ՏԻՊԱՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ

Մարդ ի բնէ բարի է, քանի որ Աստուած երբեք չար չի ստեղծեր։ Քրիստոնեան ալ՝ որպէս մարդ բարի է։ Բայց չի բաւեր «Քրիստոնեայ» կոչուիլ, այլ պէտք է քրիստոնէավայել գործել եւ քրիստոնեայ ապրիլ եւ իր իսկ կենցաղով ճանչցուի «Քրիստոնեայ»։ Արդարեւ, մարդուս ճշմարիտ այցետոմսը ո՛չ թէ իր անունը կամ հասցէն է, այլ իր գործը եւ իր ամբողջ կենցաղը։ Այս ուղղութեամբ՝ քրիստոնեան «քրիստոնեա՛յ» է իր իսկ կեանքով։ Եւ քրիստոնեան «քրիստոնեա՛յ» է, երբ տիպար կը հանդիսանայ իր իսկ կեանքով, իր իսկ գործունէութեամբ։

Ուստի, ո՞վ է քրիստոնեան։

«Քրիստոնեայ» է այն մարդը՝ որ արդարամիտ է եւ անաչառ ամէնուն հանդէպ։ Այն՝ որ երբեք անիրաւութիւն չ՚ըներ. չորցած ճիւղի համար ծառը արմատէն չի կտրեր, վարդը չ՚արհամարհեր անոր ունեցած փուշերուն պատճառաւ։ Այն՝ որ բարձրագոյնը չի զոհեր նուաստագոյնին. իր կեանքին համար կ՚ընտրէ լայնահորիզոն վերելքի ճամբան։

Տիպար քրիստոնեայ է այն մարդը՝ որ գողութիւն չ՚ըներ. իրեն վստահուած գաղտնիքը չի հրապարակեր, իր հոգիի քաղցր գինին չի փոխեր դառն քացախի։ Ան, երբեք ծառան չի դառնար դրամի, այլ տիրաբար կը գործածէ զայն բարի նպատակներու, եւ իրեն տրուած բարիքներուն հանդէպ երախտագիտութիւն կը ցուցնէ։

Տիպար քրիստոնեան ամեղները չի զրպարտեր, տիեզերքի վեհութեան հանդէպ հիացում եւ բնութեան գեղեցկութեան հանդէպ անհո՜ւն սէր ունի եւ նուիրական բաները թեթեւութեամբ չ՚անարգեր։ Ան գիտէ իր ժամերը առաւելագոյն չափով օգտակար եւ հաճելի դարձնել. պատկառանքով կը կենայ բնութիւնը վարող օրէնքներուն ցուցադրած իմաստութեան դիմաց՝ միշտ դէպի լաւագոյնը, բարին եւ ճշմարիտը կը ձգտի։ Տիպար քրիստոնեան երբեք իր լեզուով մարդ չի վիրաւորեր, նաեւ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ վեր կը պահէ։

Քրիստոնեայ մարդը ճշմարտախօս է, եւ մա՛րդ չի խաբեր. կը յարգէ իր խոստումը, խարդախութիւն չ՚ըներ եւ իր խղճի ձայնը լռութեան չի դատապարտեր, ուրիշներուն իրմէ առաջ տնկած արդիւնաւէտ տունկերը կը խնամէ։ Ան խղճամիտ է։

Քրիստոնեան կը ծառայէ իր «ընկեր» մարդուն, ան հաւատարիմ է իր բարեկամին։ Ան չարամիտ ծաղրանքներով չի վշտացներ իր նմանները եւ իր օրերը ծուլութեամբ ի զուր չի վատներ։ Իրաւունքը կաշառքին չի զոհեր, կեղծաւորութիւն չ՚ըներ։ Միշտ բարեմիտ է եւ ճշմարտասէ՛ր։

Ան չի փակեր իր աչքերը՝ փաստելու համար, թէ աշխարհի մէջ լոյս գոյութիւն չունի։ Ան գիտէ, որ աչք փակելով լոյսը խաւարի չի փոխուիր։ Հրաշքի կարօտ չէ ան. հաւատարիմ եւ համբերատար է եւ հանրութեան շահը կը գերադասէ իր անձնական շահէն։ Քրիստոնեան իր հոգին իր մարմինին ծառայ չ՚ըներ, ուրիշներու գործին անտեղի միջամտութիւն չի կատարեր։ Ան չի հայհոյեր, իր նեղ օրերուն չի յուսահատիր, չի վհատիր։ Կ՚ընդունի իր յանցանքը եւ ուրիշներու յանցանքներուն ետին չ՚ապաստանիր։

Քրիստոնեան յոռետես չէ՛. ան «յօնք շինելու յաւակնութեամբ աչք հանել»ու սխալը չի գործեր։ Իր սրտին մէջ նախանձ չի սնուցաներ։

Ան գիտէ, որ նախանձի բուժումը սէ՛րն է։ Առատութեան մէջ չի շուայտանար, ուրիշներու բարեյաջող գործերը տեսնելով կ՚ուրախանայ։ Որկրամոլութիւն չ՚ըներ. կը նախընտրէ ուղիղ քանակը ծուռ քանակէն։ Չարախօսութիւն չ՚ըներ մարդոց մասին՝ ան չի բամբասեր, չի նախատեր՝ չ՚ատեր ո՛չ մէկը, նախատինք չի գիտեր. իր ականջները չի բանար բամբասանքի առջեւ. կը խորշի ամէն տեսակ չափազանցութիւններէն եւ իր ունեցածէն բաժին կը հանէ չունեցողներուն. չարագործներուն չի միանար, չի միաբանիր։

Չքմեղանքներ չի կատարեր իր յանցանքները վրայէն նետելու համար. երկու չափ եւ երկու կշիռ չի գործածեր՝ իր պարտականութիւնները չ՚անտեսեր եւ առաւելութիւններով չի հպարտանար, չի պարծենար եւ պատիւը չի փոխեր փառքի հետ։ Կ՚ատէ ստախօսութիւնը. կը ջանայ սփոփել, մխիթարել լացողը։

Ան վնասարար մարդերը չի քաջալերեր։ Իր ունեցած տաղանդը կ՚արժեւորէ լիուլի. չի տրտնջեր իր տաղանդին տարողութեան դէմ։ Լոկ ի ցոյցս մարդան չի կատարեր իր գործերը։ Ո՛չ թէ բարի կարծուելու համար, այլ բարին գործելու համար կ՚օգնէ իր նմաններուն։ Չար ցանկութիւններ, չար մտածումներ չեն սնուցաներ զինք եւ քսութեան խօսքերով մէկը միւսին դէմ չի թշնամացներ, այլ միշտ խաղաղութիւն կը սերմանէ։ Ան անսակարկ կ՚օգնէ իր ընկեր-բարեկամ մարդուն, խտրութիւն չի դներ օգնելու համար, եւ իր բերանը կը բանայ միշտ օրհնութեամբ…

Իր հոգիին սնունդն է սէ՛րը, եւ երբեք չի՛ հրաժարիր Սիրոյ Օրէնքէն…

Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 9, 2025