ՈԳԵՒՈՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջին օրերուն այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ան գլխաւորեց Պոմոնթիի Մխիթարեան, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարաններու միջնակարգի բաժիններու աշակերտներէն բաղկացեալ խումբ մը, որուն միացած էին նաեւ կրթական մշակներ։ Անցեալ Կիրակի Զէքիեան Գերապայծառ Անգարայի Ս. Թերեզա կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուայ առթիւ մատուցեց Ս. Պատարագ։ Անգարայի հայ համայնքին համար նախատեսուած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ աշակերտները։ Արարողութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Յետմիջօրէին Զէքիեան Գերապայծառի կողմէ գլխաւորուած խումբը այցելեց Մեծն Աթաթիւրքի Յուշադամբանը։ Երեկոյեան, ընթրիքէն վերջ այս ուղեւորութեան մասնակից աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Զէքիեան Գերապայծառին հետ։

Ուղեւորութեան տեւողութեան Զէքիեան Գերապայծառի կողմէ գլխաւորուած աշակերտներու խումբը այցելեց Ազգային մեծ ժողով եւ Ազգային կրթութեան նախարարութիւն։ Խորհրդարանի շէնքէն ներս, Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանի կարգադրութեամբ տղաքը հիւրասիրուեցան երեսփոխաններու ճաշարանին մէջ։ Անոնք երկրի օրէնսդիր մարմնի համալիրէն ներս մանրամասն ծանօթացան ծաւալուած աշխատանքին։

Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ներս ալ խումբը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։ Փոխ-նախարար Օրհան Էրտէմ ողջունեց Զէքիեան Գերապայծառը եւ իր կողմէ գլխաւորուած աշակերտներն ու կրթական մշակները։ Բոլոր աշակերտներուն համար վերապահուած էին գեղեցիկ յուշանուէրներ։ Զէքիեան Գերապայծառ եւ փոխ-նախարար Օրհան Էրտէմ եւս փոխանակեցին յուշանուէրներ։

Հարկ է նշել, որ այս ուղեւորութեան կազմակերպչական աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018