ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՋՈՒՐԸ
Մարդկային կեանքը կը նմանի ջուրի. կեանքին ընթացքը եւ ջուրի հոսանքը համանման տեսարան մը կը ներկայացնեն։ Ջուրի հոսանքը երբեմն «մեռելական թափօր» մը կը ներկայացնէ. կը հոսի դանդաղօրէն կախերես, անխօս եւ տխո՛ւր։ Կարծես ջուրի հոսանքը ձգած է իր զուարթութիւնը, խանդավառութիւնը եւ մտած է խոր սուգի մէջ։ Կեանքն ալ այնպէս չէ՞. ուրախութիւններու եւ տխրութիւններու ընթացք մը։ Եւ այս ընթացքին մէջ ուրախութիւնը եւ սուգը կամ տխրութիւնը բնութեան աններդաշնակ իրականութի՛ւն մըն է։
Մարդ, ընդհանրապէս կը հանդուրժէ տխուր վիճակներու, կը տոկայ, կը դիմադրէ, սակայն չի սիրեր տեսնել տխրութիւնը տեսնել եւ ապրիլ բնութեան մէջ։
Արդարեւ, «տխուր տեսարան» մը՝ տխուր միջավայր մը կրնայ վրդովել եւ ներշնչել բանաստեղծի մը հոգին՝ որ անոր տխրութեան բացատրութիւնը կը փնտռէ։ Բնութեան տխրութիւնը ներշնչում կը կատարէ՝ կ՚ազդէ, կը տպաւորէ մանաւանդ զգայուն հոգին եւ գործի կը լծէ նաեւ միտքը. եւ ահաւասիկ, ա՛յս է «հոգեմտաւոր» կացութիւնը։ Եւ երբ հոգին եւ միտքը միանան եւ գործակցին՝ «գաղափար» մը կը ստեղծեն։
Բայց բնութիւնը ի՞նքն է տխուր թէ՛ միայն «հայելի» մը ջինջ եւ յստակ՝ որ կը ցոլացնէ տխրութիւնը այն էակին, որ անոր մէջ կը նայի։ Սակայն ջուրի հոսանքին պարագան տարբեր է. ջուրը ինքնին ի բնէ «համր» է։ Ուրեմն, համրութենէ ինչո՞ւ խօսք, երգ կամ որեւէ արտայայտութիւն ակնկալել։ Բայց ջուրին հոսանքը տարբեր է. ջուրը «համր» է, իսկ ջուրին հոսանքը, որ լեզու, ձայն եւ երգ ունի, երբ լռէ՝ ո՛րքան մեծ յուսախաբութիւն կը պատճառէ։
Կարելի չէ՛ սիրել ջուրի հոսանք մը՝ որ սեւ հագած, լուռ եւ մունջ, անձայն եւ մութ կ՚ընթանայ։ Բայց կարելի է սիրել, բարեկամութիւն հաստատել ջուրի հոսանքի մը հետ՝ որ քարէ քար, անկիւնէ անկիւն ոստոստելով եւ զուարթ երգով կը վարէ իր ընթացքը։
Ջուրը եւ ջուրին հոսանքը տարբեր են իրենց ազդեցութեամբ նաեւ սապէս. ջուրը ինքնին քարը չի ծակեր, բայց ջուրի հոսանքը՝ կաթիլ կաթիլ յարատեւ հոսելով անոր վրայ՝ ժամանակի ընթացքին կը ծակէ քարը։ Արդարեւ, կայուն անշարժ ջուրը նաեւ անգործ է եւ անօգուտ, իսկ ջուրի հոսքը՝ գործող եւ օգտաբե՛ր։ Նոյնն է նաեւ մարդը՝ անաշխատը որեւէ օգուտ չ՚ունենար, իսկ աշխատողը, գործողը օգտակար է թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքապէս։ Եւ ահաւասի՛կ, այս իմաստով ջուրը՝ իր վիճակներով կը նմանի մարդուն վիճակներուն։
Հոսող ջուրին ընթացքին վրայ ամէն անգամ որ ցիրուցան մեծ կամ փոքր քարերու հանդիպի, իր վէրքերովը կը կերտէ իր «երգ»ին խազերը։ Պղպջակներ եւ փրփուրներ իր «քնար»ին լարերը կ՚ըլլան։ Կամ, երեւակայական նմանողութեամբ մը, քարերը կ՚ըլլան այն փոքր ցցուն «գամեր»ը, որոնց հանդիպելով երաժշտական տուփի մը զսպանակները որոշ խազ մը կը հնչեցնեն եւ յաջորդական խազերու հնչումովը քաղցրալուր «մեղեդի» մը կը ստեղծեն։
Ջուրին հոսանքին ալ իբր թէ զսպանակներու անվերջ շարք մը ըլլար, որ քարերուն զարնուելով «նուագ» եւ «երգ» կ՚արտադրէ՝ ուշադիր եւ զգայուն ունկնդրողի մը ականջներուն համար, աւելի դիւթական՝ քան որեւէ երաժշտութիւն։
Արդարեւ, ամէն քար իր դիրքովը եւ չափովը տարբեր խազեր կը հնչեցնէ եւ ի՛նչպէս մարդը։
Մարդն ալ նպատակի մը՝ վախճանի մը կը դիմէ։ Մարդն ալ կեանքի ճամբուն վրայ «քարեր»ու կը զարնուի, իր ցաւերը, դժուարութիւնները կ՚ունենայ, նեղութիւններու եւ անել ճամբաներու կը հանդիպի, կու լա՞յ, սակայն, կ՚երգէ։ Կեանքի մէջ տեսնուած է, թէ երկուքն ալ ընողներ կան՝ մարդէ մարդ կը տարբերի. ոմանք զօրաւոր են, իսկ ոմանք՝ տկա՛ր։ Ոմանք երեսնին կը սեւցնեն, խաւարին կը յանձնուին, քէն կ՚ընեն մարդոց եւ կը հեռանան անոնցմէ, եւ Աստուծոյ դէմ իսկ ոմանք ալ, ճիշդ հոսող ջուրին նման, քարերու վրայէն ոստոստելով իրենց ընթացքը կը վարեն մինչեւ որ նպատակին՝ վախճանին հասնին։
Երանելի՜ են անոնք՝ որոնք կեանքի դժուարութիւնները քաջութեամբ կը դիմաւորեն եւ կը յաղթեն աշխարհին։ Կեանքի պայքարին մէջ քաջութեամբ յաղթանակ ձեռք ձգել՝ կեանքի յաղթանա՛կ է։ Եւ ուրեմն, զօրաւոր հաւատքը՝ ուրախութիւն կը պատճառէ, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Ուրախ եղէք, նորէն կ՚ըսեմ, ուրախ եղէք»։
Մեծագոյն ուրախութիւնը յաղթանակի մէջ է. անոնց է՝ որոնք դժուարութիւններու քարերուն վրայէն ոստոստելով կը յառաջանան, չարին բարիով կը յաղթեն, անիրաւ խօսքի, արարքի եւ վարմունքի կը համբերեն, կը լռեն, կը հանդուրժեն, սրտին նեղ տեղերը կը լայնցնեն, ոպէսզի չբարկանան, քէն չընեն, չդառնանան, չատեն։
Ուրախ ըլլալ՝ Աստուծոյ մեծ շնո՛րհքն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 6, 2025, Իսթանպուլ