ՀԱՄԵՐԳԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս շրջանին մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի հովանաւորութեան ներքեւ գործող մանկապատանեկան խումբի մօտալուտ համերգներու պատրաստութեան բերումով։ Այսպէս, 11 եւ 13 յունիս թուականներուն, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգները։ Մանկապատանեկան խումբը հանդէս պիտի գայ Քարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Տղաքը կը պատրաստուին երաժշտասէրներուն ներկայացնել տոհմիկ երգեր։ Սահակեան մանկանց երգչախումբին պիտի նուագակցին Արի Հերկել, Ռոպէր Տողանայ եւ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան։ Համերգի ընթացքին դաշնակի նուագներով ալ հանդէս պիտի գայ Նարօտ Ակօշեան, որ դուստրն է Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի ղեկավար Սեւան Ակօշեանի։

Հուսկ, Սամաթիոյ ընտանիքը այժմէն կ՚ապրի մեծ խանդավառութիւն եւ բոլոր մարմինները տենդագին աշխատանք կը տանին, որպէսզի այս համերգները պսակուին յաջողութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019