ԹՈՒՐՔԻԱ ՎՃՌԱԿԱՄ ԵՓՐԱՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռակամ մնալ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինն չէզոքացնելու ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։

Ինչպէս ծանօթ է, Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն յայտարարած է, որ Թուրք զինեալ ուժերը ռազմական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն Եփրատի արեւելքին։ Գործնական քայլերը անմիջապէս չեն առնուած, որովհետեւ այդ յայտարարութեան անմիջապէս յաջորդեց Ուաշինկթընի ղեկավարութեան քայլը՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու ուղղութեամբ։ Այդ իրադարձութիւնը Անգարայի տեսակէտէ սպասողական կացութիւն մը ստեղծեց։ Ներկայ իրավիճակին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս խնդրին վերստին անդրադարձաւ երէկ, զան-գըւածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Նախարարը ըսաւ.

«Եթէ Թուրքիա ըսէ, որ մուտք պիտի գործէ Եփրատի արեւելքը, ապա կը մտնէ։ ԱՄՆ-ի ետ քաշուելու գործընթացէն ներս այդ քայլերը միասնաբար կը համակարգենք։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ ԵՓԿ-ի կարիքը չկայ, մենք առանձինն ԻՇԻՊ-ը կրնանք մաքրագործել։ Մենք այս մաքրագործումը կրնանք ընել Սուրիոյ տարածքի բոլոր հատուածներուն մէջ»։

Բաց աստի, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ բացի Թուրքիայէն, այլ որեւէ երկիր ԻՇԻՊ-ի դէմ ուղղակիօրէն չէ պայքարած։

Նախարար Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ նախապէս ԵՓԿ-ին յանձնուած ծանր զէնքերուն, որոնք պիտի օգտագործուէին ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի նպատակով։ Ըստ նախարարին, ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի աւարտին այդ ամբողջը ետ պիտի առնուին։ «Ծանր զէնքեր կան, որոնք պէտք է ետ առնուին։ Մեր զգայնութիւնները յիշեցուցած ենք ամերիկեան կողմին, մեր պահանջը թարմացուցինք», ըսաւ Չավուշօղլու։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ խօսեցաւ Եփրատի արեւելքի մասին։ Ըստ իրեն, ամէն ինչ ծրագրաւորուած է եւ կ՚ընթանայ նախատեսուած ժամկէտներու մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018