ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-

Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ պատմական եկեղեցւոյ մասին լուսանկարներու ցուցահանդէսը վերջերս հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Անցեալ յուլիսին քաղաքիս մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի կրկնութիւնն է այս մէկը։ Լուսանկարներու հեղինակն է Իզզէթ Քեհրիպար։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս ցուահանդէսի բացման մասնակցելու համար վերջերս այցելեց Նիւ Եորք՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նոյն առթիւ քաղաքէս հրաւիրուած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մէսութ Էօզտեմիր, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան, Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասու, «Լոյս» երկշաբաթաթերթէն Արամ Քուրան, Վաքըֆներու խորհուրդներու մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի եւ ասորի համայնքէն Սաիթ Սուսին։

Խումբը 3 նոյեմբեր, կիրակի առաւօտ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի մէջ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագի, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Յաւուր պատշաճի քարոզելէ վերջ, նորին սրբազնութիւնը նախագահեց նաեւ Հայրապետական մաղթանքի։ 4 նոյեմբեր, երկուշաբթի խումբը Նիւ Ճըրզիի մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընթրիքի մը։

5 նոյեմբեր, երեքշաբթի տեղի ունեցաւ «Աղթամարի Ս. Խաչ տաճար» լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը, որուն ներկայ եղան նաեւ Նիւ Եորքի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Ալփէր Աքթաշ, Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի վիճակաւոր Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս Արքեպիսկոպոսը, արուեստագէտ Շահան Արծրունի եւ այլ հիւրեր։

Շահան Արծրունի հաւաքոյթի ընթացքին սարքեց դաշնակի ունկնդրութիւն մը եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Արտայայտուեցան նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Մորիս Լեւի եւ Սաիթ Սուսին։

Նորին սրբազնութիւնն ու հրաւիրեալներու խումբը արդէն վերադարձան քաղաքս։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019