ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ

Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day-«Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ՝ աղմկալից:

Այս մէկը մեզի՝ նորեկներուս համար իրապէս  նորութիւն էր: Ու իբրեւ արդարացում՝ մեզի բացատրուեցաւ, որ «եղածը» տեղական սովորութիւններէն ծը-նած պարզ հարց մըն էր: Մեր զարմիկներէն մէկուն՝ անմեղ հարցումներէն մէկը:

-Ո՞ւր եւ կամ ինչպէ՞ս պիտի անցընենք այս նոր տարին:

Ու վայրկեանին մէկ շունչով արտասանուած այս նախադասութիւնը մեզ բոլորս իրար խառնած էր ու ձեւով մըն ալ՝ մեր տան սանկ-նանկ անդորր իրավիճակը խանգարած:

Անկեղծօրէն ըսելով՝ այդ միջոցին ոչ ոք յստակ պատասխան մը ունէր իր մտքին մէջ: Ուղղակի խառնարան: Մէկը Լաս Վեկաս կ՚ուզէր անցընել, ուրիշ մը՝ իր ընկերոջ տունը, այն միւսը՝ իր զոքանչին հետ, աւելի համարձակ մը՝ յատուկ սրահ մը վարձել կ՚առաջարկէր, անդին միւսը՝ այնպայման դուրսը անցընելու իր տեսակէտը առաջ կը քշէր: Իսկ ես, ըստ ինծի հետ բերած ու շալկած աւանդութիւններուս, «տունը անցընել»: Ու ամէն մէկս ունէր իր յստակ պատճառաբանութիւնը: Իր համոզիչ տեսակէտը: Նոյնիսկ՝ դիմացինին առաջարկին ժխտական կողմերը շուտով բացայայտելու վարպետութիւնը: Այլ խօսքով՝ իրը ծախելու ճարպիկութիւնը:

Մանկական խաղի նմանող բան մըն էր կարծես, որուն «տագնապ ստեղծող» անունն ալ կրնայ տրուիլ, եւ որուն արդար եւ համերաշխ լուծումը օրեր սկը-սած էին խլել: Ու այդ օրէն ետք ժամանակը սկսած էր արագավազ սահիլ: Օրերը արագօրէն կը հալէին, եւ՝ ոչ մէկ ծրագիր եւ կամ շինիչ առաջարկ: Այս ընթացքով պիտի նշանակէր՝ ուշացում եւ յետոյ, «մէջտեղ պիտի մնանք»ի պատրուակ մը…

Ըսի, չէ՞ տեղին ու կարգին հարցում մը, որ տակաւին քիչ ժամանակ առաջ մեր հին քաղաք ծննդավայրին մէջ ոչ միայն չէինք կրնար արտայայտել, ըսել, այլեւ՝ նոյնիսկ մտածել ու կամ մեր մտքէն անցընել:

Հոն՝ այդ հին ու օրհնեալ քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սըր-բութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին, նման հարց գոյութիւն չէր կրնար ունենալ:

Հաւատացէ՛ք՝ անոր ծնունդն իսկ վիժումի կը դատապարտուէր: Որովհետեւ…

Էրնէ՜կ այդ օրերուն…

Որովհետեւ հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հոն մեծերը մե՛ծ էին ու փոքրերը փո՛քր, եւ ակնածանքն ու յար-գանքը մարդոց առօրեայ կենցաղին մէջ ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը:

«Ինչպէ՞ս կամ ո՞ւր պիտի անցընենք Նոր տարին դիմաւորող գիշերը» մեր երազին մէջ նոյնիսկ չէինք կրնար… Հո՛ն նման հարց կամ հարցում գոյութիւն չունէր: Տունը կ՚անցընէինք: «Մեծ»ին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ՝ մեծին տունը, ու շատ հաւանաբար մեր թիւին վրայ այդ գիշեր նաեւ կ՚աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ: Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր՝ նոյն այդ մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան՝ իր հարազատ սեղանակիցներով:

Հո՛ն նախ կ՚ընթրէինք եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ՚աւելնային օրուան անբաժան զարդարանքները՝ կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Մեծերը օղիով կը գոհանային, իսկ մենք՝ ջուր կամ պտուղի հիւթով: Միւս կողմէ՝ վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կ՚ընկերանային: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մը «թղթիկ» խաղալով, քիչ մըն ալ երգելով եւ կատակելով եւ մանաւանդ «Երեւանն է խօսում»ը մտիկ ընելով՝ կը դիմաւորէինք Նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայ հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերով եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներով:

Յետոյ…

Ապա, ժամը 12-էն մէկ երկու երեք վայրկեաններ առաջ, լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Նախ վայրկեանին խմբովին ու բարձրաձայն «Հայր մեր»ի մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով մը կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը ու այս ձեւով Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարեմաղթանքներն ու համով-հոտով օրհնութիւնները: Ապա կը յիշ-ւէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք եւ ապա վերադառնալով ներկային եւ  իրականութեան՝ կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատումը՝ առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր, որ եկեղեցի երթայինք՝ Աստուծոյ հետ Նոր տարուան առաջին օրն իսկ մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խղճին տուրքը տալու, աղօթքով մը եւ մոմ կամ մոմեր վառելով:

Այդպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց՝ հակառակ մեծերու բացակայութեան:

Ու վերջը, տարիներ յետոյ… Ամերիկա կոչուած այս «Աւետեաց երկիր»ը մեր հաստատուելուն առաջին «նոր տարիներն» ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր եւ սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ մեզի հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ, քանի պզտիկները մեծցան, կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ տուած որոշումներով, նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կամովին բանտեցինք ու բանտարկեցինք մեր միտքերու թանգարաններուն մէջ:

Ու հիմա… հոս, դարձեալ «նոր տարի» է…

Բայց չմոռնանք սակայն, որ եթէ նախապէս հոն Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մէկտեղում-հաւաք, հո՛ս, սակայն, անոր վրայ աւելցած էին կամ ինքնաբերաբար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցած՝ «Գոհաբանութեան օր»ը, «Քրիսմըս»ը, անհատնում տարեդարձներու նշումները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»…

Ահա՛ քեզի Ամերիկա:

Այսպէսով, մեր ցանկը «գիրցաւ», երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւող, զիրար կապկող եւ, վերջապէս ինքնաբերաբար անիմաստ եւ սակայն լուռ մրցակցութան մը մասնակից դառնալով:

Մէկ խօսքով, մենք ալ «ինկանք այս բոլորին ծուղակը»: «Հապը կլլած էինք»…

Բայց յիշեմ նաեւ, որ այս բոլորին տրամաբանական շարունակութիւն՝ օր մը քաջաբար որոշեցինք Նոր տարին «դուրսը անցընել», մեծ սրահ մը, ուրիշներու հետ, պարահանդէսի նմանող բանի մը պէս եւ կամ՝ ձեւով:

Մենք զմեզ համոզեցինք՝ կրկնելով, որ՝ «տունը շատ յոգնեցուցիչ է», «մէկ հոգիի գործ չէ», «կերածնի՞ս ինչ է որ, պատառ մը հաց, եւ ամբողջ շաբաթ մը պէտք է աշխատէինք ու պատրաստուէինք», «չ՚արժեր տունը նստիլ», «դուրսը լաւ է, հանգիստ կ՚ընես», «տունդ չ՚աղտոտիր» եւ այլն, եւ այլն բազմազան եւ բազմաշերտ արդարացումներով: Մէկ խօսքով՝ պատճառաբանութիւններ եւ ինքնահամոզումի  պատրուակներ:

Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, արդարացուցիչ կամ ոչ, մենք ալ ընտանեօք տարի մը ինկանք այդ հոսանքին մէջ, երբ որոշեցինք ուրիշներու հետ եւ ուրիշներու պէս «դուրսը» տօնել:

Կը յիշեմ այդ «օրհնեալ» օրը, երբ արագ մը որոշեցինք մօտիկ ազգականներով Նոր տարուան ձեռնարկի մը երթալ: Մեզ «թխմեցին» հսկայ սրահի մը մէջ, ինչպէս որ սպանդանոց տարուելիք ոչխարները կը թխմեն շոգեկառքի վակոններու մէջ: Համակերպեցանք: Ուրիշ ընելիք չունէինք: Ահագին «դրամ» տուած էինք: Ու Նոր տարուան սիրոյն լռեցինք: Վերջը անօթի մնացինք, որովհետեւ կազմակերպողները արդարացան՝ ըսելով, որ «կերակուրը չհերիքեց» մեծ թիւով ներկաներու պատճառով:

Ու այդ օրէն ի վեր երդում ըրինք, որ նման սխալ պիտի չկրկնէինք:

Սակայն յաջորդ տարի կրկնեցինք՝ նոյն ինքնարդարացումի կէտերէն մեկնած, նորէն «ինկանք ծուղակը»: Ու վերջապէս որոշեցինք, որ ասկէ ետք, ամէն տարի ազգականի մը տան մէջ հաւաքուիլ՝ ազգականական կապը պահելու, մեր կերածն ու խմածը  եւ մանաւանդ մեր խօսածը հասկնալու համար:

Ու հիմա, այս օրերուն, կրկին նոյն հարցումը:

Նորէն ինկած ենք անորոշութեան գիրկը, որովհետեւ մեր ազգականներէն մէկը միտքը փոխած է, «խոստումնադրուժ» եղած է ու իր շրջապատը նետած՝ բոլորիս ծանօթ անորոշութեան գիրկը:

«Լաս Վեկաս անցընել», «տունը մնալ», «սրահ» կամ «դուրս երթալ», այսպէս, խառն առաջարկներ կրկին անգամ մեզ շուարումի կը մատնէին: Ուստի մեզի կը մնար ներկայացուած առաջարկներու համադրումը կատարել:

Օրերը կը սահէին մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, ուր ամիսները շաբաթներու նման կը հալին: Ու մեր տալիք որոշումը ինքնաբերաբար կ՚ուշանար:

Օրէ օր առաւել եւս կը յստականար, որ մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւնները արդէն իսկ մենք կամովին գերեզմանած էինք:

Բայց այս տարի, ինչ որ ալ ըլլայ մեր որոշումը. կրկին «Շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ» բոլորիդ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017