Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ… (Ա.)
Մի քանի օրեր առաջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր գործընկերներէն Վարանդին հետ ներկայ գտնուեցանք «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին» խորագրեալ բանախօսութեան, այն սպասումով, որ ըլլայ անաչառ պատմական վերլուծութիւն մը՝ ինչ որ հեռու էր մեր ակնկալութենէն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական դերը թերագնահատելով՝ ներկաներէն մին հետեւեալ հարցը բարձրացուց. «Կրնա՞ք երեք բարիք յիշել, որ եկեղեցին կատարած է մեր ազգին». հազար ու մէկ դժուարութեամբ, բան մը ըսելու սիրոյն հազիւ մէկ կամ երկու բարիք կրցաւ գտնել «մեծարգոյ» դասախօսը:
Լաւապէս կը հասկնանք, որ պետութիւնը (ինչպէս իրենք կ՚ըսեն) ատելութիւն ունի որոշ եկեղեցականներու՝ մասնաւորաբար Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդէպ. նոյն այդ ատելութենէն կը տառապին նաեւ ուրիշներ, սակայն, մենք լաւապէս կը գիտակցինք, որ այդ անձերու ճամբով ընդհանուր եկեղեցւոյ հանդէպ ատելութիւն մըն է, որ սկիզբ առած է ու կ՚առնէ եւ այդ անձերուն ճամբով եկեղեցւոյ կործանումն է, որ կը ծրագրաւորուի: Կառավարութեան՝ մասնաւորապէս Փաշինեանի եկեղեցւոյ դէմ հալածումները ուժ տուին բոլոր անոնց, որոնք կաս-կածի տակ դրած են ու կը դնեն եկեղեցւոյ դերն ու արժէքը:
Այսօր եկեղեցին հալածող «հայերէնասէր»ները շատ են՝ որոնք չեն գիտակցիր, որ այսօր հայ ժողովուրդին, հայերէն լեզուին պատճառը ինքնին Հայ Առաքելական Եկեղեցին է: Եթէ իրապէս մարդիկ մտահոգ են, թէ ինչ բարիք կատարած է հայ եկեղեցին մեր ազգին համար՝ սկսինք հաշուել.
Ա.- ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅՈՒՆ ՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ.- Հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մեծագոյն գործը եղած է հայերէն գիրերու ստեղծումը։ Անշուշտ, շատեր կ՚ուզեն այս մէկը եկեղեցիէն հեռացնել եւ այդ մէկը անհատական՝ վերագրել Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցականի աշխատանքին, տալով այն համոզումը, որ «եղած են անհատ եկեղեցականներ, որոնք բարիք եղած են հայ ժողովուրդին». սակայն ո՛չ թէ զգացողութիւնն ու սէրն ու ատելութիւնը, այլ պատմութիւնն է, որ կը մնայ որպէս փաստ: Եկեղեցին ի՛նք է, որ առաջին անգամ ունեցաւ այն գիտակցութիւնը, որ եթէ հայ ժողովուրդը չունենայ իր սեփական գիրն ու գրականութիւնը, տակաւ առ տակաւ պիտի ձուլուի օտարութեան մէջ. Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը իր «Ազգապատում» աշխատութեան Ա. հատորին 199-րդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Եթէ Հայոց Եկեղեցին իրեն յատուկ գիրն ու գիրքերը չունենար, երբեք պիտի չկարենար իբր ինքնուրոյն եկեղեցի իր գոյութիւնը ապահովել եւ պէտք էր որ ձուլուէր եւ ընկղմէր որեւէ մէկ եկեղեցւոյ մէջ, որուն լեզուն ու գիրն ու գիրքը իրեն համար գործածական պիտի ըլլային»։ Պատրիարքը շարունակելով կ՚ըսէ. «Հայը եթէ չունենար իր գիրն ու գրականութիւնը, որ իբրեւ խարիսխ յուսոյ եւ իբրեւ հիմ հաստատութեան, անոր ապաւէնն եղաւ իր ալեծուփ վտանգներուն եւ իր ցրուած եւ վայրավատին կեանքին մէջ, այսօր հազիւ թէ Հայ ազգի մը յիշատակը մնացած կ՚ըլլար»:
Անշուշտ, Պատրիարք հայրը վերացական ու երեւակայական բաներ չի գրեր. այս բոլորին մեծագոյն օրինակը Պարթեւները, Ասորեստանցիները եւ այլ մեծ ազգերն են՝ որոնք այսօր լոկ յիշատակ են մարդկութեան պատմութեան մէջ:
Առ այդ, եթէ մարդիկ իրապէս մտահոգուած են, թէ եկեղեցին ի՞նչ կատարած է հայ ազգի համար. պատասխաններէն առաջինը շատ պարզ ու յստակ է. «Սահակի եւ Մեսրոպի խորաթափանց տեսութիւնը նշմարեց քաղաքական կեանքի քայքայեալ վիճակը, նախատեսեց ազգին սպառնացուած կորուստը, մարգարէական ոմն հոգւով զգաց ապագային ապահովութեան պէտքը, կազմեց գիրերը, ստեղծեց գրականութիւն եւ ՓՐԿԵՑ մեր ապագան: Այսօր եթէ Հայ կայ, աւելի քան Հայկայ արիւնը, Սահակի եւ Մեսրոպի միտքն է անոր կեանք տուողը եւ այդ մեծ բարիքն ալ եկեղեցւոյ ծոցէն ծնաւ»:
Անշուշտ, կ՚ուզենք այստեղ «անհատ եկեղեցականներու» բարիքները քարոզողներուն ալ ըսել ճշմարտութիւն մը. Սահակ եւ Մեսրոպ որպէս «անհատ» մինակ չաշխատեցան։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ անոնք իրենց շուրջ հաւաքեցին եկեղեցականներ, որոնք ամէն գնով աշխատեցան այդ գիրն ու գրականութիւնը ստեղծելու եւ տարածելու սրբազան առաքելութեան մէջ. պատմութիւնը ի՛նք կը վկայէ, թէ «եկեղեցին էր, որ հովանաւորեց այս գործը. եկեղեցականներն էին, որ նուիրուեցան ազգաշէն մեծ գործին»:
Եթէ կայ պատմաբան մը եւ կամ մտաւորական մը կրնայ հակառակը փաստել եւ ժխտել այս ճշմարտութիւնները՝ թող հրամմէ: Իսկ եթէ այս բոլորը ճշմարտութիւն է, ապա ինչպէ՞ս կը համարձակին ոմանք ըսել, թէ եկեղեցին լոկ «հոգեւոր» կառոյց է եւ պէտք է զբաղի լոկ հոգեւորականութեամբ։ Սիրելի պատմաբան, եթէ եկեղեցականները զբաղէին լոկ հոգեւորականութեամբ, ապա այսօր ո՛չ դուն եւ ո՛չ ալ ես հայ կրնայինք ըլլալ. ձուլուած կ՚ըլլայինք պարսիկներու եւ կամ այլ ազգերու միջեւ. հետեւաբար հայրենասիրութեամբ երբ հայ ըլլալդ բարձրաձայնես, անպայման յիշէ՛, որ այդ հայութեանդ մէջ իր մեծ ու անժխտելի դերը ունի եկեղեցին:
Այս փաստը կ՚ուզեմ աւարտել դարձեալ Օրմանեանի խօսքով. «Տասնուհինգ դարու մարտիրոսական նեղութիւններէ ետքը, եթէ այսօր տակաւին հայ կայ եւ հայութիւն կայ, եթէ մտաւորական կենաց յաջողակ եւ քաղաքական կենաց ընդունակ սերունդ մը՝ ազգ մը՝ ընդհանուր աշխարհի զարմանքը կը գրաւէ, զայն պէտք է իրաւամբ Սահակի եւ Մեսրոպի անմահական գործին արդիւնքը ճանչնալ»:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգ մը առանց լեզուի եւ գրականութեան ինչքա՞ն կրնայ գոյատեւել:
Պատասխան. Ազգ մը առանց լեզուի եւ գրականութեան երկար չի կրնար գոյատեւել, որովհետեւ լեզուն եւ գրականութիւնը ազգի ինքնութեան եւ մշակոյթի հիմնասիւներն են: Լեզուն միախմբող ուժ է, որ սերունդները կը միացնէ, իսկ գրականութիւնը արտացոլացումն է ազգին: Երբ ազգ մը կորսնցնէ իր լեզուն ու գրականութիւնը, ան կը սկսի կորսնցնել իր ինքնութիւնը եւ կը դառնայ մաս մը այլ ազգերու մէջ: Ազգի մը գոյութեան պատճառը լեզուն ու գրականութիւնն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան