ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ (Գ.)

Գ.- Սեփական ձախողութեան գիտակցութիւն.- ինքնասպանութեան տանող վերջին քայլը ձախողութեան գաղափարի ժխտումն ու անհասկացողութիւնն է. մարդկային կեանքին մէջ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը զուգահեռ են. ամէն յաջողութիւն ունի ձախողութեան նախապատմութիւն մը եւ այդ մէկը դաստիարակութեան կարեւոր մէկ մասը պէտք է ըլլայ: Մենք կ՚ուզենք, որ մեր զաւակները մի՛շտ յաղթանակեն, միշտ յաջողութիւններ ունենան եւ անոնց յաջողութեան համար շատ անգամ բազմաթիւ զոհողութիւններ կ՚ընենք, սակայն, այդ բոլորէն շատ աւելի կարեւոր է զաւակին սորվեցնել ձախողութիւն հասկացողութիւնը: Ծնողքի մը մեծագոյն պարտաւորութիւնը իր զաւակը վատին դէմ պայքարելու պատրաստելն է, որովհետեւ լաւը ինքնին արդէն ուրախութիւն կը պատճառէ. լաւը, բարին, սիրունը մարդուն ներաշխարհին մէջ կան. սակայն վատը, դժբախտութիւնն ու տխրութիւնը կու գան այդ բնական ընթացքը շեղելու, այդ իսկ պատճառով ծնողքը պարտաւոր է իր զաւակը պատրաստել վատին՝ որպէսզի կարողանայ դիմագրաւել որեւէ դժուարութիւն: 

Ինքնասպան եղող Դանիէլի մօտ կը տեսնենք, թէ ձախողութիւնը ան ընդունած էր ո՛չ թէ որպէս վերակազմաւորուելու, դարձեալ փորձելու, ձգտելու եւ յաջողելու միջոց, այլ՝ որպէս ամէն բանի աւարտ, յուսահատութիւն: Ծնողքին մեծագոյն պարտաւորութիւններէն մէկն է իր զաւակին մէջ ձախողութեան դէմ դիմադրողականութիւն զարգացնել։ Այսօր ծնողներ «բարիք» անուան տակ կը փորձեն իրենց զաւակներուն դիմացէն հանել ամէ՛ն տեսակի խոչընդոտ. մինչդեռ մեծագոյն բարիքը շատ անգամ զաւակը դէպի փորձութիւն առաջնորդելն է, որպէսզի որպէս ծնողք տեսնէ անոր կարողութիւնները, դիմադրողականութիւնը եւ աւելիով հասկնայ իր զաւակին կարողութիւններն ու սահմանափակումները, որպէսզի անոնց հիման վրայ ուժ տայ դաստիարակութեան: Փորձութեան տանիլը կարեւոր կը տեսնենք, որովհետեւ սեփական փորձն է, որ զաւակին կը սորվեցնէ, թէ ինչը չար է եւ ինչը բարի. խօսքէն աւելի փորձառութիւնն է կարեւորը մարդ արարածին համար: 

Մերօրեայ աշխարհին մէջ վատը յաճախ մարդուն դիմաց կը յայտնուի դրական երեւոյթով՝ խաբուսիկ ու սուտ: Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ մեր զաւակները ինչքանո՞վ կը յաջողին ճիշդ դատողութիւն ընել ու լաւը չարէն զանազանել, որովհետեւ ամէ՛ն վատ բան այսօր «հաճոյք» եւ «ուրախութիւն» անուան տակ կու գայ մեր զաւակներուն աշխարհը քանդելու: 

Ծնողներ պէտք է հասկնան, որ շատ բնական ու անհրաժեշտ բան է սխալիլը. ինչպէս յայտնի խօսքը կ՚ըսէ. «Սխալիլը սխալ չէ, որովհետեւ սխալէն է, որ մարդ դասեր կը քաղէ»։ Ծնողներ պէտք է հասկնան, որ սխալներուն հետեւանքը ո՛չ թէ բարկութիւն կամ ջղայնութիւն պէտք է ըլլայ, այլ դաս։ Բնական է, որ զաւակը սխալի, սակայն այդ սխալէն դուրս գալը ո՛չ թէ զաւակին՝ այլ ծնողքին ձեռքն է. եթէ զաւակը սխալի եւ ծնողքը դիմէ բռնութեան ու ծեծի, ապա այդ զաւակը իր սխալէն ո՛չ մէկ բան պիտի սորվի եւ աւելին՝ աւելիով պիտի խորանայ այդ սխալին մէջ: Հետեւաբար սխալիլը կրնայ միայն ու միայն մէկ արդիւնք ունենալ՝ դասեր քաղել: Ծնողքը զաւակին պարտի տալ այնպիսի վստահութիւն ու սէր, որ զաւակը իր դժուարութիւններուն ժամանակ առանց երկմտելու կարենայ դիմել իր ծնողներուն՝ գիտնալով, որ քննադատութիւն, բռնութիւն կամ բարկութիւն ստանալու փոխարէն օգնող ձեռք մը պիտի գտնէ: 

Ինչպէս ըսինք, սխալիլը սխալ չէ, սակայն սխալը կը սկսի վտանգաւոր դառնալ, երբ սխալողը իր շուրջ չգտնէ ձեռքեր՝ որոնք պատրաստ են իրեն օգնել: Սխալիլը ո՛չ բնաւորութեան հեւ ո՛չ ալ խառնուածքի հետ կապ ունի. կը հաւատանք, որ այդ մէկը հոգեկան ներաշխարհին պատկերն ու հետեւանքն է, որովհետեւ սխալները սրբագրելը նախ հոգեկան բժշկութեան կը կարօտի՝ քան արտաքին: 

Աշխարհի մէջ կայ մի քանի տեսակ ծնողք. կայ ծնողք, որ անտարբերութեամբ կը դիտէ զաւակին մեծնալը եւ կարեւորութիւն չի տար անոր հոգեկան աշխարհին. կայ, որ կը բաւարարուի խրախուսելով եւ խօսելով, սակայն կեանքի փոթորիկին մէջ հոգեպէս նեցուկ չի հանդիսանար. անդին կայ երրորդ տեսակ մը, որ կը փորձէ ինքն իր վրայ առնել փոթորիկները, որոնք երեւութապէս ինչքան ալ դրական ըլլալ թուին, ունին ժխտական արդիւնքներ ու հետեւանքներ: 

Կը հաւատանք, որ ինքնասպանութիւնը թէ՛ պատանիներուն եւ թէ մեծահասակներուն մօտ մէկ օրուան վրայ հիմնուած որոշում մը չէ. յաջողութենէն ձախողութիւն եւ հակառակը ընդամէնը մէկ քայլ մըն է։ Այսօր շատեր յաջող են՝ սակայն վաղը պիտի ըլլան ձախողներ, եւ շատ մը ձախողներ՝ պիտի վերածուին յաջողներու եւ այս մէկը բախտէն ու պատահականութենէն զատ կը պահանջէ հոգեկան պատրաստուածութիւն։ Աշխարհի իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ մերօրեայ մեծագոյն յաջողակները գրեթէ ունեցած են դժբախտ մանկութիւն մը, որովհետեւ դժբախտութիւնը ունի իր դիմադրողականութիւնը եւ ով դիմադրէ եւ լաւագոյնս դասեր քաղէ անկէ՝ կը յաջողի: 

Որպէս վերջաբան, կ՚ուզենք դարձեալ շեշտել, որ մեր զաւակներուն յաջողութիւնը տրուած է մեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն. մեր պատանիները այսօր ի՛նչ քայլի որ դիմեն, ինչ որոշում որ առնեն՝ առաջին հերթին կը հաւատանք, որ պէտք է մեղադրուին ծնողքն ու ուսուցիչը, որովհետեւ սխալ մը կանխելու միակ ու լաւագոյն ձեւը դաստիարակութիւնն է. եթէ դուն քու դաստիարակածէդ վստահ ես, ապա աշխարհը չի՛ կրնար նուաճել պատանի-երիտասարդը: 

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Զաւակի մը սխալներուն համար ծնողք մը ինչքանո՞վ պատասխանատու է:

Պատասխան. Ծնողներ մեծապէս պատասխանատու են իրենց զաւակներուն վարքին համար, մասնաւորապէս երբ զաւակը անչափահաս է: Ծնողական դաստիարակութիւնը, ուշադրութիւնը եւ օրինակելի պահուածքը մեծ ազդեցութիւն ունին զաւակին վրայ: Եթէ զաւակը սխալ վարք կը ցուցաբերէ, անոր հետեւանքը կրնայ ըլլալ անբաւարար դաստիարակութիւնը, հաղորդակցութեան պակասը կամ շրջապատի բացասական ազդեցութիւնը: Շատ անգամ ծնողներ կրնան ամէն բան ճիշդ ընել, սակայն զաւակը առանձին ընտրութիւններ ընէ: Ուստի, պատասխանատուութիւնը յարաբերական է՝ կախուած զաւակի տարիքէն, դաստիարակութեան որակէն եւ ներաշխարհէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025