ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊՆԴՈՒՄ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Երեւան եւ Պաքու առաջին անգամ հասած են փոխըմբռնման։ Սա իսկապէս զգայացունց յայտարարութիւն մըն է, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար էական յառաջընթացի մը հասնիլ։

«Շանթ» հեռուստակայանի հաղորդումներով, Էլմար Մամետեարով երէկ Պաքուի մէջ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն համար սարքուած ընդունելութեան մը ընթացքին հանդէս եկաւ սոյն յայտարարութիւնով։ Ան տեղեկացուց, որ իր հայ պաշտօնակցին՝ Զօհրապ Մնացականեանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ հասած են փոխադարձ ըմբռնման։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները մօտաւոր անցեալին Միլանոյի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս։ «Կը կարծեմ, թէ Միլանոյի մէջ իմ հայ պաշտօնակցին հետ վերջին հանդիպման ժամանակ առաջին անգամ հասանք փոխադարձ ըմբռնման, ինչ որ կարելի չէր ըլլար շատ երկար ժամանակէ ի վեր։ Ես շատ ժամանակ նուիրած եմ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հաւանական լուծումներու փնտռտուքին։ Սա պիտի ըլլայ նաեւ յաջորդ տարուան մեր գլխաւոր ընելիքը», ըսած է վերոյիշեալ ընդունելութեան ընթացքին Էլմար Մամետեարով։ Այս բոլորի մասին կը տեղեկացնէ «Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութիւնը։

Մամետեարով երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ վերահաստատեց, որ Զօհրապ Մնացականեանի հետ 2019 թուականին նախատեսուած հանդիպումներուն պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման եզրերը։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը կարեւորած են փոխադարձ վստահութեան եւ հաշտութեան գործընթացին համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղեալ քայլերու իրականացումը։

Վերջին օրերուն Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Լուքաշենքօ յայտնած էր, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ինքը Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին առաջարկած էին Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտիի մաս կազմող եօթ շրջաններէն հինգը վերադարձնել Ատրպէյճանին, սակայն հայկական կողմը մերժած էր այդ առաջարկը։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ արձագանգներով հանդէս եկան անմիջապէս։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկրի ներկայ վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինի հետ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին մշտապէս օրակարգի վրայ բերած է Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող զէնքերուն վերաբերեալ խնդիրը։ Հակառակ Էլմար Մամետեարովի վերոյիշեալ լաւատես յայտարարութիւններուն, վերջին օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ սպառնալիքներ հասցէագրել Հայաստանին։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իշխանափոխութեան զուգահեռ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ ակնկալութիւնները վերակենդանացած են։ Հաշուի առնելով, որ երկրի նոր ղեկավարութիւնը բաւական մեծ ժողովրդականութիւն մը կը վայելէ, սպասումներ օրակարգի վրայ եկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ Երեւան եւ Մոսկուա աշխատանք կը տանին մշակելու համար փաստաթուղթ մը, որ պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի տարածքէն ներս օտար ուժերու չտեղակայուիլը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստան Հայաստանի մէջ ունի ռազմախարիսխ մը։ Լաւրովի այս յայտարարութիւնը բաւականին ուշագրաւ կը հնչէ Էլմար Մամետեարովի կողմէ երէկ առաջ քշուած պնդումներուն հետ բաղդատուած։ Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս միշտ օրակարգի վրայ է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման հաւանականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018