ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Երեւանի Մատենադարանի նոր տնօրէնի նշանակման սպասումները կը շարունակուին։ Տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան վերջերս անդրադարձաւ այս գործընթացին։
News.am-ի հաղորդումներով, վերջերս շրջանառութեան մէջ մտան կարգ մը լսումներ, ըստ որոնց Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի տոքթորական ատենախօսութեան պաշտպանութեան ժամկէտին պատճառով կը ձգձգուի նոր տնօրէնի նշանակումը ապահովելիք մրցոյթին կազմակերպումը։ Տէր-Ղեւոնդեան յայտնեց, որ իր տոքթորականի նիւթը հաստատուած է 2011-ի Դեկտեմբերին եւ ինք Մատենադարան աշխատանքի ընդունուած է 2012-ի Յունիսին։ «Ես վեց տարիէ ի վեր կ՚աշխատիմ այս ատենախօսութեան վրայ, պարզապէս անոր եզրափակիչ փուլը համընկնեցաւ այս իրադարձութիւններուն հետ», ըսաւ Տէր-Ղեւոնդեան։
Անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր Վահան Տէր-Ղեւոնդեան Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն է, նախկին տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի մահուան զուգահեռ։ Մինչ այդ, ան նոյն կառոյցի գիտական քարտուղարն էր։
Տնօրէնի պաշտօնակատարին կողմէ տրուած բացատրութիւններով՝ մրցոյթը տակաւին չէ կազմակերպուած, որովհետեւ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել Մատենադարանի իրաւակազմակերպական կարգավիճակը։ Այս նախաձեռնութեան զուգահեռ Մատենադարանը պիտի վերածուի հիմնարկի մը։ Տէր-Ղեւոնդեանի խօսքերով, միանգամայն տրամաբանական է, որ կառավարութիւնը մտադիր է նախ աւարտին հասցնել կարգավիճակի փոփոխութեան գործընթացը ու միայն անկէ վերջ մրցոյթ մը կազմակերպել տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար։
«Մատենադարանը բացառիկ կառոյց մըն է եւ բացառիկ ուշադրութեան կարիք ունի։ Այդ կառոյցը պէտք է ունենայ նաեւ որոշ ինքնուրոյնութիւն, անկախութիւն եւ Հայաստանի կամ արտասահմանի որոշ կառոյցներուն հետ յարաբերուելու ճկունութիւն։ Այս առումով հիմնարկի կարգավիճակը ունի շարք մը առաւելութիւններ», ըսաւ Տէր-Ղեւոնդեան եւ աւելցուց, որ հիմնարկները աւելի դիւրութեամբ կ՚աշխատին ուրիշ հիմնարկներու հետ ու նոյնպէս աւելի դիւրութիւններ ունին նուիրատուութիւններ ստանալու կամ այլ հարցերու մէջ։