ԲԺԻՇԿ ՔՐԻՍՏՈՍ

«Հաւատքով կատարուած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը եւ Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ». (ՅԱԿՈԲ. Ե 15)։

Ինչպէս որ Տէր Յիսուս Քրիստոս, բժիշկ մեր հոգիներուն եւ մեր մարմիններուն, անդամալոյծին մեղքերը ներեց եւ մարմինի առողջութիւնը վերադարձուց (ՄԱՐԿ. Բ 1-12), Ան ուզեց նաեւ, որ Իր Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ բուժումի եւ փրկութեան Իր գործը շարունակէ իր անդամներուն մօտ։

Այս նպատակը կը հետապնդեն բուժումի երկու սուրբ խորհուրդները՝ «Ապաշխարութեան խորհուրդ»ը եւ «Հիւանդներու օծում»ը՝ անոնց համար կատարուած աղօթքները։

Այս գործընթացը ունի իր խորունկ-խորհրդաւոր պատճառները։ Արդարեւ, սուրբ խորհուրդներուն իւրաքանչիւրին մէջ Քրիստո՛ս է, որ կը գործէ։ Ան «մեղաւոր»ներուն իւրաքանչիւրին անձնապէ՛ս կ՚ուղղէ խօսքը.

«Որդեա՛կ իմ, մեղքերդ ներուած են». (ՄԱՐԿ. Բ 5)։

Քրիստոս, Ի՛նք այս բժիշկն է, որ Իրեն պէտք ունեցող հիւանդներէն իւրաքանչիւրին վրայ կը հակի զանոնք բուժելու համար, քանի որ պէտք ունին Իրեն. (ՄԱՐԿ. Բ 17)։ Արդարեւ, Ինք կը վերականգնէ զանոնք եւ վերստին կ՚ընդունի եղբայրական հաղորդութեան մէջ։

Քրիստոսի հիւանդներուն հանդէպ կարեկցութիւնը եւ ամէն տեսակ ախտաւորներու վրայ (ՄԱՏԹ. Դ 24) Իր կատարած բազմաթիւ բուժումները բացայայտ նշանն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին» (ՂՈՒԿ. Է 16) եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտալուտ է։ Յիսուս Քրիստոս իշխանութիւնը ունի ո՛չ միայն բուժելու, այլ նաեւ մեղքերը ներելու (ՄԱՐԿ. Բ 5-12)։

Քրիստոս եկած է բուժելու ամբողջական մարդը՝ հոգի եւ մարմին։ Ան բժիշկն է՝ որուն կարիքը ունին հիւանդները։ Բոլոր տառապողներուն՝ հիւանդներուն հանդէպ Անոր կարեկցութիւնը կ՚երթայ այնքան հեռու, որ Ինքզինք անոնց հետ կը նոյնացնէ. «Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36)։ Իր նախասիրութիւնը հիւանդներուն, ախտաւորներուն, վշտաբեկներուն հանդէպ դարերո՜ւ ընթացքին շարունակեց քրիստոնեաներուն մասնայատուկ հետաքրքրութիւնը արթնցնել բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը չարչարուին իրենց մարմինին եւ հոգիին մէջ։

Ասիկա մեկնակէտն է զանոնք սփոփելու համար կատարուող անխոնջ ջանքերուն։

Արդարեւ, մարդկային բնութեան մէջ կան եւ կը շարունակեն մնալ մեղքի եւ ընդհանրապէս սխալանքի, շեղումներու կարգ մը աստենական հետեւանքները. ինչպէս՝ տառապանքը, ցաւը եւ վիշտը, հիւանդութիւնը, մահը եւ կամ կեանքին յարակից եղող մարդկային բեկուն բնութիւնը, նկարագրի տկարութիւնները, եւ այլն, ինչպէս նաեւ հակումը դէպի մեղքը՝ որ աւանդաբար կը կոչուի «ցանկութիւն» կամ փոխաբերաբար «մեղքին բոցարան»։ Անոր դէմը պայքարելու համար մեր մէջ դրուած «ցանկութիւն»ը անկարող է վնասելու անոնց՝ որոնք զինք մերժելով՝ արիաբար կը դիմադրեն Քրիստոսի շնորհքով։ Մանաւանդ թէ. «Ո՛վ որ մարտնչի ըստ օրէնքի՝ անիկա պսակի պիտի արժանանայ» (Բ. ՏԻՄ. Բ 5)։

Եւ այս խորհրդածութիւնները մեզի ցոյց կու տան, թէ՝ հիւանդութիւնները ո՛չ թէ «ճակատագիր» եւ կամ «պատիժ», այլ կատարուած սխալի մը, կամ բնական-օրինաւոր կեանքի ընթացքէն շեղումի մը հետեւանք են, եւ եթէ կ՚ուզէք ըսել. «մեղք»ի հետեւանք են։ Հարցին դրական եւ գիտական մօտեցումը այս մտածումը կը պահանջէ, քանի որ ասիկա «պատճառ-արդիւնք» դրութեան հետեւա՛նք է։

Ուստի, Քրիստոս յաճախ կ՚ուզէ հիւանդներէն, որ հաւատա՛ն։

Բուժելու համար՝ կ՚օգտագործէ նշաններ. թուք եւ ձեռնադրում (ՄԱՐԿ. 32-36, Ը 22-25), ցեխ եւ լուսացում (ՅՈՎՀ. Թ 6-15)։

Հիւանդները կը փորձեն դպչիլ Անոր (ՄԱՐԿ. Գ 10, Զ 56). «Որովհետեւ ուժ մը կ՚ելլէր Անկէ եւ կը բուժէր զանոնք» (ՂՈՒԿ. Զ 19)։

Սուրբ խորհուրդներուն մէջ ալ՝ Քրիստոս կը շարունակէ «դպչիլ» մեզի, բուժելու համար մեզ։

Եւ այս Աւետարանական ճշմարտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այն խօսքը, թէ՝ բժիշկներ Աստուծոյ մատներն են երկրի վրայ։ Եւ նաեւ, բժիշկներուն յանձնարարած եւ դեղագրած դեղեր՝ միջոցներ Աստուծոյ բուժիչ զօրութեան։

Յուզուած այնքան տառապանքներու դիմաց, Քրիստոս ո՛չ միայն թոյլ կու տայ, որ հիւանդները դպչին Իրեն եւ օգտագործուին Անոր «նշան»ներէն, այլ անոնց խեղճութիւնները եւ ցաւերը կը սեփականացնէ.

«Ան մեր տկարութիւնները առաւ եւ մեր հիւանդութիւնները կրեց» (ԵՍ. ԾԳ 4), (ՄԱՏԹ. Ը 17)։

Ան բոլոր հիւանդները չբուժեց։ Անոր բուժումները նշաններ էին Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին։ Անոնք աւելի արմատական բուժում մը կ՚աւետէին. յաղթանակը մեղքին վրայ եւ մահուան՝ Իր Զատիկով։ Խաչին վրայ Քրիստոս կրեց (ԵՍ. ԾԳ 4-6) ամբողջ ծանրութիւնը «չար»ին եւ վերցուց «աշխարհի մեղքը» (ՅՈՎՀ. Ա 29), որուն մէկ հետեւանքն է հիւանդութիւնը։

Քրիստոս Իր չարչարանքով եւ մահով Խաչին վրայ, նոր իմաստ մը տուաւ տառապանքին, ցաւին եւ վիշտին, ան այսուհետեւ կարո՛ղ է մեզ «կերպարանակից» ընել Իրեն եւ մեզ միացնել Իր փրկչական չարչարանքին։

Սաղմոսերգուն կ՚երգէ. «Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ եւ Քու բարկութիւնովդ մի՛ խրատեր։ Ո՛վ Տէր, ողորմէ ինծի, վասնզի տկար եմ ես, զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասնզի ոսկորներս կը սարսափին» (ՍԱՂՄ. Զ 1-2)։ Իսկ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի բժշկութեան համար կ՚աղօթէ իր սրտի խորերէն Աստուծոյ. «Ահա՛ հոգիիս կարկամած բացուկները Քու անունիդ կը կարկառեմ, ո՛վ Հզօր, առողջացո՛ւր զայն…» (ԲԱՆ ԺԸ)։

Քրիստոս կը հրաւիրէ Իր աշակերտները հետեւելու Իրեն, իրենց կարգին իրենց Խաչը առած (ՄԱՏԹ. Ժ 38)։ Հետեւաբար, Անոր հետեւելով, անոնք հիւանդութեան եւ հիւանդներուն նկատմամբ նոր ըմբռնում մը կը ստանան։

Սուրբ Հոգին ոմանց բուժելու յատուկ պարգեւաշնորհքը կու տայ (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9, ԻԸ 30), յայտնելու համար Յարուցեալին շնորհքին ուժը։ Սակայն ամենաջերմ աղօթքներն անգամ ամէն հիւանդութեան բուժումը չեն ստանար։ Այսպէս՝ Պօղոս առաքեալ պիտի սորվի Տիրոջմէ, թէ. «Շնորհքս բաւական է քեզի. որովհետեւ զօրութիւնս կը կատարուի տկարութեան մէջ» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9) եւ թէ կրելիք տառապանքները կրնան նշանակել, թէ. «Ես մարմինիս մէջ կը լրացնեմ ի՛նչ որ կը պակսի Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Անոր Մարմինին համար, որ է Եկեղեցին». (ԿՈՂ. Ա 24)։

«Հիւանդները բուժեցէ՛ք». (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ հաստատ եւ աներկբայ աղօթքով դիմենք Յիսուսի, անպայման պիտի բժշկուինք, քանի որ Ան բժի՛շկ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 6, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025