ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղականանք, որ վերջերս գումարուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ընդհանուր ժողովը։ Համագումարի արդիւնքին պաշտօնի գլուխ եկաւ նոր վարչութիւն մը, որու կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.

Կարապետ Մխալեան (ատենապետ), Գարեգին Պարսամեան (փոխ-ատենապետ), Եւգինէ Ինճիտիւզէն (հաշուակալ), Վանէս Ճանօղլու (փոխ-հաշուակալ), Սաթենիկ Չուլճու (ատենադպիր), Թայիս Ալիճեան (փոխ-ատենադպիր) եւ Իւղաբեր Պոյաճեան (հաշուեքննիչ)։

Նորընտիր վարչութիւնը գումարած է իր անդրանիկ նիստը եւ արդէն կատարած պաշտօններու բաժանումը։ Բաց աստի, նոր վարչական կազմը արդէն մանրամասն խորհրդակցութիւն մը ունեցած է այն նիւթերուն վրայ, որոնց նկատմամբ պիտի ցուցաբերուի առաջնահերթութիւն։

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան անդամները անդրանիկ ժողովի ժամանակ հատեցին նաեւ կարկանդակ մը։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018