ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա նախագահի եւ վարչապետի հերթական աշխատանքային հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցաւ նախագահական ապարանքի երդիքին տակ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան քննարկեցին երկրի զարգացման ծրագրերուն վերաբերեալ ընթացիկ հարցեր։

Միւս կողմէ, նոյնպէս նախագահական ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նորանշանակ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի երդման արարողութիւնը։ Թէ՛ նախագահը եւ թէ վարչապետը ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ նորանշանակ նախարարին յղեցին շնորհաւորութիւններ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի մաղթանք։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019