ԹԵՐԱՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆ

Թերահաւատութիւնը յայտնեալ հաւատքին եւ ճշմարտութեան հանդէպ անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնն է կամ կամովին մերժումն է զայն ընդունելու։

Մեղքը վիրաւորանք մըն է Աստուծոյ հանդէպ. մեղքը վիշտ կը պատճառէ, ինչպէս որդիի մը սխալանքը վիշտ կը պատճառէ իր հօր. կը վշտանայ սակայն երբեք ոխակալ չէ, այլ միշտ պատրաստ է ներելու։ Աստուած ալ՝ երկնային Հայրը կը վշտանայ, բայց մի՛շտ ներող է իր մեղաւոր որդիներուն հանդէպ։

Քրիստոսի ողորմածութիւնը մեղքին կը յաղթէ, այն մեղքը՝ որ լաւագոյն ձեւով կը յայտնէ իր բռնութիւնը եւ բազմապիսի երեսը, որոնցմէ է թերահաւատութիւնը։ Խաւարին եւ «այս աշխարհի իշխան»ին ժամուն մէջ իսկ, Քրիստոսի զոհը կ՚ըլլայ գաղտնօրէն այն աղբիւրը՝ ուրկէ անսպառ կերպով պիտի ժայթքէ ներումը մեր մեղքերուն։

Այս աշխարհի վրայ մեղքը անպակաս է, բայց Աստուծոյ ներողամտութիւնն ալ երբեք չի պակսիր։ Եւ այս կը նշանակէ, որ թերահատութիւնն ալ կը ներուի, եւ ներուած թերամտութիւնը հաւատքի զօրացման պատճառ մըն է։

Այս ներողամտութիւնը կը տեսնենք աւելի եւս Թովմաս թերամտութեան պարագային երբ նախ ըսաւ. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ եւ մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ չեմ հաւատար». (ՅՈՎՀ. Ի 25), իսկ երբ Յիսուս անոր ըսաւ. «Մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ». (ՅՈՎՀ. Ի 27)։ Վերջապէս Թովմաս հաստատեց. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս». (ՅՈՎՀ. Ի 28)։

Արդարեւ, Կրկնազատիկի կիրակին, կամ Նոր կիրակին, Եկեղեցւոյ հայրեր կը կոչեն նաեւ «Թովմասի կիրակի», զայն վերագրելով կիրակի երեկոյեան կարդացուած արձակման Աւետարանին. (ՅՈՎՀ. Ի 26-31), ուր կը պատմուի Թովմաս առաքեալի վերոյիշեալ պատմութիւնը։

Թերահաւատութիւնը երկմտութեան, տարակուսելով ճշմարտութիւնը կամաւոր կերպով մերժելու վիճակ մըն է։ Թովմաս այս վիճակին մէջ Քրիստոսի Յարութեանը նկատմամբ թերահաւատութիւն արտայայտեց, բայց երբ աչքովը տեսաւ հաւատաց եւ զօրաւոր հաւատքով ըսաւ. «Իմ Տէրս, իմ Աստուածս»։

Թերամտութեան այս վիճակը «բարի երկմտութիւն» կ՚անուանեն Եկեղեցւոյ հայրեր։ Արդարեւ, մարդ, որպէս թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունեցող արարած, միշտ կրնայ սխալիլ, երկմտիլ, տարակուսիլ, թերահաւատութիւն ցոյց տալ, բայց երբ ան կ՚անդրադառնայ իր սխալին եւ կը հաւատայ, այդ թերահաւատութիւնը առիթ կ՚ըլլայ զօրաւոր հաւատքի, ապա ուրեմն ան «բարի երկմտութիւն» է։ Մարդիկ յաճախ տեսանելի, շօշափելի փաստեր, ապացոյցներ կը փնտռեն հաւատալու համար։ Եւ ճիշդ այդ պահուն է, որ մարդ պատճառներ կը փնտռէ հաւատալու համար եւ կ՚երկմտի, տարակոյսներու մէջ թերհաւանութեան կ՚առաջնորդուի։

Մարդ, քանի որ «բանաւոր էակ» է, կ՚ուզէ հասկնալ ճշմարտութիւնը եւ երբեմն միտքը կը կանխէ սիրտը՝ հոգին։ Այս իմաստով, ահաւասիկ մարդ կարելի է, որ փնտռէ պատճառներ, փաստեր, բայց անոնց պատասխանը եւ արդիւնքը պէտք է ըլլայ զօրաւոր եւ հաստատ հաւատք, որ «հաւատացեալ»ի ստուգանիշն է։

Քրիստոս Լոյս է, որ մեզի ցոյց կու տայ ճշմարտութիւնը, եւ երբ յառաջանանք այդ Լոյսով՝ կը հասնինք առանց վարանումի, առանց երկմտութեան ճշմարտութեան։ Այդ լոյսը թող վառ մնայ եւ փայլի մեր սիրտերուն մէջ եւ քաջութիւնը ունենանք հաւասարակշռելու եւ ներդաշնակելու միտքը եւ սիրտը։

Հոս դարձեալ կը յիշենք Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէտք է հասկնալ հաւատալու համար, եւ պէ՛տք է հաւատալ հասկնալու համար։ Ուստի, հաւատքը որեւէ փաստի եւ ապացոյցի չի կարօտիր, քանի որ երբ կ՚ապրի, կեանք կը վայելէ՝ այդ կեանքը արդէն բաւարար է փաստելու հաւատքը եւ անդրադառնալու ճշմարտութեան։ Եւ քանի որ կ՚ապրիմ, ապա ուրեմն կը հաւատամ. կեանքս արդէն անվիճելի, անուրանալի ապացոյցն է հաւատքին։ Ուստի, պարտինք հաւատքը սնուցանել եւ պահպանել խոհեմութեամբ եւ արթնութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 7, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025