ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 2800-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը նշուեցաւ յոբելենական աննախընթաց խրախճանքով մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ իսկապէս եզակի օր մըն էր ժողովուրդի բարձր տրամադրութիւնով։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանիէն դէմքեր ողջունեցին այս յոբելեանը։ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն ալ շը-նորհաւորեց յոբելեանը ու մաղթեց, թէ Երեւան միշտ ըլլայ երիտասարդ քաղաք մը։

Յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցաւ «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնը։ Այս տարի հեծանուայ արշաւ մըն ալ նախատես-ւած էր Երեւանի յոբելեանին առթիւ եւ այդ մէկը առաջնորդեց քաղաքապետ Մարութեան։ Օտար երկիրներէ պատուիրակութիւններ ալ մասնակցեցան տօնակատարութիւններուն։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Երեւան յաւերժական պատմութիւն է եւ յաւերժական երիտասարդութիւն։ Գործընկեր քաղաքներու եւ մայրաքաղաքներու ներկայացուցիչները փափաք յայտնեցին սերտացնել համագործակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետարանին հետ։ Այս ամբողջին մէջ Հայկ Մարութեան հիւրընկալեց Մարսէյլի փոխ-քաղաքապետ Տիտիէ Բարակեանը։

Մայրաքաղաքի բոլոր գլխաւոր հրապարակներուն վրայ երէկ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տեղի ունեցան զանազան համերգներ։ Օրուան տեւողութեան ազատամարտիկ Արթուր Կարապետեանի յիշատակին ձօնուած պուրակին մէջ ալ բացուեցաւ Երեւանի 2800-ամեակին յուշարձանը։ Բացումը կատարուեցաւ Հայկ Մարութեանի կողմէ։ Ճազի, ռաքի եւ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչները՝ բոլորը իրենց ոճով մասնակցեցան յոբելեանի խանդավառութեան։ Մայրաքաղաքի Մանկական զբօսայգիին մէջ ալ փոքրիկներուն համար ալ գործադրուեցաւ մասնաւոր յայտագիր մը։

Տօնական օրուայ աւարտին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ աւանդական մեծ համերգը, որ եզրափակուեցաւ հրավառութիւնով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018