ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան վերջերս այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ։ Այս առթիւ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Լոս Անճելըսի մէջ կեցութեան օրերուն պատարագեց Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի եւ Մայր տաճարի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները։

Պատարագիչ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան խօսեցաւ քարոզ մը եւ իր հայրական հետաքրքրութեան, հոգածութեան եւ օրհնութիւններուն առարկայ դարձուց փոքրիկ հաւատացեալները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018