ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԱՄՆ-Ի ԴԷՄ

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ գու­մա­րեց 2017 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կուե­ցան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս ժո­ղո­վը տե­ւեց շուրջ ութ ժամ, ո­րու ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցին մէջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն հաս­ցէագ­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն՝ ա­ռանց ա­նուն տա­լու։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը զրա­հա­պատ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժներ տրա­մադ­րած է՝ Սու­րիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն։ Սա գործ­նա­կա­նին մէջ օ­ժան­դա­կու­թիւն կը հա­մա­րուի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի, որ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ շա­ռա­ւիղն է։ Ա­մե­րի­կեան կող­մի այս բա­ցա­յայտ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Ան­գա­րա­յի մէջ։

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վէն վերջ մատ­նան­շուե­ցաւ, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազմ­ա­կեր­պու­թիւն­նե­րու որ­պէս երկ­խօս ըն­դու­նուի­լը, ա­նոնց հա­մար զա­նա­զան եզ­րե­րով զի­նամ­թեր­քի օ­ժան­դա­կու­թիւն կա­տա­րուի­լը՝ գե­տին կը պատ­րաս­տեն ա­հա­բեկ­չու­թեան ամ­րապնդ­ման ու տա­րած­ման։

Խոր­հուր­դը ման­րա­մասն քննարկ­ման են­թար­կած է երկ­րէն ներս եւ դուրս ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը։ Վե­րա­հաս­տա­տուած է երկ­րին վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­մէն տե­սակ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց ձեռք առ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Սու­րիա­յէ ներս տե­ւա­կան հրա­դա­դա­րի ա­պա­հով­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Աս­տա­նա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղո­վին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նուե­ցան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն կող­մէ։ Զե­կոյ­ցին մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել իր ջան­քերն ու մարդ­կա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը՝ քա­ղա­քա­յին ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցին սկիզբ տա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննար­կեց նաեւ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման շուրջ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ծա­ւա­լուն ձե­ւով քննար­կե­ցին Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը։ Այդ բո­լո­րի լոյ­սին տակ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ այն քայ­լե­րուն, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սուին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան շա­հե­րու եւ ի­րա­ւունք­նե­րու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017