ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Արցախի մէջ վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Գանձասարի վանքի օծման 777-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Տօնակատարութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ բազմաթիւ պաշտօնատարներ։

Այս առթիւ Ստեփանակերտի մէջ նախագահ Սահակեան եւ նախարար Նալպանտեան հանգամանալից զրոյց մը ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ Արցախի, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն շուրջ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017