ՊԱՐԹԵՒԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ

Մեր համայնքի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ իսկական վայելք մը եղաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Սիւլէյման Սեպա» կեդրոնին մէջ։ Իսկապէս խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։ Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր մասնակցեցան համերգին, որու յայտագիրը Պարթեւի կողմէ գործադրուեցաւ երկու բաժինով։

Ինչպէս միշտ, Պարթեւ իր մեկնաբանական ոճով ու վարպետութեամբ յաջողեցաւ ունկնդիրներուն հետ վառ հաղորդակցութիւն ապահովել ու գրաւել բոլորին սիրտը։ Յայտագրին տեւողութեան իրեն ընկերացաւ մեներգչուհի Մարալ Աթաման եւ նուագակցեցաւ «Առագաստ» խումբը։ Երկու բաժիններուն մէջ Պարթեւ տասնական երգ մեկնաբանեց՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Մարալ Աթամանն ալ հանդիսատեսներուն ներկայացաւ երկու կատարումով։

Ձեռնարկի աւարտին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտասանեց գնահատութեան խօսք մը՝ արժեւորելով Պարթեւին կողմէ ներդրուած եռանդը եւ մեր երաժշտական աշխարհէն ներս ապահոված ներդրումը։

Այս համերգի կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Արսէն Գովան, Խաչիկ Սարըլը, Մարի Աքպաշ, Սելին Թովմասեան, Թամար Թաշճըօղլու, Արշալոյս Ունճու, Լիանա Մարաշլեան եւ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։

Իր կարգին, Պարթեւն ալ ջերմ արտայայտութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ բերած էին իրենց նպաստը։ Համակրելի արուեստագէտը այս շրջանակին մէջ մասնաւորապէս մատնանշեց կարգադիր յանձնախումբի անդամները, մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլը եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022