ՍԷՐ, ՅՈՒԶՈՒՄ, ԱՂՕԹՔ

Վաղը տեղի պիտի ունենայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը։ Իր մահը ոչ միայն մեծ ցաւ ստեղծած է ամբողջ աշխարհի մէջ, այլեւ որոշ չափով կը բնորոշէ օրակարգը։ Վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ համատարած զօրակոչի մը մթնոլորտը ստեղծուած է՝ պատշաճ շուքով հրաժեշտ տալու համար իրեն։ Եկեղեցւոյ յուղարկաւորութեան առընթեր նախատեսուած են նաեւ սգահանդէսներ։ Սա վերջին առիթն է մեծանուն վարպետի վաստակին ու ժառանգութեան առջեւ բիւր յարգանքով խոնարհելու համար։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կը շարունակեն յատուկ թողարկումներ ընել իր մասին։

Արա Կիւլէր վարպետը վաղը հրաժեշտ պիտի առնէ անմահ հերոսի մը նման եւ բոլորը այս փուլին համակուած են իրեն նկատմամբ սիրով, յուզումով եւ աղօթքով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018