ՔԱՂՑՐՈԹԻՒՆ

Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ երեւակայել աւելի ազդու եւ տպաւորիչ միջոց, քաշողական աւելի մեծ ուժ՝ քան քաղցրութիւնը։ Համակրանք ստեղծել՝ մարդս կը զօրացնէ եւ վստահելի կը դարձնէ։ Չէ՞ որ Յիսուս Քրիստոսի մէջ յայտնուած Իր քաղցրութիւնովը եւ համակրանքովը՝ Աստուած դարէ դար անառիկ կարծուած բիւրաւոր մարդիկ զինաթափ ըրած է Խաչին ոտքը։ Չէ՞ որ մենք ալ՝ դո՛ւն, ես եւ բազմաթիւ հաւատաւոր հաւատացեալներ նոյն քաղցրութիւնով շահուած ենք։ Եւ անհամար, անթիւ հոգիներ անկէ հրապուրուած՝ յօժարակամ եւ անվերապահ նուիրումով անձնատուր են մեր Փրկիչ Աստուծոյն։

Կը պատմուի, որ հոգեւորական մը, ուրիշ հոգեւորականէ մը կը խնդրէ, որ երթայ մէկը տեսնէ եւ աշխատի զայն համոզել եւ եկեղեցի հրաւիրել, ներկայ հանդիսացնել։

Խօսակիցը կը պատասխանէ, թէ խնդրոյ առարկայ մարդը անհաւատ, անաստուած մըն է…

Հոգեւորականը կ՚ըսէ. «Լա՛ւ, թերեւս իրաւունք ունիս, խնդրոյ առարկայ անձը կրնայ անաստուած մը ըլլալ։ Բայց անգամ մը քաղցրութիւն ցոյց տուր իրեն։ Գուցէ մօտենայ, շահուի եւ ի վերջոյ խաղաղ սրտով համակուի։ Քաղցրութեամբ կարելի է փոխել չարը բարիի…»։

Խօսակիցը կ՚առարկէ, իսկ միւսը կը պնդէ. «Յիշենք մեր անցեալ կեանքի օրերը, երբ բազմաթիւ մեղքերու մէջ թաղուած էինք եւ ծանր յանցանքներու եւ խղճահարութիւններու տէր էինք։ Բայց Աստուած… Բայց Աստուած ինչպէ՛ս Իր Որդւոյն թանկագին Արիւնովը՝ անցեալի մեր մութ եւ ամօթալի բոլոր մեղքերը ջնջեց Իր դատաստանի գիրքէն…»։

Եւ խօսակիցը կը խոնարհի եւ կը յօժարի երթալ խնդրոյ առարկայ անաստուած անձին։

Կ՚երթայ, եւ կը յաջողի ալ։ Չարը կը վերածուի բարիի։ Անաստուածը կ՚ըլլայ հաւատացեալ մը, եւ ո՛չ միայն ինք, այլ իր ամբողջ ընտանիքը։

Արդարեւ, ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆը ամենազօր եւ ամենակարող ՄԱԳՆԻՍն է՝ զոր Աստուած մեր ձեռքին մէջ դրած է՝ հոգիներ քաշելու, հրապուրելու եւ մանաւանդ շահելո՛ւ համար…

Չարը պէտք է փոխարինել բարիով, որուն միջոցն է քաղցրութիւնը։

Քաղցրութեան ակունքը՝ նախ Աստուած է. «Դուն Անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը եւ երկայնամտութիւնը կ՚արհամարհե՞ս, չգիտնալով որ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութեան կ՚առաջնորդէ». (ՀՌՈՎՄ. Բ 4)։

Աստուած քաղցր է եւ քաղցրութեան Ա՛Կ։

Բնական չէ՞ Իր զաւակներն ալ քաղցր ըլլան. քաղցր Աստուծոյ՝ քաղցր զաւակները։

Ապա՝ Աստուծոյ Որդին. «Բայց մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնը եւ մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ…». (ՏԻՄ. Գ 4)։

Մեր Փրկիչը քաղցր է։ Անոր ձեռքով փրկուածներն ալ քաղցր ըլլալու չե՞ն։ Քաղցր Փրկչի մը՝ քաղցր փրկեալներ։

Նաեւ՝ Աստուծոյ Հոգին՝ Սուրբ Հոգին քաղցրութեան ակունքն է. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն…». (ԳԱՂՏ. Ե 22-23)։ Մեզ վերստին ծնող Սուրբ Հոգին քա՛ղցր է եւ քաղցրութեան Ակ։ Անկէ վերստին ծնածներն ալ քաղցր ըլլալու չե՞ն։ Քաղցր Հոգիին՝ քաղցր պտուղներ. քաղցր հոգեւորներ, հոգեւորականներ, քաղցր հաւատաւոր հաւատացեալներ։

Եւ դարձեալ Աստուծոյ Խօսքը. «Որքա՜ն քաղցր է Քու Խօսքդ իմ քիմքիս, մեղրէն աւելի անուշ է՝ իմ բերնիս». (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 103)։ Աստուծոյ Խօսքը քաղցր է եւ քաղցրութեան ԱԿ։ Անով ամէն օր սնանող եւ ուռճացող հոգիներն ալ պարտաւոր չե՞ն քաղցր ըլլալ։

Քաղցր Գիրքին՝ քաղցր աշակերտները։

Ի վերջոյ, Աստուծոյ Տունը. «Պիտի լեցուինք Քու Տունդ՝ Քու սուրբ տաճարիդ քաղցրութենէն». (ՍԱՂՄ. ԿԵ 4)։ «Ահա ո՜րչափ բարի եւ ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին». (ՃԼԳ 1-3), որ Սաղմոսի այս խօսքերը կ՚ակնարկէ՝ Աստուծոյ որդիներուն ընտանեկան միաբանութիւնը, քաղցր է եւ քաղցրութեան ԱԿ, քանի որ «ընտանիք» ինքնին քաղցրութեան ա՛կ մըն է։ Ուրեմն, քաղցր ըլլալու չէ՞ նաեւ Աստուծոյ Ընտանիքին ամէն մէկ անդամը. քաղցր Տան՝ քաղցր անդամներ, քաղցր բնակիչներ։

Բայց յատկապէս պէտք է շեշտել, թէ քաղցրութիւնը երբեք եւ երբե՛ք տկարութիւն, անկարողութիւն, անզօրութիւն, թուլութիւն կամ անճարակութիւն չէ՛ եւ ինչպէս խոնարհութիւնը…

Մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ։ Աստուած քաղցր է եւ Ակնաղբիւրը ամէն քաղցրութեան, ասոր կասկած չկա՛յ։ Մէն մի հաւատացեալի ամէնօրեայ փորձառութիւնը եւ վկայութիւնն է. «Քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց, եւ Քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 35)։

Բայց հարցը Աստուծոյ վրայ չէ, այլ մեր վրայ։

Տէրը քաղցր է. Տէրոջը քաղցր ըլլալը ամէն մարդ գիտէ։ Սակայն մենք որքա՞ն քաղցր ենք. աւելին՝ մե՞նք արդեօք քաղցր ենք։ Եւ ո՞րքան մեր երկնաւոր Հօր կը նմանինք։ Ահաւասիկ, ա՛յս է հարցը։

Նորածին մանուկի նկատմամբ, ընդհանրապէս կը հարցուի սա հարցումը իր ծնողներուն. «Նորածինը որո՞ւ կը նմանի»։ Եւ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կը յաւակնի իրեն նմանցնել նորածինը։

Նո՛յնն է Հօր Աստուծոյ ամբողջ փափաքը՝ Տէր Յիսուսի մահուան բո՛ւն նպատակը, նաեւ Սուրբ Հոգիին յարատեւ մտասեւեռումը եւ ջանքը։ «Աստուծոյ նմանող եղէք՝ սիրելի զաւակներու պէս…». (ԵՓԵՍ. Ե 1-2)։

Նմանի՛նք Աստուծոյ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 3, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025