ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ Է ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ՅԱՐՄԱՐԻԼ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ»

Պահ մը տեղափոխուինք Պէյրութ։ Պէյրութի կեդրոնական հատուած։ Այդ շրջանը յատկապէս նախապատերազմեան ժամանակ կը համարուէր լիբանանահայութեան մշակութային կեանքի ամենէն բանուկ վայրերէն մին։

Հայութեան կրթական-մշակութային եւ նոյնիսկ կրօնական հիմնական կառոյցները կը գտնուէին այդ թաղամասերուն մէջ, որոնք պատերազմին հետեւանքով դարձան որպէս «արեւելեան Պէյրութ», ուր տիրական կը դառնար երկրի «յառաջդիմական ուժեր»ուն ներկայութիւնն ու տիրապետութիւնը։

Այդ փուլին էր նաեւ, որ պէյրութահայութեան կարեւոր մէկ մասը լքեց այդ շրջանները՝ բռնելով արտագաղթի ճամբան։ Իսկ անոնք, որոնք վճռեցին Լիբանանի մէջ շարունակել իրենց կեանքը՝ հաստատուեցան Պէյրութի արեւմտեան հատուածին մէջ, որ կը համարուէր աւելի «ապահով» եւ քրիստոնէական շրջան մը։

Այդ օրերուն Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ կը գործէին հինգ կարեւոր վարժարաններ, որոնց չորսը պատերազմական պայմաններու հետեւանքով փակեցին իրենց դռները։

Ինչպէս այդ օրերուն, ցայսօր ալ կանգուն կը շարունակէ մնալ Հայ աւետարանական քոլէժը, որ իր առաքելութենէն անդին էր եւ կը շարունակէ հանդիսանալ ո՛չ միայն կրթական «ովասիս» մը, այլեւ՝ գրեթէ երեք սերունդներ դաստիարակած եւ մտաւորական սերուցք պատրաստած կրթական ինքնատիպ օճախ մը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այսօրուան եւ յաջորդական երկու թիւերով իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արմէն Իւրնէշլեանին հետ Երեւանի մէջ կատարած իմ հարցազրոյցը։

Ըլլալով հմուտ կրթական գործիչ, նաեւ յանձնառու մտաւորական, Պրն. Իւրնէշլեանին հետ շօշափած ենք տարաբնոյթ հարցեր։ Լիբանանի կրթական համակարգի դիմագրաւած հարցերէն, ընդհուպ մինչեւ սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի մասին իր առաջարկներէն՝ մինչեւ պէյրութահայ արդի երիտասարդութեան մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները։

Ըլլալով անկեղծ եւ իր ոլորտի մասին քաջատեղեակ անձնաւորութիւն, Արմէն Իւրնէշլեան մարդը, մտաւորականը եւ կրթական պատասխանատուն, միշտ եղած է պատրաստակամ ու հարազատ խօսակից մը, բան մը, որ աւելիով կը դիւրացնէ անզէն աչքով իրականութիւնները հանրութեան ներկայացնել ջանացող լրագրողին աշխատանքը։

Բարի ընթերցում։

*

-Պրն. Իւրնէշլեան, ինչպէս գիտենք 1970-ականներուն ձեւակերպում մը ի յայտ եկաւ, ըստ որուն Պէյրութը կը համարուէր սփիւռքի սիրտը։ Մշակութային, քաղաքական, կրօնական եւ առհասարակ սփիւռքը պահող հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայութեան պատճառով։ Այս խօսքը այսօր ինչքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան:

-Մտաւորական առումով, այո՛, Պէյրութը տակաւին կեդրոն է։ Անշուշտ հայախօս մտաւորականութեան առումով, որովհետեւ երբ մենք կը խօսինք գրական կեդրոնի, մամուլի կեդրոնի, հայագիտական կեդրոնի մասին, արդէն ստիպուած ենք տարբերակում մը ընել հայախօս եւ ոչ-հայախօսի միջեւ: Քանի որ չենք կրնար անտեսել ոչ-հայագիր գրականութիւնը, որ այսօր կը ստեղծուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Երբ կ՚աշխատէի թէզիս կապակցութեամբ՝ նկատեցի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործած են եւ տակաւին կը գործեն տասնեակ մը թատերագիրներ, որոնք անգլերէն կը գրեն, բայց հայ են: Եթէ Սարոյեան հայ գրականութեան մաս կը կազմէ, ուրեմն անոնք ալ հայ գրականութեան մաս կը կազմեն: Որակի մասին չեմ կրնար խօսիլ, քանի որ չեմ ուսումնասիրած, սակայն անոնց թիւը պատկառելի է: Լիբանանահայութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին չէ ունեցած այսքան մեծ թիւով թատերագիրներ: Հետեւաբար պէտք է տարբերակել արդէն. այո՛, հայագիր մամուլի, հայագիր գրականութեան կեդրոնը տակաւին կրնանք համարել Պէյրութը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, կուսակցական մարմինները եւ այլ միութիւններու գործունէութիւնը տակաւին աշխոյժ ձեւով կը շարունակուին Պէյրութի մէջ: Սակայն երկրին մէջ առկայ տնտեսական տագնապը, եթէ շարունակուի աճիլ, կրնայ ազդել հայ ընտանիքներու ու անոնց մտածելակերպին վրայ եւ բազմազան ժխտական ազդեցութիւններ գործել յետագային: Ո՞ր բնագաւառներու մէջ, ի՞նչ չափով պիտի ըլլան այդ ազդեցութիւնները չեմ կրնար ըսել, բայց որպէս կրթական մշակ կրնամ ըսել, որ բաւական փոփոխութիւններ պիտի տեսնենք կրթական կեանքին մէջ։ Այսօր արդէն սկսած ենք տեսնել, կարգ մը հայկական դպրոցներու միաւորումը, որ աննախադէպ երեւոյթ է պէյրութցիներուն համար։

-Լիբանանահայ գաղութի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի՞, թէ տագնապի մը սեմին է։ 70-ականներուն ալ՝ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, նման տագնապներու ականատես եղած էք, գուցէ եւ ապրած այդ տագնապները։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքով այն գործիքակազմը, որով կարելի է լուծումներու յանգիլ ու դուրս գալ դժուարին վիճակներէ։

-Չեմ կրնար ըսել, որ ղեկավարութիւնը մտահոգուած չէ ամբողջովին, ճիշդ պիտի չըլլայ իմ կողմէս այդպիսի արտայայտութիւն մը: Օրինակ մը տամ. երբ Լիբանանի պետութիւնը հրամանագիր հրապարակեց, որով աշխատավարձերու յաւելում կատարուեցաւ՝ առաջին անգամ ըլլալով, ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, բոլոր տնօրէններու համատեղ ժողով մը իրականացաւ, բոլոր դպրոցները եւ բոլոր յարանուանութիւնները ներկայ էին եւ փորձեցին միասին ելքեր որոնել այս տագնապէն դուրս գալու համար: Անիկա առաջին փորձն էր եւ այնտեղ հնչեցին տեսակէտեր, թէ ինչո՞ւ համար, օրինակ, քաղաքական ղեկավարութիւնը՝ երեսփոխաններ, կուսակցութիւններ եւ այլն տակաւին հաղորդագրութիւն մը չեն հրապարակեր ըսելու համար, որ իրենք մտահոգ են այս հարցով: Նոյնիսկ հոն պահանջուեցաւ, որ երեք յարանուանութիւններու բարձրագոյն մակարդակով շարժում մը սկսի, որպէսզի մենք տեսնենք, թէ այդ մակարդակով ալ համայնքային ղեկավարութիւնը հետաքրքրուած է: Գիտենք, լսած ենք, որ իւրաքանչիւրը, առանձին-առանձին, իսկապէս մտահոգ է իր կառոյցով, սակայն համախումբ բան մը չեղաւ: Առնենք դպրոցներու պարագան. եթէ Լիբանանի դպրոցները միասնական ձեւով կոչ մը յղեն, պիտի ըսենք, որ իսկապէս ղեկավարութիւնը մտահոգ է: Սակայն իրականութեան մէջ տագնապը նիւթական է եւ շատ ծանր է: Ես կ՚ուզեմ ամէն չարիքի մէջ բարիք տեսնել, ու այս առումով ալ իմ տեսակէտով Լիբանանի ազգային վարժարաններու բարձրագոյն մարմինը նախազգաց եւ ատոր համար ալ բոլոր դպրոցները մէկտեղեց մէկ յարկի տակ, զայն վերակոչելով ՝ «Ազգային միացեալ վարժարան»։

-Ըստ ձեզի, այս մէկը դրական քա՞յլ մըն է:

-Ազգային վարժարաններու պարագային, այո՛, ես դրական կը նկատեմ առնուած քայլը, որովհետեւ նոյնը ՀԲԸՄ-ի դպրոցները պիտի ընեն։ Ուրեմն քանի մը վարժարաններու մէկ յարկի տակ միաձուլումը ներկայիս լաւագոյն ընտրանքն է։

-Ձեր կարծիքով՝ թաղային դպրոցներու փակումը ժխտական անդրադարձ կրնա՞յ ունենալ։

-Եթէ հայկական դպրոցը պիտի գոյատեւէ, ստիպուած է քայլ պահել եւ յարմարիլ այսօրուան իրավիճակին։ «Թաղային դպրոց» ըմբռնումը Լիբանանի մէջ տակաւին կայ: Սակայն, նիւթական տագնապը բաւական ճնշող է եւ այդ մէկը կը պարտաւորեցնէ, որ համայնքային վարիչներ վճռական եւ յաճախ ժողովուրդին կողմէ ոչ այնքան ողջունելի քայլերու դիմեն։ Ի դէպ պետութեան կողմէ նախատեսուած ուսուցիչներու համար նախատեսուած յաւելումը կը հասնի մօտաւորապէս եօթանասուն առ հարիւրի, իսկ եօթանասուն առ հարիւր կը նշանակէ գանձուած կրթաթոշակները աւելցնել առնուազն եօթանասուն առ հարիւր: Այսինքն, եթէ դպրոց մը աշակերտի ծնողներէն կը գանձէր միջին հաշիւով 2500 ամերիկեան տոլար, այսօր ան պարտաւոր է գանձել 4000 ամերիկեան տոլար:

-Մեր ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ մենք կը խօսինք պետութեան կողմէ վճռուած եւ Լիբանանի ուսուցիչներուն համար նախատես-ւած յաւելավճարներուն մասին, որուն համար երկրի ուսուցիչներու սենտիքան բաւականին երկարատեւ պայքար մը տարաւ եւ ի վերջոյ... յաղթանակեց։ Դուք կո՞ղմ էիք այդ որոշումին։

-Դժուար կացութիւն է... ինչ խօսք, որ ուսուցիչներուն թոշակները բաղդատելով այլ պաշտօններու, երբեմն նոյնիսկ արհեստներու հետ, շատ ցած էր եւ արդար էր, որ յաւելում մը կատարուի: Սակայն, այս պարագային, դժբախտաբար, արդարութիւնը եւ այդ արդարութեան կիրարկումը իրար չեն համալը-րեր, որովհետեւ որքան որ արդար է, նոյնքան նաեւ ճիշդ է, որ անհատական դպրոցները, մոռնանք օտար-արաբական դպրոցները, հայկական դպրոցներէն շատ քիչեր, այս տարեշրջանէն սկսեալ պիտի կրնան այդ յաւելումները վճարել։ Չեմ ուզեր անուններ տալ, սակայն որոշ տնօրէններ նոյնիսկ մտահոգութիւն արտայայտած են այդ յաւելումները վճարելու առընչութեամբ: Այդ քայլը ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ աշակերտութեան թիւին վրայ: Որքան ալ որ համախմբուինք, իբրեւ տնօրէններ, իբրեւ տարբեր համայնքներու, տարբեր կուսակցութիւններու անդամներ կամ ներկայացուցիչներ, այնուամենայնիւ միշտ հայկական դպրոցներու միջեւ մրցակցութիւն մը պիտի ըլլայ։ Դժբախտաբար հիմնական աշխատանքը, որ կրկին տեսականօրէն գեղեցիկ է, սակայն գործնական գետնի վրայ չեմ գիտեր, թէ որքան հնարաւոր կ՚ըլլայ, այն է, որ օտար դպրոց գացող աշակերտները հրապուրենք դէպի հայկական դպրոցներ։ Ըստ իս, մենք պէտք է աշխատինք այս գծով: Մենք նոյնիսկ յստակ թիւ չունինք օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտութեան կապակցութեամբ, կամ չենք գիտեր, թէ անոնց ծնողները ինչո՞ւ նախընտրած են օտար դպրոց ղրկել իրենց զաւակները: Մենք պէտք է այս պատճառներուն վրայ աշխատինք եւ փորձենք սրբագրել ու այդ աշակերտները ետ բերել, եթէ մեր կողմէ թերացում եւ բացթողում կայ: Կը կարծեմ, որ այս պէտք է ըլլայ մեր հիմնական աշխատանքը:

-Թոյլ տուէք հարցում մը տալ հայկական շրջաններու «թաղային վարժարաններ»ու մասին։ Իմ տեղեկութիւններով, Պոլիսը մինչեւ օրս նոյն այդ թաղային մարմիններու եւ անոնց շուրջ գոյացած թաղականութեան ճիգերով է, որ կը շարունակէ «ապրեցնել» այդ դպրոցները։ Ինչո՞ւ այդ մեթոտը չորդեգրուեցաւ Պէյրութի պարագային։

-Ստոյգ տեղեկութիւններ չունիմ, թէ Պոլսոյ թաղային դպրոցները ինչպէս կը գոյատեւեն: Մեր թաղային դպրոցները, հիմնականին մէջ, ազգային վարժարաններ են, որոնք միացան: Երկու բան կայ. ազգային վարժարանները կեդրոնաձիգ իշխանութեան մը կը հետեւին, այսինքն ազգային իշխանութիւն, ուսումնական խորհուրդ, առաջնորդարան եւ այլն, հետեւաբար թաղային խորհուրդները դպրոցներուն տէրերը չեն Լիբանանի մէջ:

-Քիչ առաջ մատնանշեցիք օտար վարժարաններ յաճախող երեխաներու հարցը. իրապէ՞ս մտահոգիչ երեւոյթ է այդ մէկը Պէյրութի մէջ:

-Այո՛, արդէն մտահոգիչ է... ես կ՚ենթադրեմ, որ Պոլիսէն սկսեալ միշտ ալ եղած է խաւ մը, հարուստ դասակարգի խաւ մը, որ զանազան պատճառներով նախընտրած է օտար վարժարան ուղարկել իր զաւակները։ Սակայն խնդիրը այն է, որ ներկայիս օտար վարժարան յաճախողները միայն հարուստ խաւերուն չեն պատկանիր։ Կայ միջին եւ միջինէն վար խաւ մըն ալ, որ կը նախընտրէ օտար վարժարան յաճախել եւ շատ յաճախ կրկնակի ամսական վճարելով: Դժբախտաբար օտարամոլութիւն մը կայ: Առաջին անգամն է, որ այս մասին մամուլի ճամբով կը բարձրաձայնեմ։ Հայերէն լեզուէն եւ հայագիտական նիւթերէն փախուստ մը կայ... եւ հետաքրքրականը այն է, որ այն սերունդը, որ այսօր ծնողք է եւ 9-12 տարեկան զաւակ ունի՝ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ է: Իսկ ինչո՞ւ համար հայկական վարժարանէ քսան տարի առաջ շրջանաւարտ եղած մէկը հիմա կը նախընտրէ օտար դպրոց ղրկել իր զաւակը: Պէտք է մեր մէջ փնտռենք թերութիւնները, միեւնոյն ատեն չեմ կրնար ամբողջ յանցանքը մեզի վերագրել: Իսկապէս կայ չտեսութիւն մը, իսկապէս կայ օտարամոլութիւն մը... մեր վարժարաններու մակարդակը նուազ չէ օտար դպրոցներու կրթական մակարդակէն։ Ներկայիս մեր վարժարանը ունի տասը ոչ հայ եւ ոչ քրիստոնեայ տղաք ու աղջիկներ, որոնք երբ հայերէն խօսին, զանոնք երբեք չէք կրնար հայ աշակերտներէ զանազանել։ Այս տարեշրջանի հայերէն ուղերձը կատարեց շիի համայնքի անդամ պատանի մը, որ ինք գրած էր իր կարդացած ուղերձը։ Եղածը շատ ազդեցիկ էր ու յուզեց բոլոր ներկաները: Մենք ունինք իսլամ աշակերտներ, որոնք շաբաթը երեք անգամ կրօնական պաշտամունքի կը մասնակցին եւ բոլորին հետ կ՚աղօթեն: Անոնք խնդիր չունին, մենք նոյնպէս խնդիր չունինք։ Անոնց ծնողները կը նախընտրեն, որ իրենց զաւակները մեծնան քրիստոնէական միջավայրի մէջ, որովհետեւ յարգանք ունին մեր դաստիարակութեան՝ մեր ջամբած բարոյական դաստիարակութեան հանդէպ։ Կը յարգեն մեր խստապահանջ ըլլալն ու դպրոցին կարգ ու կանոնը եւ այդ պատճառով է, որ մեր դպրոցը նախընտրած են ։

-Դուք կը ղեկավարէք Լիբանանի Հայ աւետարանական գլխաւոր երկու վարժարաններէն մին, որ կը գտնուի Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ։ Զանազան առիթներով լսած ենք, որ դպրոցը կանգնած է փակման վտանգին տակ։ Ինչքանո՞վ ճիշդ են այս խօսակցութիւնները եւ ի վերջոյ այսօր ինչպէ՞ս կը շարունակէ գոյատեւել ձեր դպրոցը։

-Անցեալ տարի մեր ուսումնական տարեշրջանը փակեցինք 115 շրջանաւարտներով։ Հաւանաբար եկող տարի կարենանք պահել նոյն թիւը եւ նոյնիսկ աւելնայ մեր աշակերտութեան թիւը։ Դպրոցը կը գոյատեւէ շատ դժուարութեամբ, նուիրատուութիւններով: Այսինքն դպրոցին տէրը առաջին հերթին Հայ աւետարանական եկեղեցին է, որ մեր հիմնական նեցուկն է, առաւել դպրոցի շրջանաւարտները, ոմանք մեծագումար, ոմանք իրենց կարողութիւններու սահմաններուն մէջ, բայց կանոնաւոր կերպով դպրոցին նուիրատուութիւններ կը կատարեն: Հոգաբարձութիւնը ձեռնարկներ կը կազմակերպէ նիւթական ապահովելու համար, դրամահաւաք եւ այլն: Հայ աւետարանական քոլէճը չի կրնար չգոյատեւել.... Նախապատերազմեան շրջանին մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ հինգ վարժարաններ կային՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, Տէմիրճեան նախակրթարան, ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան եւ Աւետարանական քոլէճը։ Այս դպրոցներէն չորսը կա՛մ փակուեցաւ կա՛մ փոխադրուեցաւ արեւելեան Պէյրութ: Հայ աւետարանական քոլէճը մնաց միակ հայկական դպրոցը արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հակառակ անոր, որ արեւմտեան Պէյրութի հայութեան թիւը մեծ անկում կրեց։ Տարօրինակ երեւոյթ մը պիտի ըլլար, որ կեդրոնական Պէյրութի մէջ Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ եւ Հայկազեան համալսարանին մօտ եղող կրթական հաստատութիւնը փակէ իր դռները։ Այս գիտակցութեամբ է, որ կ՚աշխատինք, թէ՛ հոգաբարձութիւնը, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ համայնքը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտները:

-Ի՞նչ է տեղացի հանրութեան մօտեցումը Աւետարանական քոլէճին մասին։ Գիտեմ, որ այդ շրջանը այսօր Պէյրութի ամենաբանուկ հատուածն է։ Յառաջդիմական շրջանակներու եւ լաիք-ձախակողմեան կուսակցութիւններու թաղամասը կը համարուի Համրան, ուր կը գտնուի ձեր տնօրինած վարժարանը։ Այս պարագան ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ դպրոցին վրայ:

-Չեմ կարծեր, որ այդ բոլորը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենան դպրոցին վրայ: Ընդհակառակը կայ դրական ազդեցութիւն մը, որովհետեւ Հայկազեան համալսարանը հոն է, Կեդրոնական դրամատունը հոն է, դպրոցի հարեւանն է յայտնի քաղաքական գործիչ Ուալիտ Ժոմպլաթը եւ այլն: Կ՚ընդունիմ, որ Պէյրութ մայրաքաղաքի արուարձաններու այլ հատուածներու մէջ իսլամութիւնը աւելի ծայրայեղ է, աւելի դրսեւորուած է, իսկ այս շրջանին մէջ ոչ: Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ Աւետարանական հաստատութիւն ըլլալով, մենք բացարձակապէս ոչ մէկ խտրութիւն կը դնենք: Հեռաւոր շրջաններէ աշակերտներ կը յաճախեն մեր վարժարանը, որովհետեւ ծնողները կը հաւատան Հայ աւետարանական վարժարանի ջամբած դաստիարակութեան, որ կրթութեան չափ կարեւոր է։

-Այս բոլորի լոյսին տակ վտանգուած կը տեսնէ՞ք լիբանանահայութեան ապագան։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Ոչ, լիբանանահայութեան ապագան վտանգուած չէ: Լիբանանահայութիւնը բնականաբար նոյնը չէ, ինչպէս որ էր 1975-ին, 15-20 տարի վերջ ալ նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ է այսօր: Ես յստակ տարբերութիւններ կը նկատեմ. չեմ տեսներ դէպի աւելի լաւ կամ դէպի աւելի վատ: Բնական է, որ գաղութին թիւը նօսրացած է, յստակ թիւ չկայ: 2012-ին 28 դպրոց ունէինք, ներկայիս 19 դպրոց ունինք: Գաղութի ապագայով առհասարակ ես լաւատես եմ եւ լաւատեսութիւնս կը բխի նոր սերունդէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը գործակցիմ անոնց հետ ու կը տեսնեմ, թէ ինչ հոյակապ նոր սերունդ մը ունինք։ Իմ սերունդիս հարցը այն է, որ մեր ղեկավարութիւնը ուզեց մեր մէջ իրենց կրկնօրինակումը տեսնել եւ պատերազմն ալ այդ մօտեցումին շատ նպաստեց։ Մենք ձեւով մը, դարձանք մեր ղեկավարներուն ուղղակի կրկնօրինակումը: 2010 թուականին կը մտածէինք այնպէս, ինչպէս 70-ականներուն: Նոր սերուդը տարբեր կը մտածէ եւ մեզմէ տարբեր պէտք է ըլլայ: Ես կ՚ուզեմ այդ սերունդը պահել, դժբախտաբար, երբեմն մեր անիմաստ մոլութիւնները, ըլլայ կուսակցական, ըլլայ յարանուանական, ուսեալ եւ մտածող տարրը մեզմէ «կը փախցնեն»...

Երանի այսինչ միութենէ խրտչելով ուրիշ միութեան մը անդամակցին կամ մէկ կուսակցութեան գործելաձեւէն խրտչելով ուրիշ կուսակցութեան մը անդամ դառնան.. այլ ընդհակառակը անոնք հայութենէ կը հեռանան...: Այսօրուան սերունդը մեզմէ տարբեր է եւ ուզենք կամ ոչ, քանի մը տասնամեակներ վերջ այդ երիտասարդները պիտի գան ազգին գլուխը կանգնելու եւ ազգը ղեկավարելու...

Հետեւաբար պարտաւոր ենք ընդունիլ զիրենք եւ փորձենք գիտելիքով, կողմնորոշումով, դաստիարակութեամբ օգնել եւ ուղղորդել...

Եթէ այս մէկը ընենք, ապա իմ կարծիքով լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս հեռու պահած կ՚ըլլանք ձուլումէ եւ ուծացումէ։

-Խօսինք քիչ մը Սփիւռքի կրթական իրավիճակին մասին։ Վերջերս վերահասու դարձանք Յորդանանի միակ հայկական դպրոցի փակման մասին։ Խնդիրը մասնակի եւ ոչ ամբողջական լուծում ստացաւ, սակայն չեմ գիտեր, թէ եղածը փակման յետաձգում էր կամ՝ լուծում։ Սակայն յայտնի է, որ Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ սկիզբ առած է կրթական համակարգի տագնապ մը, որ կը սպառնայ մեր հոգեմտաւոր կառոյցի, հոգեմտաւոր շէնքի անկումին եւ ասիկա շատ լուրջ օրակարգ է։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:

-Պատասխանիս պիտի սկսիմ անդրադառնալով նոյն Ամմանի միակ հայկական դպրոցին մասին։ Այս դպրոցին մասին տարբեր եւ յաճախ ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հրապարակ ելաւ, սակայն յայտնի է, որ անկախ ամէն ինչէ այդ դպրոցի անմիջական միջավայրին ընդհանուր դիմագիծը այսօր փոփոխութիւն կրած է։ Լուծում կարելի՞ է. այո՛, բայց ինչ որ հասկցայ այդ հողը, որովհետեւ կը պատկանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան, ուրեմն կը նշանակէ, թէ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը պէտք է վաճառէ կամ որոշ կարգադրութիւն մը կատարէ։ Սակայն ամենակարեւորն այն է, որ նոյնիսկ թիւով քսան մնացած հայ աշակերտները բոլոր յարմարութիւնները ունենան հայեցի կրթութիւն ստանալու։

Գալով ձեր հարցին պիտի ըսեմ, այո՛, համաձայն եմ, որ դպրոցներու թիւի նուազումը եւ փակումը հիմնական ժխտական ազդեցութիւն մը պիտի ձգէ ամբողջ սփիւռքի հայամտածողութեան վրայ. ասիկա անխուսափելի է: Բայց միւս կողմէ ալ իմացայ, որ օրինակ՝ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ երկրորդ դպրոց մը կը կառուցուի։ Եղածը թէկուզ քիչ, սակայն յուսադրիչ երեւոյթ է: Այո՛, փակուող դպրոցներու թիւը աւելի մեծ է եւ կայ համատարած տագնապ մը եւ կ՚ենթադրեմ, որ այս տագնապի գլխաւոր պատճառը նիւթական է:

-Ի՞նչ է պատճառը, ըստ ձեզի, հոգելքում կա՞յ:

-Հոգելքում կայ նիւթականի տէր մարդոց կողմէ, որոնք հայկական դպրոցի հիմնական առաքելութիւնը չեն ուզեր տեսնել։ Այսինքն, հայկական դպրոցին կարեւորութիւնը իրենք չեն նկատեր:

-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է պատճառը:

-Պատճառը ըստ իս հետեւեալն է. հայկական դպրոցը, թերեւս, քիչ մըն ալ մեր յանցանքով, դիտուեցաւ որպէս հայերէնի ուսուցման եւ քիչ մըն ալ հայեցի մթնոլորտ ունեցող վայր մը, բայց առաւելաբար հայերէնի ուսուցման վայր։ Եւ երբ սկսաւ կամաց-կամաց կազմուիլ այն տեսակէտը, որ հայերէնի գիտութիւնը եւ հայերէն խօսիլը հայ ինքնութեան պահպանման այդքան ալ հիմնական բաղադրիչներէն մէկը չէ, արդէն սկիզբ առաւ նոր փուլ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը՝ հոգելքումն էր... Կայ նաեւ այլ կարեւոր գործօն մը, որ գոյացաւ Հայաստանի անկախացումէն ետք երբ ըսուեցաւ, որ «հայրենիքն է հայութեան տեղը, հայութեան կեդրոնը հոն է» եւ «Սփիւռքի մէջ ծախսուած մէկ միլիոն տոլարը, եթէ Հայաստանին վերապահենք, ապա հոն կրկնակի արդիւնք կ՚առնենք» ուրիշ հարց, որ հայրենիքի մէջ ալ այդ կաշառակերութեան գումարներէն միլիոններ մսխուեցան՝ Կիւմրիի սառնարաններէն մինչեւ Այնթապի ժանեակի գործարանը:

-Ձեր կրթական-հասարակական կեանքի ծիրին մէջ մեծ տեղ ունի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։ Այսօր շատ բաներ կը լսենք Մելգոնեանի մասին, սակայն գետնի վրայ ստոյգ տուեալներ կամ գործողութիւններ չեն կատարուիր։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Ճիշդը ըսելու համար, ես ալ որեւէ տեղեկութիւն չունիմ Մելգոնեանի մասին եւ նոյնպէս կը լսեմ եւ գուցէ ձեզմէ կը լսեմ, այսինքն մամուլի միջոցով կամ Ֆէյսպուքով:

Սակայն կրնամ ըսել, որ Մելգոնեան վարժարանի սանուց միութիւնները տակաւին կը շարունակեն գործել։ Հիմնականօրէն, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ: Մելգոնեանի փակումը պիտի զգացնէ իր ազդեցութիւնը, գուցէ եւ կը զգացնէ: Խնդիրը հետեւեալն է. Մելգոնեանը փակուելէ առաջ իրաւունք ունէր երկրորդ առիթի մը, թերեւս նոյնինքն Մելգոնեանի մէջ կային կացութիւններ, որոնք պէտք է սրբագրուէին։ Թերեւս պէտք է փոխուէր հայեցակարգ մը, սակայն փակումը սխալ որոշում էր։ Իմ համոզումովս, մենք չենք կրնար խօսիլ վերաբացումի մասին, երբ արդէն տասներեք տարի անցած է: Մելգոնեան փակուեցաւ, 2005-ին եւ այսօր անկարելի է վերադառնալ անցեալի վիճակին։ Սակայն եթէ հարց տաք, որ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, նաեւ Միացեալ Նահանգներու համար որակաւոր հայկական գիշերօթիկ դպրոցի մը կարիքը կայ, ապա պիտի պատասխանեմ այո՛ կայ: Այս մէկը համոզում է, չեմ խօսիր զգացականօրէն, կը խօսիմ բանականութեամբ, բայց այդ դպրոցը ինչպիսի դպրոց պիտի ըլլայ, կրթական ի՞նչ թեքում պիտի ունենայ, ի՞նչ արեւելում պիտի ունենայ՝ անիկա արդէն քննարկելի է: Պիտի ըլլա՞յ այն ինչ որ էր, պիտի ըլլա՞յ այն ինչ, որ այդ դպրոցն էր: Այդ տեսակ նիւթ մըն ալ կար ժամանակ մը, որ պիտի գնեն դպրոցը, հայեցակարգ պիտի մշակեն եւ այլն, եւ այլն։

Այս առումով լաւ օրինակ մը տալու համար պարտիմ ըսել, որ այսօր սփիւռքը կարիքն ունի կրթական-մասնագիտական կառոյցի մը, որ պիտի պատրաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ գործող մասնագէտներ։ Այսօր սփիւռքի մէջ ունինք երկու կառոյց. Հայկազեան համալսարանը, որ հետազօտական կեդրոն մը չէ, այլ համալսարան է եւ երկրորդ կառոյցը՝ Մեծի Տանն Կաթողիկոսութիւնն է, իր մատենադարանով եւ արխիւով, որ նոյնպէս սահմանափակ է: Իսկ Եւրոպայի մէջ ունինք Նուպարեան մատենադարանը, իբրեւ հետախուզական կեդրոն եւ ուրիշ մը չունինք: Ու շատ լաւ գիտենք, որ այլեւս պէտք է կատարուի սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը: Հայկազեանը սկսաւ ատիկա իր գիտաժողովներով. «Հայերը Լիբանանի մէջ», «Հայերը Սուրիոյ մէջ», «Հայերը Եգիպտոսի մէջ» եւ այսպէս պիտի շարունակուի: Սակայն տարբեր պիտի ըլլայ, երբ կառոյց մը ունենանք յստակ նպատակով, յստակ քաղաքականութեամբ, յստակ պաշտօնակազմով եւ ծրագիրով, ուր կեդրոնանան ելեկտրոնիկ տարբերակով, թուայնացած տարբերակով արխիւ մը հաստատուի։

Շատ խղճալի վիճակի մէջ է այսօր Մելգոնեան հաստատութիւնը: Մենք նկարահանումներու ժամանակ գացինք եւ տեսանք (նկատի ունի Մելգոնեանի Լիբանանի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ եւ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի կողմէ պատրաստուած ժապաւէնը): Այդ փլատակ կացութիւնը, այդ ամայի վիճակը ուղղակի շատ ցաւալի եւ յուզիչ էր: Ինչպէս կարելի է այդպիսի հզօր, վեհաշուք կաճառ մը ամբողջ 13 տարի լքուածութեան մատնել...:

-Նոյն առումով որեւէ տուեալի կը տիրապետէ՞ք. հողը ծախելու եւ այլ այդպիսի պատմութեան հետ կապուած, խնդրին մէջ Հայաստանի պետութիւնը «խառնել»ու մասին որեւէ տուեալ ունի՞ք այս գործին մէջ:

-Տուեալս նոյնն է, ինչ որ տասնամեակներ առաջ էր, ինչ որ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ: Նախ Բարեգործականը յայտարարեց, թէ ինք կառոյցը ծախելու մտադրութիւն չունի: Ատկէ բացի տարբեր բան մը չեմ լսած: Երկրորդը, որ տակաւին շէնքերը պատմական ժառանգութիւն հռչակուած են, իսկ պուրակն ալ՝ «կանաչ տարածութիւն», իսկ մնացեալը տարաձայնութիւններ են: Երբ վերջերս սփիւռքի նախարարը Կիպրոս այցելեց, աղմուկ բարձրացաւ, թէ գացած է Մելգոնեանը ծախելու... Սակայն Լոս Անճելըսի մէջ նոյն սփիւռքի նախարարը հարցազրոյցի մը ընթացքին մելգոնեանցիներու կողմէ Պրն. Մինաս Գոճայեանի հարցումին պատասխանելով ըսաւ, որ հաստատութեան մասին հարցումներ չտրուին, որովհետեւ ինք պատասխաններ չունի...: Իրավիճակը այն է, որ ես նոյնպէս ներքին տեղեկութիւն չունիմ:

-Իսկ այս առումով, որեւէ հարց ունեցա՞ք ՀԲԸՄ-ին հետ:

-Վերջին շփումը ֆիլմին համար էր: Ես չինկայ անուանարկումի եւ վարկաբեկումի, վիրաւորանքներու որոգայթին մէջ: Մելգոնեանի մասին գրած յօդուածներս յստակ են: Անոնք լոյս տեսան Պէյրութի «Արարատ»ին մէջ, ուր սկզբունքային դիրքորոշումս արտայայտեցի եւ դէմ գրեցի դպրոցը փակելու որոշումին մասին։ Անշուշտ հոն կար բողոք, ընդվզում եւ նոյնիսկ սկզբնական օրերուն՝ ցաւ: Չեմ կրնար ըսել, որ իմ մօտեցումս զգացական չէր, որովհետեւ իմ ամբողջ կրթութիւնս եւ իմ ով ըլլալս կը պարտիմ Մելգոնեան հաստատութեան։ Ի վերջոյ անկարելի է ուրանալ այդ մէկը։ Միեւնոյն ժամանակ չեմ կրնար ժխտել, որ նկարահանումներու ժամանակ Մելգոնեան մուտք գործելու համար պէտք է հրաման առնէինք Բարեգործականէն, որովհետեւ այդ մէկը միայն մտնել եւ նկարահանում կատարել չէր: Հոն նկարահանող խումբ պիտի ըլլար, շէնքերը պիտի բացուէին եւ այլն: Եւ մեր շփումները, նամակները գլխաւորաբար Պրն. Վազգէն Եագուպեանի միջոցով եղան: Կեդրոնէն Կիպրոս լուր ուղարկուեցաւ Պրն. Պենոն Սեւանին եւ գործավար Գարեգին Կոստանեանին, որ խումբ մը մելգոնեանցիներ պիտի գան, որպէսզի նկարահանումներ կատարեն նշուած տեղերը: Անոնք հարիւր առ հարիւր գործակցութիւն ցուցաբերեցին: Նոյնիսկ մատենադարան մտանք եւ ես այնտեղ ժամերով աշխատեցայ:

Չեմ կրնար հաստատել այն տարաձայնութիւնը, որ մեծ թիւով գիրքեր ծախուած են, որովհետեւ ես իսկապէս չտեսայ դարակներ, որոնք դատարկ էին: Սակայն կրնամ ըսել, որ շատ դարակներ փլած էին, ապակի կոտրուած էր եւ այլն: Տակաւին կայ որոշ եկամուտ մը, որ կը ծախսուի հաստատութեան վրայ. օրինակ՝ բոլոր սենեակներու մէջ ելեկտրականութիւն կար, ջուր կար:

Մելգոնեանի մէջ կայ շատ կարեւոր արխիւ մը, որ միայն Մելգոնեանի արխիւը չէ, նաեւ Միջին Արեւելքի հայութեան եւ հայագաղութներուն արխիւն է, նաեւ լիբանանահայութեան արխիւն է: Գրքոյկ մը տեսայ, ուր օրուան տնօրէնը օրագիր մը պահած է եւ ամենէն յետին մանրամասնութիւնն անգամ արձանագրուած է անոր մէջ: Ամէն ինչ պահուած է եւ ասոնք առնուազն պէտք է կարգաւորուին: Անկեղծօրէն ես շատ սիրով կ՚ուզէի ընել այդ մէկը, սակայն ժամանակի եւ պաշտօնիս բերումով շատ դժուար է: Վստահաբար Բարեգործականի համար ալ շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կան այդտեղ, կիպրահայութեան համար շատ բաներ կան, եւ ի վերջոյ Մելգոնեանի մասին ալ շատ կարեւոր բաներ կան: Մելգոնեանի մասին շատ քիչ են ուսումնասիրութիւնները, լուրջ գիտական աշխատանք չկայ, ունինք միայն յուշամատեան մը, որ պատրաստած է Եղիա Գայայեանը, ուր յատկապէս տեղ գտած են տարբեր շրջաններէ առնուած պատկերներ, իսկ պատմական բաժինները առնուած են տպագիր նիւթերէ, բայց հիմնական արխիւը չէ ուսումնասիրուած, մանաւանդ, սկզբնական տարիներուն: Ո՞վ պիտի ընէ այս բոլորը: Շատ լուրջ եւ մեծ աշխատանք կը պահանջէ. պաշտօնեայ, քարտուղար, գիտաշխատող եւ այլն: Անկեղծօրէն պիտի ըսեմ եւ պիտի բարձրաձայնեմ։ Հայաստանի մէջ մենք ունինք մեծ թիւով մատենագէտներ, արխիւագէտներ, ու շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ զանոնք գործուղէինք Կիպրոս, ուր կարելի ըլլար սենեակ մը տրամադրել մատենադարանին մէջ եւ անոնք սկսէին թուայնացնել, առնուազն դասակարգել, ստացուած նամակները Պէյրութէն եւ տարբեր տեղերէ: Եւ այս բոլորը դրուին ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ:

-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Մելգոնեանի խնդրին լուծումը։

-Մելգոնեանի վերաբացումը թերեւս, առնուազն, մէկ միլիոն տոլարի կը կարօտի: Այդ մէկ միլիոն տոլարը արդարացնելու համար չեմ ըսեր, բայց առաքելութիւն մը հիմնելու համար ամենէն առաջ պէտք է գաղութներուն մէջ ուսումնասիրութիւն ըլլայ: Օրինակի համար, Պուլկարիայէն, Յունաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Ռուսաստանէն եւ Հայաստանէն հարիւրաւոր աշակերտներ Մելգոնեան կու գային։ Ներկայիս այդ գաղութները իբրեւ եկրորդական վարժարան, այսինքն այն ինչ որ Մելգոնեանն էր 2005-ին, պատրա՞ստ են աշակերտ տրամադրելու, ի՞նչ է ձեւաչափը: Եթէ պիտի գոյանայ թիւ մը՝ 200-250 հոգի, կարելի է խօսիլ վերաբացումի մասին, նոյն ձեւաչափով ինչպէս որ էր 2005-ին: Իսկ ես դաւաճանութիւն չեմ նկատեր, թերեւս ծայրայեղներ դաւաճանութիւն որակեն այս խօսքս, եթէ Մելգոնեանը վերածուի կրթական եւ ակադեմական գիտա-հետազօտական կեդրոնի։ Օրինակի համար, Մելգոնեանի մէջ պատրաստուին ոչ թէ աշակերտներ, այլ Մելգոնեանը դառնայ սփիւռքագիտութեան կեդրոն մը, հետազօտական կեդրոն մը, ուր այցելու դասախօսներ երթան: Այս փորձը շատ տարածուած է, մեծ թիւով համալսարաններ ունին խտացեալ դասընթացքներու ձեւաչափով գործելու մեթոտներ։ Այսինքն, հետազօտական կեդրոն մը հիմնել ոչ միայն հայերու համար, ինչո՞ւ չէ, նաեւ՝ օտարներու: Սակայն պէտք է խօսիլ լրջօրէն, ոչ ծայրայեղ մօտեցումներով։ Ընդունելի չէ Բարեգործականի կողմէ հնչած կարծիքը, թէ Մելգոնեանի առաքելութիւնը աւարտած է եւ նոյնպէս ընդունելի չէ, կարգ մը ծայրայեղներու մօտեցումը, որ Մելգոնեանի հարցը կը լուծուի միայն գլուխ կոտրելով...: Պէտք է միջին եզր մը գտնել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018