ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱՒՈՐԸ

Հայրենադարձութիւնը ազգի մը զօրութեան ամենէն կարեւոր ազդակն է, որովհետեւ երբ քով քովի կու գաս, ուժ կը դառնաս՝ բնականաբար կը զօրանաս: Հայրենադարձութեամբ պետութիւնը շատ աւելի մեծ հարկեր գանձելով կրնար բանակը զօրացնել, կրնար զէնք, զինամթերք աւելցնել, սակայն, թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ իշխանութեան հետ այդ մէկը կատարելը անկարելի էր, որովհետեւ անոնք ազգը հարստացնելու փոխարէն իրենք զիրենք կը հարստացնէին։ Յայտնի մտածող մը կ՚ըսէ. «Եթէ պետութիւնը ժողովուրդը հարստացնելու փոխարէն ի՛նք հարստանայ՝ այդ պետութիւնը կործանած է»: Սփիւռքի մէջ տարին անգամ մը դրամահաւաք տեղի կ՚ունենար ու մարդիկ կը կարծէին, թէ իրենց տուած մի քանի ղուրուշով հայրենասիրական պարտաւորութիւնը կատարած, հայրենիքը փրկած կ՚ըլլայն:

Հայաստանի բնակչութեան թիւը պակսեցաւ, որովհետեւ պետութիւնը ի՛նք տնտեսապէս չհարստացուց ժողովուրդը, օրինակի համար, մինչեւ օրս կղպուած կը մնայ Խորհրդային Միութենէն մնացած Ժամացոյցի գործարանը, կղպուած կը մնայ Խորհրդային Միութեան ժամանակ գործող Սառնարանի գործարանը եւ նման հազար ու մէկ գործարաններ։ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք ինչո՞ւ համար պետութիւնը այդ բոլոր գործարանները վերականգնելով՝ ժողովուրդին հացի գումարի դուռ մը չբացաւ։ Հայրենասիրութիւնը իր տեղը ունի, սակայն, անձ մը, որ պարտաւոր է իր ընտանիքին ապրուստը հոգալ՝ ներգաղթ ու արտագաղթ չի ճանչնար եւ այսպէս է, որ ժողովուրդին թիւը նուազեցաւ: Այս ընթացքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ տարօրինակ ձեւով նոր սերունդը մեծաւ մասամբ կ՚ուզէ ձեւ մը գտնել երկիրը լքելու եւ արտասահման երթալու, որովհետեւ այդտեղ կեանքը աւելի զարգացած, աշխատանքի պայմանները՝ ինչպէս նաեւ կեանքի պայմանները շատ աւելի դիւրին ու գրաւիչ են: Այս մէկը կարելի չէ որպէս դաւաճանութիւն դիտարկել, որովհետեւ նոր սերունդին մօտ հայրենասիրական ջիղը գտնելը եւս դժուար է: 

Հիներն ու նորերը հաւասարապէս մեղաւոր են Արցախի կորուստի պահով, որովհետեւ զէնքի պակասէն բացի, զգացական բացը մեծ դեր ունի յաղթութեան ու պարտութեան մէջ: Այսօր կը խօսուի, որ Հայաստան բաւարարաչափ զէնք, զինամթերք չունէր պայքարելու. սակայն, 1990-ական պատերազմները ցոյց կու տան, որ այդ ժամանակ եւս Հայաստանի զէնքն ու զինամթերքը աւելի պակաս էր՝ քան հակառակորդը, սակայն, զէնքը չէ, որ յաղթութիւն արձանագրեց՝ այլ կամքը: Եթէ մերօրեայ հայը համեմատենք 1990-ական թուականներուն ապրող հայուն հետ, ապա պիտի տեսնենք, որ անոր հայրենասիրութիւնը աշնան տեսք ունի։ Երեսուն տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը իր անկախութեան մէջ իր լեզուն, իր մշակոյթը, իր ինքնութիւնը մշակելու եւ բիւրեղացնելու փոխարէն, աւելիով հեռացաւ եւ աւելիով աղաւաղեց այդ բոլորը։ Անցեալին պատրուակ կար, որ Խորհրդային Միութեան տակ ապրելով կամայ ակամայ մշակոյթ, լեզու եւ աւանդութիւններ կը խառնուին։ Բայց եւ այնպէս, պարզուեցաւ, որ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ ապրիլը պարզապէս պատրուակ է. նոյնը եղաւ նաեւ յետոյ՝ 1990-ականներէն ետք, երբ արդէն Խորհրդային Միութիւն չկար։ Անշուշտ, ժողովուրդէն ուզուածը դժուար բան մը չէ. երեսուն տարիներու ընթացքին դժուա՞ր էր «մոսթ»ը փոխել հայերէն կամուրջով… հայրենասիրութիւնը վերացական բաներէ անկախ, նման պարզ ու հասարակ սրբագրութիւններու մէջ է: 

Այդ բոլոր սխալները կը շարունակուին մինչեւ այսօր. ամենէն պարզ հարցը, որուն պատասխանը տակաւին չեմ գտած… Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս կան բազմահարիւր շինութիւններ, շէնքեր, որոնք անտէր վիճակի մէջ կը գտնուին. այսօր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կան բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք հայրենիք հաստատուելու երազն ու փափաքը ունին, պետութիւնը ինչո՞ւ որոշ աջակցութիւն չի ցուցաբերեր։ Ահաւասի՛կ, աւելի քան 120 հազար արցախահայեր անտուն եւ անօթեւան մնացին. ինչո՞ւ համար անտէր մնացած այդ շէնքերն ու շինութիւնները որպէս օթեւան չեն ծառայեր անտուն եւ անօթեւան մնացած հայութեան: 

Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերջին տասը տարուան հարցերէն ետք բազմաթի՜ւ հայորդիներ հնարաւորութիւնը գտան երթալու դէպի Գանատա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա. ինչո՞ւ համար այդ ժամանակամիջոցին հայրենիքը հայրենադարձութեան մեծ արշաւ մը սկսելով չյաջողեցաւ զանոնք հայրենիք վերադարձնել. 1940-ական թուականներուն Խորհրդային Միութեան յաջողածը՝ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չյաջողեցաւ: 

Նման ընթացքով մեր պետութիւնը կրնայ ամբողջ երկիրը կորսնցնել, որովհետեւ տարուած է ներքին մանրուքներով, ներքին ըսի-ըսաւներով. տարուած է հարցերով՝ որ ո՛չ ժողովուրդին ապրելակերպը կրնայ բարելաւել եւ ոչ ալ երկրի ապագայ վիճակը փրկել: Նոյն յանկերգը կը լսենք. նախկինները գողցան. իրականութիւն է, որ չգողցող կառավարութիւն գոյութիւն չունի՝ ներառեալ նախկիններն ու ներկաները։ Ամերիկայի մէջ ալ կը գողնան, Եւրոպայի մէջ ալ, սակայն, խնդիրը գողնալը չէ։ Շատ մը պետութիւններ իր ժողովուրդը կը հարստացնէ եւ անոր հարստացումէն ստացուած հարկերէն կը գողնայ, մեր պարագային հարուստ ժողովուրդ չենք, սակայն, դարձեալ գողութեան ենթակայ կը դառնանք: 

Նախկիններն ու ներկաները իրարու հետ գումարելով կը ստանանք մեծ զերօ մը. թէ՛ նախկինը եւ թէ ներկան նոյն թիւը ունին՝ որոնց պատասխանը գումարես՝ զերօ մը կը ստանաս: 

Երբ ուրիշ պետութիւններ կը բարգաւաճին, մենք զբաղինք Քոչարեանի դրամներով, Սարգիսեանի յայտարարութիւններով եւ Փաշինեանի անիմաստ ճիչերով: 

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պատմութեան մեծ դէպքերը ունին առանձնայատկութիւն մը. անոնք չեն հասկացուիր, չեն գնահատուիր ըստ արժանիքի ժամանակակիցներու կողմէ: Պատմութիւնը մեծ է, լայն ու խոր, իսկ մարդկային միտքը՝ թոյլ ու սահմանափակ: Ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի յանկարծակիի բերուած միտքերը կարողանան մարսել եւ իւրացնել անցած եղելութիւնը:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026