ԱՄՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մշտապէս կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերու ղեկավարներու միջեւ շփումներուն։

Ճորճ Քենթ, որ փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալն է, վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան երէկ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց ամերիկեան դեսպանատան մէջ։ Այս առթիւ Քենթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ, մշտապէս աջակցած է ու կ՚աջակցի, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերը միասին խօսին, երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ըլլան շփումներ։ Ան ըսաւ. «ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսաստան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ միասին կը հանդիսանան ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներ։ Բոլորս կ՚ընդունինք Մատրիտեան սկզբունքները, որոնց հիմնական կէտերն են ուժի չկիրարկումը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը»։

Քենթ յիշեցուց, որ ԱՄՆ վերջերս ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի շրջանակներէն ներս նպաստեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման։ Յաջորդ քայլափոխին, Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ «Այդ շփումը երկու երկիրներու ղեկավարներն ալ դրական կը համարեն», ըսաւ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ճորճ Քենթ նշեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աշխատիլ Երեւանի հետ։ Ըստ իրեն, յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, սակայն վայրն ու ժամկէտը տակաւին յայտնի չեն։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Քենթ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կ՚ըլլան ազատ, արդար եւ մասնակցային։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018