ՀԱՒԱՏՔԸ ՀԱՍԿՆԱԼ

«Նոյնպէս ալ դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ մենք անպիտան ծառաներ ենք։ Քանզի ի՛նչ որ պարտաւոր էինք՝ ըրինք». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 10)։

Յիսուս Իր աշակերտներուն ծառայի մասին խօսեցաւ՝ որուն միակ գործը իր տիրոջ ծառայել էր։ Արդարեւ, հաւատքը արտասովոր բաներ ընել կու տայ մարդուս, բայց միա՛յն Աստուծոյ եւ մարդկութեան ծառայելու համար։

Հաւատքը մարդուս ընել կու տայ այն բաները՝ որոնք Յիսուս կ՚ուզէ որ ընէ մարդ։ Ատիկա մարդուս հաւատքը աւելցնելու հարց մը չէ՛, այլ հասկնալու՝ թէ քիչ մը հաւատքը կրնայ անկարելին կարելի՛ դարձնել։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ասոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ, բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասնզի գիտեմ թէ որու եմ հաւատացեր, եւ համոզուած եմ որ իմ իրեն աւանդած բանը կրնայ պահել, մինչեւ ա՛յն օրը». (Բ ՏԻՄ. Ա 12)։ Ուստի, անկեղծ եւ ճշմարիտ հաւատքը միշտ մեզ կ՚առաջնորդէ աւելի մեծ ծառայութեան։ «Ոչ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառայելու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով։ Յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը եւ ոչ թէ՝ մարդոց». (ԵՓ. Զ 6-7)։

Հաւատքի կեանքի մեր ճամբորդութիւնը աւելի լա՛ւ ընթացքի մէջ դնելու համար պէտք է կատարեալ վստահութիւն ցոյց տանք մեր հաւատքի առաջնորդը եղող Քրիստոսի, եւ հնազանդինք եւ հետեւինք Իրեն, բոլոր պայմաններու եւ պարագաներու ընթացքին։

Արդարեւ, քիչ մը հաւատք կրնայ փարատել մշուշը՝ շատ մեծ եւ փոքր մտահոգութիւններուն եւ վախերուն։

Հաւատքն է, որ մեզ արդարութեան կ՚առաջնորդէ. Աստուած կը փնտռէ՝ Իր բարութեան կը հաւատայ եւ ճշմարտութեան Խօսքին կը վստահի։ Անոր պատուէրներուն կը հնազանդի եւ մարդկային կեանքերու մէջ արդարութեան զօրաւոր գործեր կը կատարէ։ Մարդուս գործը ա՛յն է, թէ իր հաւատքը գործածելու եւ գործադրելու ճամբաներ ընտրելու է։

«Առտուանց քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր, վասնզի չես գիտեր թէ որը օգտակար պիտի ըլլայ, ա՞յս թէ ա՛յն, կամ երկուքը հաւասրապէս օգտակար պիտի ըլլան». (ԺՈՂ. ԺԱ 6)։

Արդարեւ, ի՞նչ գործի կարելի է ձեռնարկէ մարդ՝ որ բաւարար հաւատք ունենայ «անկարելին՝ կարելի ընելու»։ Կրօնական հաւատքը դրական կատարում մըն է։ Ան՝ որ կամաւոր, ուզելով չ՚ընտրեր զայն, անշուշտ, կը կորսնցնէ զայն։ Հարցումը այն չէ՛, թէ մենք որքա՞ն հաւատք ունինք, այլ՝ ինչպէ՞ս կ՚ընտրենք զայն գործածել։ «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին եւ ատենէն դուրս». (Բ ՏԻՄ. Դ 2), որովհետեւ Տէրը պիտի աճեցնէ զայն, ապա ուրեմն Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով». (ԵԲՐ. Ժ 22)։ Տէր Յիսուսի Խօսքը միեւնոյնն է մեզի շփոթութեան ժամանակ, երբ ամէն բան քայքայուած է, ճամբայ մը որոնելու ենք մեր մէջ եղած հաւատքը գործադրելու։

Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ. «Քանզի առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ». (ԵԲՐ. ԺԱ 6)։ Հարցումը այն չէ, թէ ո՞րչափ հաւատք ունիս, այլ ճամբայ մը գտնելու ես զայն գործածել գիտնալու եւ իմաստութիւնը ունենալու մէջ։ Կարդա՛, հաւատքի «հերոսներ»ու մասին Եբրայեցիներու գրուած նամակին ԺԱ գլուխը. նոյնիսկ քիչ մը հաւատքը ահագին զօրութեան կը տանի մեզ, քանի որ «Հաւատքն է Յաղթութիւն»։

Հաւատքին մէջ է ամէն զօրութիւն, արդարեւ «համոզում»ին եւ «հաւատք»ին տարբերութիւնը նստելու եւ քալելու միջեւ եղած տարբերութեան չափ է. հաւատքը երկար ճամբայ կը տանի։ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ մանանեխի չափ հաւատք ունենաք՝ հրաշալի՜ գործեր կրնանք կատարել։ Մանանեխի հատիկը ամենափոքր հատիկներէն մէկն է, այնքան փոքր՝ որ հաւանական է խոշորացոյց գործածել՝ զայն տեսնելու համար։ Քիչ մը հաւատք բաւարար է անկարելի եղած բաները կարելի դարձնել, ինչ որ կեանքի փորձառութիւնը կը հաստատէ այս իրողութիւնը, եթէ հոգեւոր աչքերով դիտենք եւ տեսնենք իրողութիւնները…

Աստուծոյ քով անկարելի բան երբեք չկա՛յ։

Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատա՛յ։

Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, հաւատա՛նք եւ աղօթենք, որ Աստուած մեզ հաւատքի մէջ հաստատ, անկեղծ, խոնարհ, իմաստուն եւ յարատեւ հաւատարիմ պահէ, Իր ծառայութեան մէջ պահէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 6, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026