ՊՐԱԶԻԼԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԵՐԷՅՐԱ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պրազիլիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոյզօ Նունէս Ֆերէյրա պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու նախարարները կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքները կ՚ամփոփեն համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Ալոյզօ Նունէս Ֆերէյրա այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ աւելի վերջ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017