​ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ՀԵՐԹԱԲԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՌԻԱՏ. Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏՃԱՌԸ

Լիբանանեան քաղաքական մէկէ աւելի գործիչներ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ռիատ կը ժամանէին եւ հանդիպումներ կ՚ունենային սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Այս հանդիպումները կրնային համարուիլ սովորական-հերթական, եթէ անտես առնենք այցելութեանց «թայմինկ»ն ու քաղաքական դէմքերու ստուար թիւը: Արդարեւ Ռիատ այցելութիւն տուած են երկու քրիստոնէական կուսակցութեանց առաջնորդները՝ Տքթ. Սամիր Ժաաժա եւ Սամի Ժըմայէլ («Լիբանանեան ուժեր» եւ «Փաղանգաւորներ»): Լրատուական աղբիւրներ, որոնք կարւոր շեշտադրումներով հետեւեցան այս այցելութիւններուն՝ նշեցին, որ յառաջիկայ օրերուն եւս Ռիատ կը սպասուին Լիբանանի սիւննի համայնքի գլխաւոր «արծիւներ»ը՝ գլխաւորութեամբ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

«Ալ Ժումհուրիա» պարբերականի սիւնակագիր Ասհատ Պըշարրայի կարծիքով՝ սէուտական այս «փութկոտութիւն»ը կապ ունի շրջանին մէջ նախատեսուած հաւանական լուծումներու ընդհանուր ծրագրին հետ: Հաւանաբար կ՚ըսենք, որովհետեւ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ դարձած է, որ որեւէ լուծում, լուծման ծրագիր, կամ մօտեցում կրնայ վերջին րոպէին լուրջ փոփոխութիւն կրել:

Վերադառնալով լիբանանցի գործիչներու Ռիատ տուած այցելութեան նիւթին՝ ապա այդ առումով պէտք է շեշտադրել, որ իշխան Մուհամմէտի որպէս թագաւորութեան գահաժառանգ նշանակուելէն ետք այս առաջին անգամն է, որ ան կ՚ընդունի լիբանանցի քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներ:

Լիբանանի քաղաքական շրջանակներ հետեւութիւններ ընելով այցելութեան վերաբերեալ՝ սէուտցիներու այս աշխուժութիւնը կը վերագրեն շրջանին եւ յատկապէս լիբանանեան թատերաբեմին վրայ կատարուող զարգացումներուն՝ յիշատակելով, որ Ռիատի կողմէ լիբանանեան որոշ շրջանակներու դէպի Սուրիա «բացուելու» քաղաքականութիւնն ու այդ ուղղութեամբ առնուած քայլերը ոչ միայն տանելի չեն, այլ կտրականապէս մերժելի:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով հարկ է յիշեցնել, որ նախքան Ռիատի կողմէ երեւելի դարձած «մտահոգութիւն»ն ու աշխուժութիւնը, Լիբանանի քաղաքական գետինը «ցնցում» մը ապրած էր երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի սուրիացի իր պաշտօնակիցին՝ Ուալիտ Մուալլէմի հետ (Նիւ Եորքի մէջ) ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ:

Այդ հանդիպումէն ետք է, որ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Ալ Մաշնուք բաւական խիստ գնահատականներ տալով կը դատապարտէր եղած հանդիպումը: Ըստ Մաշնուքի (որ այսօր կը համարուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւոր գործակիցը եւ քաղաքական բանագնացը), հանդիպումը դաւաճանութիւն էր կողմերուն միջեւ առկայ «քաղաքական համաձայնութեան»: Մաշնուք նաեւ կարգ մը շեշտադրումներ կատարելով կը յիշեցնէր, որ ընդունելի չէր նախարար Պասիլին առած քայլը, որ կը հակասէր հիմնական կողմերուն միջեւ առկայ համաձայնութեան ուղղութիւնները:

Այստեղ հարկ է նշել, որ Մաշնուքի ուղղած սլաքները կապ ունին այն համաձայնութեան հետ, որուն հիմքով «Հիզպուլլահ»ին թեկնածուն եղող զօրավար Միշէլ Աուն կ՚ընտրուէր Լիբանանի նախագահ (նախագահական աթոռը թափուր մնացած էր գրեթէ երեք տարի), ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն համար Աունի նախագահ ընտրութիւնը թէեւ նախասիրութիւն մը չէր, սակայն կը դառնար վարչապետ:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս կը միանար ստեղծուած աղմուկին՝ նշելով, որ Սուրիոյ իշխանութեանց եւ յատկապէս Պեշար Էսատի հանդէպ իրենց ունեցած կեցուածքները նոյնն են եւ չեն փոխուած:

Հարիրի իր այս խօսքերով կու գար «խառնելու» մինչ այդ խաղաղ կարծը-ւող ջուրերը եւ առկայ լռութեան հետեւանքով Էսատի հանդէպ իր եւ իր խըմ-բակիցներուն ունեցած ժխտական կեց-ւածքները… Պահ մը մոռցուած:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան միւս կողմին, որուն գլխաւոր ներկայացուցիչներն են «Հիզպուլլահ»ն ու նախագահ Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք»ը, ապա անոնց համար Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը կը կապուէր անմիջապէս Լիբանան հաստատուած աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու ճակատագրին հետ:

Այս կէտին էր նաեւ, որ անոնք կը կարեւորէին Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ լեզու գտնելու ու նոյնիսկ գործակցելու հարցը, պատրուակելով, որ այդ գործակցութեան արդիւնքով կարելի պիտի ըլլար Սուրիա վերադարձնել այդ փախստականներուն կարեւոր մէկ տոկոսը:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի տուեալներով՝ այսօր Լիբանանի մէջ «հաստատուած են» մէկուկէս միլիոն սուրիացիներ, որոնք լուրջ բեռ են երկրին համար: Ու այդ հիմքով է նաեւ, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ որեւէ համագործակցութիւն, ըստ իրենց խթան պիտի դառնար, որ Լիբանան գտնուող գաղթականներու մեծագոյն տոկոսը վերադառնային Սուրիոյ այն շրջանները, ուր ներկայիս խաղաղութիւն կը տիրէ:

Այս նիւթին առընթեր կարեւոր ու առանցքային խօսք ունին Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնց համար փախստականներու տունդարձը ոչ միայն պատերազմի վէրքերը բուժելու կարեւոր հնարաւորութիւն կը ներկայացնեն, այլ նաեւ կը միտին քաղաքական կարեւոր խաղաքարտ դառնալ:

Ու հոս է նաեւ, որ սուրիական կողմին օրինականացման նպաստող բոլոր քայլերը բնականաբար պիտի հանդիպին Սուրիոյ վարչակարգին թիւ մէկ թշնամի հանդիսացող Սէուտական թագաւորութեան «վեթօ»ին:

Անշուշտ այդ «վեթօ»ի կիրառումը կ՚իրականացուի, միայն այն պարագաներուն, երբ սէուտցիք իրենց «ենթակայ» գետին մը ունին ու ներկայիս այդ ճակատումը ընթացք կրնայ առնել Լիբանանէն:

Այս հեռանկարին վրայ է նաեւ, որ սէուտցիք ունին կարեւոր մտահոգութիւններ, որոնք կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա.- Անոնք «կը վախնան», որ Սուրիոյ կառավարութիւնը այս «խաղաքարտ»ը օգտագործելով իրեն համար ստեղծէ օրինականցման գործընթաց մը:

բ.- Մտահոգ են, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր գետին ունեցող «Հիզպուլլահ»ը կը վերածուի միահեծան ուժի, այդպէսով իր իշխանութեան տակ առնելով ամբողջ Լիբանանը:

գ.- Մտահոգ են Լիբանան գտնուող սուրիացի փախստականներու ճակատագրով, որովհետեւ անոնք «տունդարձ»ով կրնայ սպառիլ, իբրեւ «քուէարկող զանգուած» մը պահելու անոնց մօտեցումները:

դ.- Հակառակ ամէն տիպի խօսակցութեանց եւ վերլուծումներու, սէուտցիներու եւ յատկապէս գահաժառանգ Մուհամմէտին համար Պեշար Էսատի իշխանութեան վրայ մնալը անընդունելի է:

Այս բոլոր հարցերուն համար է, որ սէուտցիք ամէն գնով պիտի փորձեն լիբանանեան մինչ այդ «անշարժ» գետինը շարժել ու ձեւով մը վերականգնել այն դիրքերը, որոնք նախկին փուլին առկայ էին Լիբանանի մէջ:

Ու այս առումով յստակ է, որ ներկայիս ընդգծուող փուլը անմիջական խոր-հըրդակցութեանց ընթացք մըն է, որմէ ետք է, որ յստակ պիտի դառնան յառաջիկայ քայլերը:

Լիբանանի մէջ ինչպէս երէկ, այսօր ալ խաղը կը մնայ բաց: Ներքին բախումներու թատրերգութիւն. սիւննի-շիի լարուածութիւն, պաղեստինցի եւ սուրիացի փախստականներու հարց, այս բոլորը կան: Այս բոլորը առկայ են եւ կարիք ալ չունին յաւելեալ ճիգերու, որպէսզի իրավիճակը դարձնեն պայթիւնավտանգ, որմէ ետք «նեղ ծաւալ»ի բախումներ ու ապա համաձայնութիւններու նոր փուլ...

Վերջին երեսուն տարիներուն Լիբանանի մէջ եղած զարգացումներուն հետեւողները կը համաձայնին այն մտքին հետ, որ երկրին մէջ ցայսօր ալ առկայ հա-ւասակշռութիւններու փոփոխման որեւէ շարժում կրնայ բաւական լուրջ հետե-ւանքներու դուռ բանալ:

Ու մտահոգիչ է նաեւ, որ սուրիական ընդհանուր վիճակի այդ երկրի իշխանութեանց «օրինականացման» գործընթացի լոյսին տակ, Լիբանանը որպէս պատուհան օգտագործելու փորձերը կրնան նոր տագնապներու դուռ բանալ:

Բաւական տարողունակ բնոյթ ունեցող շրջանային «խաղեր»ուն մէջ առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանը որպէս փոքր երկիր դառնայ «վառելանիւթ»ը այն տէրութեանց, որոնք մինչեւ երէկ պատրաստ էին իրարու «արիւն խմել»ու:

Անոնք պատրաստ էին. միլիառաւոր տոլար ծախսելու, ահաբեկիչներ զինելու եւ տարածքներ հրոյ-ճարակ դարձնելու: Այսօր նոյն այդ կողմերը պատրաստ են միասին նոյն սեղանին շուրջ նստիլ. ոիասին նոյն կարկանդակը կիսել… Ի՜նչ փոյթ, որ մինչեւ իրենց «սպասուած» հանդիպումը խաղին մէջ թոյլ օղակ համարուող խաղաքարտերը այրին ու իրնց հետ այրեն հաւանական խաղաղութեան մը ծառայելու պատրաստ ու փոքր համարուած ուժերը, որոնցմէ է այս պարագային Միջին Արեւելքի կապոյտ հլուն՝ Լիբանանը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017