«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ.-
Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տարեկան 12-րդ դրամահաւաքի ձեռնարկը, որուն ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել շուրջ 3.7 միլիոն տոլար նուիրատուութեանց խոստումներ, որոնք նոր խթան պիտի հանդիսանան նշեալ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մանուկներուն տրամադրուող բարեսիրական սպասարկութիւններու ընդարձակման գործին։
Ձեռնարկին ընթացքին, «Օսքար» մրցանակի արժանացած դերասան Լէոնարտօ Տի Քափրիօ եւս նուիրատուութիւն մը կատարած է: «Տի Քափրիօ լսած է քարակերտցի դպրոցական Խանում Գէորգեանի ելոյթը՝ անգլերէնով: Խանումը պատմած է Հայաստանի, իր ազատամարտիկ հօր եւ այլ նիւթերու մասին: «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի նախագահ Կարօ Արմէնի եւ իր համախոհներու ջանքերուն շնորհիւ, բազմաթիւ այլազգի մարդիկ, այս տարիներու ընթացքին, զգալի գումարներ նուիրաբերած են Հայաստանի գիւղերուն», ըսած է հիմնադրամի նախկին աշխակաիցներէն Սերոբ Խաչատրեան:
Այս տարուան գումարը գլխաւորաբար պիտի տրամադրուի Լոռիի մարզին մէջ կառուցուղ SMART կեդրոնի հաստատման ջանքերուն։ Կեդրոնը պիտի հանդիսանայ շրջանի երախաներուն դաստիարակչական արդի սպասարկութիւններ մատուցող հաստատութիւն մը, ուր պիտի տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ։
Այս տարուան ձեռնարկին, կազմակերպութեան «Սերունդ մը փրկէ» մրցանակը շնորհուեցաւ Նուպար Աֆէեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի այս կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրագործուող բարեսիրական այլ նախաձեռնութիւններու։