՓԱՍՏԵՐԸ

Բնական է, որ շատեր հարցնեն սա հարցումը. «Արդեօք դժոխք գոյութիւն ունի՞»։ Երկու ապացոյց կը ճշդեն եւ կը փաստեն դժոխքի գոյութիւնը։ Նախ՝ մարդուն խղճմտանքը անոր կը վկայէ։ Մեղանչող մարդուն խիղճը ինչո՞ւ անհանգիստ է։ Ինչո՞ւ համար իր ամբողջ կեանքը զուարճութիւններով անցընող մէկը ապերջանիկ եւ տխուր կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ է պատճառը, որ մարդ մը ներքնապէս անհանգիստ եւ վրդովեալ կը զգայ իր յանցանքին եւ նոյնիսկ ոեւէ մէկուն անտեսանելի եւ անծանօթ եղող իր մեղքին համար։

Ոճրագործը, ընդհանրապէս, իր կեանքը չի վստահիր ոեւէ մէկու եւ նոյնիսկ իր բարեկամին, իր մերձաւորին, եւ իր կեանքը շարունակ վախի, կասկածի եւ շուարումի մէջ կ՚ապրի։ Գինեմոլը իր կեանքը կը վատնէ ցեխերու մէջ տապլտկելով եւ կատարեալ գերի է ըմպելիքին։ Եւ ի՞նչ կը փաստեն այս բոլորը։ Այո՛, մեղաւորին եւ յանցաւորին անհանգիստ խղճմտանքը, խռովեալ սիրտը, յանդիմանող խիղճը կը փաստեն դժոխքի գոյութիւնը։

Եթէ «դժոխք» մը չկայ, ինչո՞ւ ներքնապէս կը տանջուին յանցաւորներ եւ մեղաւորներ՝ իրենց ամբարիշտ արարքներուն եւ մեղքերուն պատճառաւ։ Երեւակայութիւն մը կամ երազ մը չէ՛ ասիկա։ Ապրուած պահեր են անոնք։ Ամենէն իմաստունը եւ ամենէն տգէտը, ամենէն հարուստը եւ համեստ դիրքի տէր աղքատը, ամենէն «մեծ» եւ ամենէն «պզտիկ» նկատուող անձեր կը խղճահարուին եւ կը տանջուին իրենց յանցանքներուն եւ մեղքերուն պատճառաւ։

Արդարեւ, կարելի է փորձել այդ խղճմտանքի տանջանքը լռեցնելու ջանալ աշխարհային զուարճութիւններով եւ ունայն հաճոյքներով, սակայն, կարելի պիտի չըլլայ անտարբեր մնալ, լռեցնել այն խորհրդաւոր ձայնը, որովհետեւ մերթ ընդ մերթ, տեւապէս անոնք գրգռելով խղճմանքը՝ անհանգիստ պիտի ընեն ենթական։

Ահա, Աստուած ամէն մարդու խղճմտանքովը ցոյց կու տայ, որ մեղաւորները «դժոխք» կոչուած այդ սարսափելի վայրին մէջ յաւիտեանս պիտի տանջուին, պիտի չարչարուին՝ նման այդ խղճմտանքի անհանգստութեան եւ բարոյական տանջանքին՝ զոր անոնք հոս՝ աշխարհի վրայ հիմա կը զգան եւ կ՚ապրին…

Երկրորդ փաստը «դժոխք»ի գոյութեան՝ Աստուածաշունչ մատեանի վկայութիւնն է։ Սուրբ Գիրքը լուր կու տայ, որ մեղաւորին երթալիք տեղը «դժոխք»ն է։ Դարերէ ի վեր՝ շրջաններու ընթացքին անհաւատներու յարձակումներուն կուրծք պարզելով կանգուն կեցող Սուրբ Գիրքը կը յայտարարէ, որ չապաշխարող՝ անդարձ եւ չփրկուած ամէն մեղաւոր դժոխք պիտի երթայ։ Մարդ արարածը՝ Սուրբ Գիրքին հաւատայ կամ չհաւատայ, անոր տուած լուրը ճշմարիտ է եւ ստո՛յգ։ Ուստի, անոր չհաւատացողներ, ուրացողներ, մերժողներ չեն կրնար փոխել այս իսկութիւնը, այս ճշմարտութիւնը։ Ճիշդ անոր պէս, երբ աչազուրկ մը չի կրնար տեսնել արեւը, այս չի նշանակեր, որ արեւը գոյութիւն չունի։ Տեսնեն կամ չտեսնես արեւը կա՛յ…

Մարդ երբ աչքերը փակէ եւ յետոյ դժոխքի մէջ բանայ, պիտի հաստատէ Սուրբ Գիրքին ըսածները, սակայն, դժոխքէն ելլել բացարձակապէս անկարելի պիտի ըլլայ։ Աստուած երբեք չի հաճիր, որ մեղաւոր մը իր մեղքին մէջ մեռնի, հապա կ՚ուզէ, որ մեղաւորը ապաշխարէ, դարձի գայ, եւ ասոր համար ամէն միջոց կը գործածէ, որպէսզի մեղաւորները կորստեան այդ սարսափելի վայրէն ազատէ։ Բարին Աստուած այնքան միջոցներ կը գործածէ այդ ահռելի վայրէն մեղաւորը փրկելու համար. սակայն, ոմանք մտիկ չեն ըներ։ Աստուած կ՚ուզէ մարդը արթնցնել՝ արթնցնել, դարձնել մեղքէն եւ զղջումով ապաշխարել, մարդ ինչո՞ւ դժոխք երթայ, երբ կայ դրախտը։ Մարդ ինչո՞ւ կը նախընտրէ դժոխքը՝ որ այնպիսի տեղ մըն է, ուր իրարու օգնել կարելի չէ՛։ Արդարեւ, անօգնական եւ անմխիթար ըլլալու չափ մեծ վիշտ մը կա՞յ։ Ո՞վ կրնայ ապրիլ առանց բարեկամի մը այս աշխարհի վրայ։ Անկարելի է այսպիսի մէկը գտնել, քանի որ մարդու մը համար մեծագոյն տանջանքը առանց բարեկամի, առանց կարեկցութեան եւ անօգնական մնալն է։ Ուստի, դժոխքը առանց բարեկամի, առանց օգնութեան, առանց կարեկցութեան եւ առանց մխիթարութեան վայր մըն է. ո՞վ կ՚ուզէ մնալ այդպիսի տեղ մը… հոն՝ ուր կայ միայն լալ, միայն անմար կրակ եւ զղջումի տանջանք եւ աւա՜ղ յաւիտենական եւ անտանելի տանջանքներու մէջ մինա՛կ մնալ եւ ահա ա՛յս է դժոխքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 4, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026