ՎԵՐ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ. «ԵՍ ՎՍՏԱՀ ԵՄ, ՈՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԼԷՊԸ ՊԻՏԻ ԳՈՅԱՏԵՒԷ»

17 յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու կ՚ենթարկուէր Հալէպի հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը: Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած կ՚ըլլար կիրակնօրեայ պաշտամունքը կատարել եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը արդէն վերագտած են, իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն ու վերացնել հետեւանքները:

Անցնող ամիսներուն կարելի եղաւ վերականգնել Էմմանուէլ եկեղեցին, ներդրումովը՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու, հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնական մարմնին եւ ջանքերովը Հալէպի հայ աւետարանական եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումովը Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:

Եկեղեցիի նաւակատիքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018-ին, ներկայութեամբ Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, ատենապետ Վեր. Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, սուրիական կրօնական եւ պետական մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւներու, քրիստոնեայ համայնքներու պետերու, իսլամ կրօնաւորներու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Այս առթիւ յաջողեցայ հարցազրոյց մ՚ունենալ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատասխանատու հոգեւորականներէն Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի հետ, որ մաս կը կազմէր Հալէպ այցելած պատուիրակութեան։

Յիշեցնեմ, որ վերապատուելին նախագահն է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին։

*

-Յարգելի վերապատուելի, ի՞նչ առիթով այցելութիւն տուիք Հալէպ։

-Մենք Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան 11 անձերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը ուղղուեցանք դէպի Հալէպ, 30 նոյեմբերին, գումարելու համար ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմնին լիանիստ ժողով մը կատարելու եւ միաժամանակ՝ նաւակատիքը կամ վերընծայումը 2016-ի յունուարին հրկիզուած ու սակայն վերջին ամիսներուն ամբողջովին վերանորոգուած Ազիզիէ շրջանի Էմմանուէլ եկեղեցիին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը:

-Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր սա առաջի՞ն այցն էր դէպի Հալէպ, եթէ այո, ապա ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, իսկ եթէ ոչ, վերջին այցին ու այս այցին միջեւ ի՞նչ տարբերութիւններ տեսաք այդ քաղաքին մէջ։

-Այս մեր երկրորդ այցելութիւնն էր Հալէպ: Առաջինն ու ցնցիչը եղաւ յուն-ւար 2018-ին, երբ Պէյրութէն դէպի Հալէպ ճանապարհը նմանեցաւ ուխտագը-նացութեան մը, փնտռելու համար տարիներու կործանարար արհաւիրքին մէջ շնորհքի եւ յոյսի անդաստան մը: Մենք տեսանք ամբողջովին ամայացած ու քանդուած տարածքաշրջաններ, փուլ եկած թաղամասեր, անկանոն ու մաշած կեանքի վիճակներ, ամէնօրեայ կենցաղային դժուարութիւններ, Հալէպի կեդրոնական ու նախապէս հայահոծ շրջաններու մէջ բնակչութեան նոր տեսակներու խճողուածութիւն: Այդ բոլորով հանդերձ մենք տեսանք կամք ապրելու, վերանորոգելու՝ հայու անձնական, ընտանեկան, թէ համայնքային կեանքի բնականոն եւ կազմակերպուած աշխատանք: Այս երկրորդ այցի ընթացքին, տասն ամիսներ ետք, մենք ականատես եղանք կարգ մը ընդհանուր նորոգութեան աշխատանքներու, մինչ լայն պատկերը կը մնայ քանդուած: Համայնքային կեանքն ու շուկաներու գործը զարգացած կը թուէր հիմա: Իրիկուան ժամերու եռուզեռը գտած էր իր ընթացքը, մթնոլորտը աւելի հանդարտ էր, Հալէպի արուարձաններէն լսուած պատերազմի արձագանգները նուազած: Երկրի վիճակը ըլլալով հանդերձ տակաւին պատերազմական, բնականօն կեանքի փորձը տեղ-տեղ յաջողած կ՚երեւէր, մտահոգութիւնները պակսած, բայց ապագայի հեռանկարները անշուշտ անորոշ, վաղուան անակնկալներու նիւթը անհանգստացնող: Մեր տպաւորութիւնը այն էր, թէ հալէպահայը պահած էր իր հիւրասէր, մարդասէր, համայնքին եւ արժէքներուն կառչելու իր բարեմասնութիւնները, ընթացք մը, որ կը շարունակուի գնահատուիլ երկրի այլ բաղադրիչներուն կողմէ եւս:

-Հայկականութեան շունչը զգալի՞ էր քաղաքին մէջ, կամ պատերազմին հետեւանքով այդ ոգին նօսրացած, կամ փոխուա՞ծ էր։ 

-Հայկականութեան շունչը կը շարունակուի ըլլալ ջերմ, միասնութեան ոգին գնահատելի: Հայաստանն ու հայութիւնը, սփիռքի վիճակներն ու մեր էական հարցերը նիւթ են ամէնօրեայ: 

-Ինչպէ՞ս տեսաք հալէպահայութիւնը եւ ի՞նչ են գաղութի հիմնական պահանջները։

-Հալէպահայութիւնը տպաւորեց զիս աւելի վերականգնելու իր հետաքըրք-րութեամբը, քան յուսահատութեան նշաններովը: Միաժամանակ ծանր կը կշռէ մեծամասնութեան մը տունէն հեռացած ըլլալու իրավիճակը: Հայուն դրացիներու եւ հարազատներու կէսէն աւելին կը գտնուին այլուր: Ընտանիքները բաժնուած են զանազան երկիրներու մէջ. Գերմանիա, Գանատա, Աւստը-րալիա, Հայաստան, Լիբանան, Ֆրանսա, Շուէտ, Դանիա, եւ այլ տեղեր: Հալէպահայը այսօր, եւ ոչ միայն հեռացած անձը, կարօտի ծանրաբեռնութեան մէջ է: Գաղութը կարօտ է բարոյական նեցուկի, կայուն աշխատանքի առիթներու, գործատեղիներու նորոգութեան, հաստատութիւններու նիւթաբարոյական ապահովութեան: Հալէպահայութեան ապագայի մասին արդար չէ նիհիլիստական դատողութիւն կատարելը եւ զայն սպառած համայնք սեպելը: Նոյնպէս իմաստուն չէ սեպելը, թէ ամպ մըն էր, որ արդէն անցած է Սուրիոյ վրայէն: Անոնց պէտքը մեր ընկերակցութիւնն է իրենց, որպէսզի առնեն իրենց որոշումները խոր իմաստութեամբ եւ շինարար յոյսով՝ որպէս անհատներ, ընտանիքներ թէ գաղութ:

-Քաջ գիտենք, որ Հալէպի մէջ գործող Հայ աւետարանական եկեղեցին իր կարեւոր տեղն ունի. այսօր ի՞նչ են Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հալէպի համար նախատեսուած հիմնական ծրագրերը։ 

-Հալէպը մայր գաղութի դերը կատարած է նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար 1-րդ դարէն ի վեր: Էմմանուէլ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը ունի իր մէջ պատգամ: Հայ աւետարանական եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ Քրիստոսի բարի լուրին: ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի անունով նաւակատիքի պաշտամունքին յստակօրէն յորդորեցի եկեղեցին, որ ինքզինք սեպէ նորանոր առաքելութեան մը կանչուած՝ ծառայելու իր շրջապատին եւ յոյս ներշնչելու բոլորին: Մեր Սուրիոյ -այժմ Հալէպի եւ Քեսապի- եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ընկերային-բժշկական ծառայութիւնով, մանուկներու թէ երիտասարդներու նուիրուած ծրագրերով մենք առաքելութեան մարտահրաւէր ունինք: Մեր ընտանիքներն ու հաստատութիւնները պէտք է ամրապնդուին քրիստոնէական հաւատքի, հայրենասիրութեան եւ ծառայութեան պարգեւներով՝ ի շահ բոլորին: Այս մէկը կարօտ է նիւթական, կազմակերպչական եւ բարոյական աղբիւրներու: Վերջապէս, հմուտ առաջնորդութիւն է պէտք այս օրերուն եւ գալիք տարիներուն, ինչ որ Սուրիոյ Հայ աւետարանական իրականութեան մէջ մեծ նուիրումով կը կատարէ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան:

-Արդեօք կը հաւատա՞ք, որ այդ դարաւոր գաղութը ապագայ պիտի ունենայ, նկատի առնելով, որ հայութեան թիւը զգալիօրէն նուազում արձանագրած է։

-Ապագան վստահաբար պիտի ըլլայ տարբեր անցեալէն եւ յստակօրէն նուազ թիւերով: Հայը չի կրնար թիւերով խանդավառուիլ կամ թիւերով յուսահատիլ: Անշուշտ կարելի չէ կանխատեսել զարգացումները: Մենք պէտք է յոյսով, ծրագրերով եւ գործով ընկե րակցինք մեր ժողովուրդին, ինչ ալ ըլլան թիւերը: Շեշտը միշտ կը դնենք անսակարկ առաքելութեան վրայ, ապա թէ ոչ եկեղեցին կը դառնայ աշխարհիկ ընկերակցութիւն։

-Դուք եւս որոշակի կապեր ունիք այդ քաղաքին հետ։ Անցեալը ձեւով մը ձեզ կը կապէ այդ քաղաքին, այսօր ի՞նչ փոխուած է հին Հալէպէն. արդեօք որեւէ ափսոսանք ապրեցա՞ք, որ շփում ունեցաք բոլորովին նոր Հալէպի մը հետ։

-Իմ ծնողներն ու մեծ ծնողները եղած են յայտնի հալէպցիներ երկար տարիներ, ետքը փոխադրուած են Պէյրութ եւ ես անձնապէս ծնած եմ Պէյրութի մէջ: Հալէպը ինծի եւ տիկնոջս համար կը նշանակեն զգացում եւ իմաստ: Այդ մէկը վստահաբար պիտի գոյատեւէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018