«ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԵՐ»Ի ԸՆԹՐԻՔԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութիւնը՝ «Մալաթիա Հայտեր» շաբաթավերջին ընթրիք մը կազմակերպեց Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Իրականութեան մէջ, «Մալաթիա Հայտեր»ի կողմէ կազմակերպուած տարեկան ընթրիքն էր այս մէկը, սակայն, այս անգամուանը երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ տեղի ունեցաւ։ Արդարեւ, համավարակի շրջանին հնարաւոր չէր եղած այս աւանդոյթը շարունակել։ Ուստի, հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ այս ընդհատումէն վերջ զիրար վերագտնելը ունեցաւ արտասովոր նշանակութիւն։

Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նուպար Օփան։ Հիւրընկալ միութեան վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Նուրհան Կեզտիրիճին ալ ունեցաւ ելոյթ մը։ Սեղաններուն շուրջ համախմբուած մալաթիացիները եւ այլ հիւրերը համտեսեցին քաղաքին բնորոշ ուտեստները, որոնք պատրաստուած էին միութեան շուրջ համախմբուած տիկնանց կողմէ։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ համայնքային այլ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ երեկոյթի ընթացքին յայտնեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն էր այս հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերելը։ Ան բարձր գնահատեց մեր համայնքէն ներս հայրենակցական միութիւններուն կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Ան այդ արժեւորումը կատարեց՝ մանաւանդ անցեալ ամիս դէպի Մալաթիա եւ Սեբաստիա կատարած ուղեւորութիւններու թարմ յիշողութեան լոյսին տակ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ հայրենակցական միութիւնները մեր համայնքէն ներս սկսած են գործել այն կէտէն սկսեալ, երբ մեր վարժարաններու սանուց միութիւններու գործունէութիւնը սկսած է տկարանալ։ Հայրենակցական միութիւնները վրայ հասած են այդ տկարացումով ստեղծուած պարապութիւնը լրացնելու համար։ Ուստի, ան բոլորին կողմէ տարուած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնեց։

Ելոյթի եզրափակիչ փուլին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կոչ ուղղեց, որպէսզի հայրենակցական միութիւնները համախմբեն իրենց շուրջ գտնուած մարդուժը եւ զանոնք առաջնորդեն՝ քուէարկել յառաջիկայ համայնքային ընտրութիւններուն ժամանակ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի իրենց զաւակներն ու թոռնիկներն ալ նման հաւաքոյթներու մասնակից դարձնեն, զանոնք առաջնորդեն դէպի մեր եկեղեցիները, դէպի մեր վարժարանները եւ մեր երգչախումբերը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022