ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂԸ
«Տէ՛ր թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։ Ղուկաս Աւետարանիչի վերոյիշեալ աստուածաշունչ խօսքերը հասկնալու համար պէտք է այս տողերուն նախորդած դէպքերը ուսումնասիրել։
Արդարեւ, այդ դէպքերուն վերաբերեալ հարցում մը պատճառ եղաւ, որ Յիսուս յիշեալ առակը պատմէ։ «Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներուն մասին՝ որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 1), եւ Յիսուս պատասխանեց. «Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիերը միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան։ Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին՝ որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք…». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 2-4)։
Սիրելի՜ բարեկամներ. ողբերգութիւնը չի՛ նշանակեր մեղաւորութիւն. Յիսուս կը մերժէ այդ ընդհանուր համոզումը, այլ հնարաւորութիւն կու տայ նորոգուելու, սրբագրուելու եւ փրկուելու մեղքերէ։ Ուստի, պէտք չէ՛ դատել, դատապարտել ուրիշները, այլ ապաշխարութեան հրաւիրել զանոնք եւ ներողամտութեան ոգիով մօտենալ անոնց։ Առիթ եւ ժամանակ տալ անոնց՝ որպէսզի ապաշխարեն եւ վերանորոգուին, վերհաստատեն իրենց հաւատքը։
Այս իմաստով, ահաւասիկ, «Անպտուղ թզենի»ին առակը ըստ էութեան համբերութեան դա՛ս մը կու տայ մեզի։ Աստուած համբերող է, բայց մե՛նք ալ պէտք չէ շահագործենք այդ երկայնամտութիւնը, ներողամտութիւնը. առիթը եւ ժամանակը պէտք է լաւ օգտագործենք։ Որովհետեւ վա՜յ եթէ այդ համբերութեան սահմանը վերջանայ…
Համբերութեան պտուղը՝ կեա՛նք է, իսկ համբերութիւնը ձեռք կը ձգուի հաւատարիմ ծառայութեամբ։ Համբերութիւնը հաստատ հաւատքի եւ հաստատակամ հոգիի մը հետեւանքն է։ Ուստի, ինչպէս թզենիին արմատները, նոյնպէս մարդուս հոգեւոր արմատները պէտք է զօրացնել, խնամել եւ ի վերջոյ կեանքի վերակոչել։ Մեղքը կ՚արատէ, բայց չի՛ քանդեր, երբ գիտցուի եւ գործադրուի փրկուելու միջոցները։ Ընդհանրապէս կը կարծուի, թէ մեղաւոր են, բայց Յիսուս միշտ պատրա՛ստ է կեանքը վերածաղկեցնելու, վերարծարծելու եւ միշտ, համբերութեամբ առիթ եւ ժամանակ կու տայ մեզի եւ մեզի կը պատուիրէ եօթը անգամ եօթանասուն ներել այն՝ որ ներողութիւն կը խնդրէ եւ կը զղջայ իր սխալին…
Ուստի, արմատները պէտք է միշտ եւ աւելի զօրացնել եւ արդիւնաւորել, եւ արդիւնաւորելու համար պէտք է հոգ տանիլ, խնամել եւ աշխատիլ՝ անվհատ, անխո՛նջ։ Եւ ասիկա, բնականաբար ժամանակի կը կարօտի։ Ուստի, մեղաւորը պատժելէ առաջ պէտք է զայն ապաշխարութեան հրաւիրել եւ առիթ, ժամանակ տալ անոր։ Ահաւասիկ, ա՛յս է «Անպտուղ թզենի»ին առակին իմաստը՝ կիզակէտը, այսինքն նկատի առնուելիք էական կէտը։
Արդարեւ, Յիսուսի առաքեալները միայն «առաքեալ» չէին, այլ՝ առաքելութեան կերտիչնե՛ր։ Այս կը նշանակէ, թէ հաւատքը պէտք չէ պահել, քանի որ անգործ եւ անաշխատ հաւատքը որեւէ արժէք չի ներկայացներ, պէտք է գործի վերածուի ան՝ կեանքի վերածուի, ապրուի, խնամք տարուի եւ օգտագործուի եւ տարածուի։
Այս իմաստով Հայ Եկեղեցին «անցեալ» չէ՛, «պատմութիւն» չէ՛, այլ ան «կենդանի», «ապրող» եւ գործող Եկեղեցի է, այնպէս որ պէտք է խնամել, պէտք է հոգ տանիլ, որպէսզի իր իւրաքանչիւր անդամին հաւատքը ապրի, զօրանայ։ Ուստի, ամէն մէկս կոչուած ենք տարածելու մեր մէջ այդ հաւատքը եւ հաստատ պահելու անոր արմատները, կենդանի պահելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար զայն։
Այսօր աշխարհասիրութիւնը, նիւթապաշտութիւնը պատած է հոգիներ եւ միտքերը, բայց այդ պէտք չէ պատճառ ըլլայ հեռանալու հոգեւոր կեանքէն, քանի որ եւ ինչպէս յաճախ կը յիշենք, մարդ միայն ֆիզիքական էութեամբ «մարդ» չէ, այլ ան նաեւ հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքով ամբողջ «մա՛րդ» է, մարդը միայն «մարմին» չէ, այլ հոգի ե՛ւ միտք։ Աշխարհ լեցուն է չարութիւններով, գէշութիւններով, բայց մարդ կոչուած է բարութեան եւ ուրեմն ան պէտք է ձգտի բարիին եւ մի՛շտ։ Աշխարհ լեցուն է հարստութիւններով եւ հրապուրիչ երեւոյթներով, բայց նաեւ ան դատա՛րկ է։
Ուստի, պահենք եւ հետզհետէ վերանորոգենք, զօրացնենք մեր հաւատքը, հաստատ եւ անկեղծ հաւատքը, քանի որ կեա՛նքն իսկ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 4, 2025, Իսթանպուլ