ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին հետզհետէ կը կեդրոնանայ մօտալուտ ընտրութիւններուն վրայ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութեան եւ այդ փաստաթուղթի լրամշակման զուգահեռ՝ համայնքի օրակարգին վրայ արդէն առաջնահերթ դարձած են ընտրութիւնները, որոնք շուրջ 15 տարիէ ի վեր տեղի չեն ունեցած։ Այս ամբողջին մէջ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կիզակէտային դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Արդարեւ, ընտրութիւններուն ընդառաջ տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ որդեգրուած ինքնագլուխ գործելաոճն ու սահմանափակ շրջանակի մէջ ընտրութիւն մը ընելու զարտուղի նախաձեռնութիւնը մօտաւոր անցեալին բողոքի մեծ ալիք մը յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Համայնքը կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման ձգելու այդ քայլը թէեւ վերջին պահուն կասեցուեցաւ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդ ժամանակ ծնունդ առած շօշափելի հակազդեցութենէն եւ համապատասխան խմորումներէն արդէն բխեցաւ գործնական լուրջ շարժում մը։ Այժմ, կը տեղեկանանք, որ պաշտօնական այլընտրանք մը խնդրոյ առարկայ է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար։ Համայնքային շրջանակներէն ներս գործադրուած ջանքերու եւ կատարուած որոնումներու հիման վրայ պատրաստուած է թեկնածուներու նոր ցանկ մը, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կապոյտ գոյնով պիտի ներկայանայ հանրութեան։ Այժմու թաղային խորհուրդը պարզ է, որ կը ձգտի գործի գլուխ մնալ պահպանելով իր կորիզը։ Իսկ ներկայիս այս նոր ցուցակի ի յայտ գալով արդէն Օրթագիւղի պարագային յայտնի է, որ մրցակցութիւն մը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ համայնքէն ներս։

Օրթագիւղի կապոյտ ցուցակը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէն. Սարգիս Չեթինքայա, Սայաթ Տելիճէ, Կարպիս Էվեափան, Ալէն Թեքպըչաք, Սեւան Շէշէթեան, Առէն Կիւնպիլիր, Արէտ Բարունակեան, ինչպէս նաեւ պահեստիներ՝ Անի Մալաթեալը, Արման Քոչաք, Արեգ Տոլար եւ Նուրհան Փեքքիւչիւքեան։

Այս նոր թեկնածուները երէկուան դրութեամբ իրենց աղերսագիրը ներկայացուցած են Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան, որու միջոցաւ այդ դիմումը պիտի փոխանցուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, Անգարա։ Աղերսագրին մէջ նշուած է, որ ընտրութեան  կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն հիման վրայ վերոյիշեալ անձնաւորութիւնները թեկնածու կը հանդիսանան։ Առաջադրուած թեկնածուները պահանջած են, որ իրենց պարագային անհրաժեշտ քննութիւնները կատարուին եւ արդիւնքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցուին տուեալ վաքըֆին։

Այս նոր ցուցակը, որ բաղկացած է բազմաթիւ ծանօթ անուններէ, արդէն համայնքային շրջանակներէ ներս լայնախարիսխ որոնումներու հիման վրայ ձեւաւորուած է։ Ըստ երեւոյթին, Օրթագիւղի պարագային փորձուած զարտուղի միջոցները այնպիսի մեծ հակազդեցութեան մը պատճառ դարձած են, որ արդէն համայնքին մէջ բազմաթիւ շրջանակներ միտք յոգնեցուցած են այդ կէտին վրայ գործնական միջամտութիւն մը կատարելու հնարաւորութեան շուրջ։ Համայնքային շրջանակներէն ներս կը խօսուի, որ Օրթագիւղի պարագային այս կապոյտ ցուցակի վերաբերեալ խմորումները խրախուսուած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ։ Այս երկու անունները, որոնք միեւնոյն ժամանակ բարերարներ են, իրենց համախոհներու շրջանակին մէջ աշխատանք տարած են եւ ի վերջոյ որոշած են Օրթագիւղի պարագային այսպիսի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։

Այժմ համայնքային շրջանակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն յառաջիկայ իրադարձութիւններուն՝ մինչ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար ընտրութիւնը նախատեսուած է 16 հոկտեմբեր 2022 թուականին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022