ՂՈՒԿԱՍՈՒ Ա­ՒԵ­ՏԱ­ՐԱ­Ն (Ա .)

Ա) ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Ղուկաս բառին լատիներէն տառադարձութիւնն է Lucanus կամ Lucius, որ կը նշանակէ «լոյս կրող»։

Ըստ Եւսեբիոսի եւ Հիերոնիմոսի, Ղուկաս ասորի էր Անտիոք քաղաքէն, որովհետեւ իր գրութեանց մէջ այդ տեղանունը շատ գորածած է։ Միւս կողմէ, կ՚ըսուի թէ ան Փիլիպպէէն մակեդոնացի մըն էր։ Կայ տակաւին երրորդ տեսակէտ մը, թէ Ղուկաս Տարսոնցի էր։ Այս տեսակէտը հիմնուած է Ղուկասի եւ Պօղոսի երկարամեայ սերտ բարեմկամութեան ենթադրութեան վրայ։ Թէեւ յայտնի չէ, թէ Ղուկաս ո՞ր քաղաքէն էր, սակայն որոշապէս կրնանք հաստատել, թէ ան յոյն մըն էր, ինչպէս իր անունն իսկ կ՚ապացուցէ։

Աւանդութեան համաձայն կ՚ըսուի, թէ Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած նամակը այդ Եկեղեցւոյ յանձնուած է Տիտոսի եւ Ղուկասի ձեռամբ։

Նոր Կտակարանի ուսումնասէրները հիմնուելով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքին վրայ, թէ «Անոր (Տիտոսի) հետ ղրկեցինք այն եղբայրը, որուն Աւետարանի քարոզութեան գործին մէջ ունեցած համբաւը ծանօթ է բոլոր եկեղեցիներուն» (Բ.Կր 8.18), այն եզրակացութեան կը յանգին, թէ Պօղոս առաքեալ յիշեալ խօսքով ակնարկած է Ղուկասին։ Այստեղ «եղբայր» բառը պէտք է հասկնալ ֆիզիքական իմաստով եւ ոչ թէ հոգեւոր իմաստով։ Նշենք, որ քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին հաւատացեալներ զիրար եղբայր կը կոչէին։       

Ղուկաս 12 առաքեալներէն չէր, այլ՝ 72 աշակերտներէն։ Կարգ մը ուսումնասէրներ այն եզրակացութեան հասած են, թէ ան Եմմաուսի ճամբուն վրայ յիշուած երկու աշակերտներէն մին էր եւ ան իր համեստութեանը պատճառով չէ փափաքած իր անունը արձանագրել Աւետարանին մէջ։ Սակայն այս վարկածը հաւանական չէ, որովհետեւ ըստ իր վկայութեան ան Յիսուսի ականատես վկաներէն չէր, այլ՝ լսողներէն (Հմմտ. Ղկ 1.1-2)։

Ղուկաս բժիշկ մըն էր եւ միաժամանակ գծագրիչ էր եւ աւանդութեան համաձայն կ՚ըսուի, թէ ան Մարիամ Աստուածածինի դիմագիծը գծած է։ Միւս կողմէ, կայ նաեւ տեսակէտ մը, որ ընդհանուրին կողմէ ընդունուած է, թէ Ղուկաս իր հաւատքը ընդունած է Պօղոս առաքեալի միջոցաւ։ Հաւանական է, որ Ղուկաս ընկերակցած է Պօղոսի որպէս անոր բժիշկը եւ անոր հոգ տարած է, երբ Պօղոս կը տառապէր այն հիւանդութնենէն, որուն մասին կը խօսի Գղ. 4. 12-15 համարներուն մէջ։

Ասկէ մեկնելով, Ճոն Ֆիլիփ կ՚ըսէ, թէ Ղուկաս իր ուսումը առած է Թաւսուս համալսարանին մէջ եւ հաւանական է, որ Պօղոս առաքեալ եւ Ղուկաս հոն ծանօթացած են իրարու եւ իրենց ընկերութիւնը այդտեղէն է սկսած։ Օրինակ, Ղուկաս իր Աւետարանին մէջ Պօղոսի գործածած բառերէն գործածած է, անոնցմէ են՝ հաւատք, շնորհք, ներողամտութիւն եւ այլ նոյնանման բառեր։ Նշենք, որ այս տեսակէտը ո՛չ մէկ Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած է։

Տակաւին, այլ ուսումնասէր մը կ՚ըսէ, թէ Ղուկաս իր ուսումը ստացած է Տարսոնի մէջ։ Ան չէր կրնար այդ ուսումը ստանալ Փոքր Ասիայի ոչ մէկ համալսարաններէն։ Սա կը նշանակէ, որ ան լաւ ուսումի տէր, կրթուած ու բանիմաց անձ մըն էր։ Ղուկաս ունէր լայն աշխարհայեացք, տիրապետած էր յունարէն լեզուին եւ տեղեակ էր բազմաթիւ ազգերու մշակոյթներուն։ Ճոն Սքոթ կ՚ըսէ. «Ղուկասի իւրայատուկ ոճը ակնյայտօրէն կ՚երեւի իր գիրքերուն (Ղուկասու աւետարան եւ Գործք առաքելոց) մէջ։ Ան ունի հարուստ բառամթերք։ Ղուկաս իր Աւետարաններուն մէջ, աւելի քան 800 բառեր գործածած է, որոնք միւս Աւետարանիչները իրենց Աւետարաններուն մէջ երբեք չեն գործածած»։

Ղուկաս աւետարանիչ ընկերակցած է Պօղոս առաքեալի ճամբորդութեանց ընթացքին։ Ան Պօղոսի հետ առաջին անգամ կը տեսնուի Տրովադայի եւ Մակեդոնիայի մէջ (Տե՛ս Գրծ 16. 10-11), ապա որոշ ժամանակ մը ետք Փիլիպպէի մէջ դարձեալ կը միանայ Պօղոս առաքեալի (Տե՛ս Գրծ 20.6) եւ անոր հետ միասնաբար կու գան Երուսաղէմ, (Տե՛ս Գրծ 20.6-21։18) եւ ի վերջոյ Հռոմի մէջ (Տե՛ս Գրծ 28.30)։

Ղուկասի անունը Աւետարանին մէջ յիշուած է երեք անգամ.

1.- Կողոսացիներուն նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ անոր մասին ըսած է. «Ձեզի բարեւներ ունին նաեւ սիրելի բժիշկ Ղուկասը եւ Դեմասը» (Կղ 4.14)։

2.- Երկրորդ Տիմոթէոսի նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը տեղեկացնէ Տիմոթէոսի, թէ «Միայն Ղուկասը կայ քովս» (Բ.Տմ 4.11)։

3.- Փիլիմոնի նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ «Նոյնպէս քեզի բարեւներ ունին միւս գործակիցներս՝ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը եւ Ղուկասը» (Փլմ 24)։

Վերեւ յիշուած հաւաստումները ինքնին ցոյց կու տան, թէ Ղուկաս հաւատարիմ գործակիցն էր Պօղոս առաքեալի։ Ան ընկերացաւ առաքեալին իր ճամբորդութեանց մէջ, ո՛չ միայն երբ յաջողութիւն կ՚արձանագրէր եկեղեցիներ հաստատելու գործը, այլեւ անոր նեղութեանց, դժուարութեանց ու ձերբակալութեանց ժամանակ։

Ըստ աւանդութեան, Ղուկաս 74 տարեկանին Յունաստանի մէջ ձիթենիէ մը կախուելով նահատակուած է։ 357 թուին Կոստանդիանոս կայսրը անոր դիակը փոխադրած է Պոլիս, իսկ 1177-ին՝ Իտալիա։

Բ) ՈՐՈ՞Ւ ԵՒ Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿԱՒ ԳՐՈՒԱԾ Է ԱՅՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ

Ղուկաս իր Աւետարանը ուղղած է Թէոփիլոսին, ինչպէս ինք կը յիշէ իր Աւետարանի նախաբանին մէջ (Տե՛ս Ղկ 1.1-4) եւ անոր միջոցաւ հեթանոսութենէ դարձող քրիստոնեաներուն։

Ո՞վ էր Թէոփիլոս։

Թէոփիլիոս յունարէնով կը նշանակէ զԱստուած սիրող։ Ոմանք կը խորհին, թէ Թէոփիլոս այդպէս կոչուած անձ մը չէ, այլ՝ մակդիր մըն է, որ կը ծառայէր որպէս ծածկանուն՝ տրուած որեւէ քրիստոնեայ անհատի։ Սակայն միւս կողմէ պէտք է ըսել, թէ յունարէն բնագրին մէջ գործածուած բառն է Krastistos, որ կը նշանակէ «աստուածասէր, հզօրագոյն»։ Նշենք, որ այս ծածկանունը մակդիր մըն էր, որ ընդհանրապէս կը տրուէր կառավարական բարձր պաշտօնեայի մը եւ կամ ազնուականի մը։

Ըստ աւանդութեան, կ՚ըսուի, թէ ան Թէոփիլոսի ստրուկն էր։ Եւ Երբ Ղուկաս բժշկեց զինք, Թէոփիլոս զայն ազատեց ստրկութենէն, եւ Ղուկաս առ ի երախտագիտութիւն՝ իր Աւետարանը ղրկեց Թէոփիլոսի։

Կան նաեւ անոնք, որոնք կը խորհին, թէ «Պատուական Թէոփիլոսը»ը ազնուական ծագում ունեցող մէկն էր, հաւանաբար նորադարձ քրիստոնեայ մը, որուն ի պատիւ Ղուկաս կը ձօնէ իր գրութիւնը։ Իսկ «պատուական» բառը ինքնին կը փաստէ Ղուկասի ու Թէոփիլոսի միջեւ եղած սերտ բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը։

Աստուածաշունչի ուսումնասէրներէն ոմանք կը յայտնեն այն կարծիքը, թէ Թէոփիլոս ստանձնած էր Ղուկասի Աւետարանի տարածման գործը։

Խորքին մէջ Ղուկաս իր Աւետարանը չէ գրած աւետարան մը գրելու նպատակաւ, այլ ան դէպքերու իրերայաջորդ ներկայացում մըն է, որ կը կատարէ, որպէսզի կարենայ ընթերցողին հաւատքը ամրապնդել, այսինքն` Քրիստոսը ճանաչելի դարձնել, ինչպէս ինք կ՚ըսէ իր Աւետարանի նախաբանին մէջ (Ղկ 1.1-4)։

Ղուկաս իր Աւետարանը գրած է հեթանոս յոյներուն համար, որոնց իտէալն էր իմաստութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Ան զՔրիստոս կը ներկայացնէ որպէս մարդկութեան բարեկամը։ Տակաւին, Ղուկաս իր Աւետարանի ընդմէջէն ցոյց կու տայ յոյներուն Քրիստոսի աստուածային փրկարար գործերը, այն ինչ որ յունական փիլիսոփայութիւնը եւ մարդկային իմացականութիւնը չէր կրցած իրագործել։ Ասոր համար անոր Աւետարանը կոչուած է «Աստուածային բարեկամութեան Աւետարան», «Յիսուս Փրկչի Աւետարան», «Փրկութեան Աւետարան»։

Վերոյիշեալ բոլոր տեսութիւնները նկատի առնելով, կրնանք ըսել, թէ Ղուկասու աւետարանը ուղղուած էր անձի մը՝ Թէոփիլոսի, եւ այդ անձին միջոցաւ այս Աւետարանը կը ձգտի հասնիլ շատերու։ Անոր բովանդակութիւնը ինքնին ցոյց կու տայ, որ Ղուկաս կը ջանայ հասցնել իր պատգամը նորահաւատ քրիստոնեաներու, որոնք հրէական ծագում չունէին։ Մէկ խօսքով, Ղուկաս իր Աւետարանը գրած է, որպէսզի հեթանոս ընթերցողին ծանօթացնէ Յիսուս Քրիստոսին, Անոր կեանքին ու վարդապետութեան, աստուածային փրկագործութեան մասին, որ ան ալ իր կարգին բաժին ունենայ երկնքի արքայութեան մէջ։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018