ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՍ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՀԵՏ
Արա Կիւլէրը առաջին անգամ տեսայ 2011 թուականին Իսթանպուլի մէջ: Այցելութեան նպատակը պէյրութահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնին մասնակցութիւնն էր: Անակնկալներով «պատրաստուած» հանդիպումներ էին ժապաւէնին դրուագները, որոնց մէջ էր «Արա քաֆէ» այցելութիւնը եւ տաղանդաւոր լուսանկարիչին՝ Արա Կիւլէրի հետ հանդիպումը:
Պոլսոյ անուանի «Իսթիքլալ» պողոտային կից «Արա քաֆէ»ն ժամադրավայրն էր քաղաքի արուեստասէր երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջիկներուն։
Կիւլէրի օգնական թուրք անձնաւորութիւնը մեր խումբին մօտենալով կը յայտնէր. «Այսօր վարպետին տրամադրութիւնը տեղն է, հետեւաբար դիւրին պիտի ըլլայ անոր հետ քանի մը խօսք փոխանակելը»: Ան նաեւ պայման կը դնէր, որ մեր զրոյցը տասն վայրկեանը չանցնի, որպէսզի «վարպետը չյոգնի»:
Նախ դանդաղ քայլերով կը մօտենար մեզի ու բարեւելէ ետք կարճ ծանօթութեամբ սկիզբ առած զրոյցը կը տեւէր երկար:
Պատմողը վարպետն էր, պարզ անմիջական հայերէնով մը, որուն մէջ միջանկեալ կրնային տեղ գտնել Պոլսոյ խօսակցական թրքերէնին յատուկ ըսելաձեւեր ու բառեր, շատ յաճախ փողոցային ասացուածքներ ու իրավիճակը ներկայացնող բարբառային արտայայտութիւններ:
«Շատ կը սիրեմ իմ քաղաքը: Բոլոր աշխարհը պտըտեցայ, բայց աս Պոլիսին պէս տեղ մը չգտայ: Գիտէք ինչո՞ւ կը սիրեմ զայն, որովհետեւ ան իմ քաղաքս է: Նիւ Եորքը եւ Մոնթրէալը իմս չեն, իմս է Պոլիսը, ուր բազմաթիւ յիշողութիւններ ունիմ: Հոս երազներս սկիզբ առին ու ընթացք առաւ իմ կեանքի մեծ ճամբորդութիւնը»:
Այսպէս կը խօսէր Կիւլէր՝ համոզիչ, յաճախ բարկացոտ, յաճախ լուտանքներով ու երբ մեզմէ ոեւէ մէկուն բերնէն ելած խօսքը իր մօտեցումներուն համահունչ չըլլար՝ ան կը դիմադարձէր հատու եւ հաստատակամ:
Ան էր ըսողը. «Դուն ի՞նչ գիտես Պոլսոյ մասին, բան մը գիտե՞ս, հատէ ըսէ նայիմ, ի՞նչ գիտես այս խոշոր քաղաքին մասին: Նիւ Եորք է եղեր (կը քմծիծաղի), ի՞նչ կայ Նիւ Եորք. միայն աղբ կայ: Ես Նիւ Եորք գացի՝ բան չտեսայ: Նկարիչիդ ըսէ այս մասերը թող չհանէ: Հոս՝ Պոլիսը, այս տեսած Պոլիսդ աշխարհի կեդրոնն է: Նիւ Եորքը ի՛նչ է ասոր քով... ոչինչ»:
Բեմադրիչ Պէզճեան յարգելով Կիւլէրի խօսքը՝ անոր հնչեցուցած միտքերուն հիմնական մասը կը պահէր տեսերիզին մէջ:
Զրոյցէն անմիջապէս ետք մեզի առիթ կը տրուէր բարձրանալ Կիւլէրի լուսանկարներուն յատկացուած եռայարկ շէնքը, ուր օրինաւոր եւ արդիական բոլոր պատեհ միջոցներով կը պահպանուին անոր «որսացած» գրեթէ բոլոր լուսակարներն ու մանաւանդ այդ լուսանկարներու «նեկաթիւ»ները:
Տուփերու մէջ, թուագրուած, ցուցակագրուած եւ նոյնիսկ խորագրուած լուսանկարներ, որոնք առնուած են աշխարհի չորս կողմերէն, երբ հարիւրաւոր առիթներով անուանի հայ լուսանկարիչը կատարած է աշխատանքային կամ անձնական բնոյթի ճամբորդութիւններ:
Մեզի ընկերակցողին հարց կու տանք, թէ քանի՞ լուսանկար «քաշած» է Կիւլէրը եւ կը ստանանք պատասխանը. «Շուրջ մէկ միլիոն, եթէ ոչ աւելի»:
Արա Կիւլէր, կամ ինչպէս կ՚ընդունուի, «Իսթանպուլի աչք»ը լուսանկարած է աւելի քան մէկ միլիոն լուսանկարներ, որոնցմէ շատ-շատերը արժանացած են միջազգային ճանաչումի ու կը գնահատուին որպէս արուեստի գործեր:
Արա Կիւլէրի հետ իմ ունեցած հանդիպումը սեղմ էր, բայց երկար տարիներու վրայ ազդեցութիւն թողած էր։ Այս մասին մտածելու ատեն մտքիս մէջ կ՚ուրուագծուին անոր սիրոյ խոստովանութիւններն ու յաւերժական սէրը քաղաքի մը հանդէպ, որ մեր նախնիներէն շատերուն համար (յատկապէս անոնց համար, որոնք կը ճանչնան Պոլիսը) կը շարունակէ մնալ արեւմտահայ մշակոյթի տուն եւ օրրան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան