Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ նորին սրբազնութիւնը, որու կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր փոխանորդը այս օրերուն պիտի գտնուէր Լոս Անճելըսի մէջ, սակայն Արա Կիւլէրի մահուան հետեւանքով յետաձգած էր իր այցելութիւնը։ Այս շաբթուան վերջաւորութեան եւ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած են Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովները։ Նկատի ունենալով, որ նստաշրջանը կը զուգադիպի 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնի շրջանին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի բացակայի ակամայ։ Ուստի, ընդհանուր փոխանորդը յարմար դատած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին ընդառաջ մեկնիլ Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018