ՃԱԲՈՆՑԻ ԳՐՈՂԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ (Ա.)
Նախորդ մեր յօդուածաշարքով խօսեցանք, թէ ինչպիսի՞ ազդակներ ու բացթողումներ պատանին կ՚առաջնորդեն ինքնասպանութեան, շեշտելով դժուարութեանց դիմաց ծնողքին եւ ուսուցիչներուն պարտաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու դաստիարակութեան կարեւորութիւնը: Այսօր պիտի փորձենք վերլուծել մեծահասակներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Պատանիներու պարագային պատճառները հիմնականին մէջ մի քանի հատ են եւ գրեթէ հասարակաց. առաջին՝ սիրահարութիւն, ընտանեկան խնդիրներ, ընկերական վիճաբանութիւններ եւ այլն, սակայն մեծահասակներու պարագան տարբեր է. ամէն մարդ ունի իրենց յատուկ դժուարութիւնն ու մարտահրաւէրը, այդ իսկ պատճառով ընդհանուր խօսիլը իմաստ մը չունի, այդ իսկ պատճառով կ՚ընտրենք մեծահասակ ինքնասպան մը, վերլուծելու համար անոր վերջին նամակը:
Ճաբոնցի յայտնի գրողներէն մին՝ Ռեունսկէ Ակուատակաւա 1927 թուականին կ՚որոշէ վերջ տալ իր կեանքին, սակայն, նախքան այդ խիզախ որոշումը, կ՚ուզէ վերջին նամակ մը գրել։ Այս որոշումին հիման վրայ կ՚որոշէ գրել «Կեանքի վերջին խօսքեր» խորագրեալ կարճ նամակը, որուն մէջ կը խօսի կեանքին մասին, տալով որոշ փիլիսոփայական մտածումներ, խօսելով գոյաբանական պայքարի մասին:
Նամակին մէջ գրողը կ՚ըսէ.
«Հին Ընկերս,
Այժմ կ՚ապրիմ հնարաւոր ամենէն անհետաքրքիր երջանկութիւնը: Սակայն, տարօրինակ է, որ չեմ զղջար: Պարզապէս ցաւ կ՚ապրիմ անոնց համար, որոնք ստիպուած եղած են զիս սիրել, ունենալ նման անձ մը իրենց կողքին: Ցտեսութիւն:
Այս վերջին պահուն գուցէ համարձակութիւն է, բայց ինձ կը թուի ես իմ անձս հասկցայ: Ուրիշներ անկասկած կ՚արհամարհեն զիս, կամ գոնէ մահէս ետք կ՚արհամարհեն: Բայց նոյնիսկ այդ պարագային ես դարձեալ բաւարարուած եմ: Ապրած ու զգացած եմ այնպիսի մինակութիւն, որ ո՛չ ոք զգացած է: Բայց կրցած եմ դիմանալ, որովհետեւ ապրած եմ այնպէս՝ ինչպէս ուզած եմ, թէեւ ո՛չ այնպէս որ պէտք է ապրէի:
Անցնող երկու տարիներուն կը պայքարէի խելագարութեան դէմ: Այժմ երբ այս տողերը կը գրեմ, կը յիշեմ բոլոր անոնց, որոնք անցեալին ինքնասպան եղած են: Ինչքա՜ն խաղաղ եղած է անոնց մահը՝ համեմատած իմ մահիս հետ: Բայց եւ այնպէս, անձս ներքին վարանոտութեան մը մէջ կը զգամ. բնութիւնը ինծի համար երբեք այսքան գեղեցիկ չէ եղած: Գուցէ ծիծաղիս այս հակասութեան վրայ՝ սիրել բնութիւնը՝ նախքան անձս սպաննելը: Բայց բնութեան գեղեցկութիւնը այն է ի վերջոյ, ինչ որ վերջին անգամ կը տեսնեմ: Ես կեանքը ուրիշներէն աւելի սիրած եմ. հակառակ կեանքս դէպի մահ կ՚առաջնորդեմ, դեռ կը սիրեմ կեանքը:
23 յուլիս, 1927»
Այս նամակէն ետք իր կեանքին վերջ կու տայ 35 ամեայ գրողը։ Անշուշտ, այս նամակին մէջ ունինք բազմաթիւ վերլուծելու արժանի կէտեր. սկսինք.
Ա.- Որոշում.- Շատ անգամ կը թուի, որ ինքնասպանութիւնը վերջին վայրկեանին տրուած սխալ որոշում մըն է, սակայն, շատերու մօտ այդ մէկը այդպէս չէ։ Գրողը իր նամակին մէջ կը յիշէ «երկու տարիէ կը պայքարիմ» արտայայտութիւնը. այդ երկու տարուան պայքարը իրականութեան մէջ ապրելու եւ չապրելու մէջ տարուբերող պայքար մըն է, որովհետեւ մէկ օրուան տխրութիւն մը, մէկ օրուան ձախողութիւն մը չէ՛, որ անձը (այս պարագային գրողը) կ՚առաջնորդէ ինքնասպանութեան։ Այդ որոշումը կուտակումն է տարիներու ձախողութիւններուն ու դժբախտութիւններուն, որոնց դէմ մարդ կը պայքարի ի բնէ: Երկու տարուան պայքար մը ինքնաբերաբար իր մէջ ունի նեղութիւն, յուզական յագեցուածութիւն եւ յոյսի աստիճանական կորուստ: Մարդը մի՛շտ ալ կ՚ուզէ ապրիլ, սակայն երբ հոգին կ՚ուզէ մեռնիլ, այդ պարագային ներքին պայքարը մարդը մաշուածութեան կ՚առաջնորդէ: Այո՛, շատերու պարագային ինքնասպանութիւնը պահի սխալ որոշում մըն է, սակայն, գրողի պարագային այդ մէկը հոգեկան տառապանքի երկարատեւ ընթացքի դժբախտ պտուղն է:
Պէտք է գիտնալ, որ իւրաքանչիւր ինքնասպանութիւն իր մէջ ունի ներքին պայքար մը. ամէն մարդ կ՚ուզէ ապրիլ, կ՚ուզէ դժուարութիւնները դիմագրաւել, սակայն, երբ շարունակական ըլլայ ներքին ձայնը՝ պայքարի ոգին կամաց-կամաց կը համրանայ եւ կամաց-կամաց մարդուն մէջէն կը վերացնէ գոյութեան իմաստը։ Այս մէկը ներքին պայքարի այն հանգրուանն է, որ այլեւս մարդ չ՚ուզեր փնտռել լուծումներ, չի՛ ձգտիր ապրելու եւ ազատելու այդ դժուարութիւններէն. այդ պայքարէն ազատիլն է գուցէ, որ գրողին ըսել կու տայ. «Այժմ կ՚ապրիմ հնարաւոր ամենէն անհետաքրքիր երջանկութիւնը»:
Սակայն ի՞նչ է այդ երջանկութիւնը. մարդ կը գիտակցի, որ մի քանի վայրկեան վերջ այս աշխարհէն պիտի վերացնէ իր գոյութիւնը, կրնա՞յ երջանկութիւն զգալ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Վիճակագրականօրէն ամէն օր քանի՞ անձ ինքնասպան կ՚ըլլայ:
Պատասխան. Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, օրական միջին հաշուով 700 հազար մարդ ինքնասպան կ՚ըլլայ: Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն, ինքնասպանութիւնը կը հանդիսանայ մահուան առաջատար պատճառներէն մէկը՝ մասնաւորաբար երիտասարդներու եւ միջին տարիքի անձերու մօտ: Տնտեսական, հոգեբանական եւ ընկերային խնդիրներ կարեւոր դեր կը խաղան ինքնասպանութեան որոշումին մէջ: Այս ցուցանիշները կը շեշտեն ինքնասպանութեան կանխարգելման միջոցներու անհրաժեշտութիւն՝ համաշխարհային մակարդակով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան