ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԴԱՍՈՒԻ ԱԶԱՏ ՀԱՄԱՑԱՆՑ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
«Ֆրիտըմ հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւն՝ 2018-ին» զեկոյցը, որուն համաձայն, այդ մարզէն ներս յառաջխաղաց արձանագրուած է 19 երկիրներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Հայաստան, ուր արձանագրուած յատկանշական բարելաւումներուն շնորհիւ՝ երկիրը անցած է «Ազատ» նկատուող երկիրներու շարքին, մինչ նախապէս կը գտնուէր «Մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ:
Համացանցի օգտագործման ազատութիւնը նահանջ արձանագրած է 26 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի պարագային, բարելաւումը ուղղակիօրէն կապ ունի թաւշեայ յեղափոխութեան հետ, որու ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիները աշխուժօրէն գործածած են համացանցային ընկերային ցանցերու տեղեկատուական հարթակները, հաղորդակցութեան յաւելուածները եւ համացանցով իրադարձութիւններու ուղիղ սփռումները:
Նոր ցանկին վրայ, Հայաստան, համացանցի ազատութեան առումով, աշխարհի մէջ կը գրաւէ 27-րդ դիրքը: Տարածքաշրջանին մէջ Հայաստանէն աւելի լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի միայն Վրաստանը՝ 25-րդ, մինչ Ատրպէյճան կը մնայ «Մասամբ ազատ»ներու ցանկին վրայ՝ գրաւելով 60-րդ դիրքը:
Զեկոյցը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ մեծ թիւով երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը խստացնեն համացանցը օգտագործողներու անձնական տուեալներու հսկողութիւնը, իսկ ուրիշներ «կեղծ» որակուող տեղեկատուութեան դէմ պայքարի պատրուակով կը լռեցնեն այլախոհները, ինչ որ վնաս կը հասցնէ ո՛չ միայն համացանցին, այլ նաեւ՝ ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան նկատմամբ հանրութեան վստահութեան: