ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀՈՎՈՒԱՑ ՀԱՒԱՔ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հովանիին ներքեւ գործող հոգեւոր հովիւները վերջերս ժողով մը գումարեցին Հռոմի մէջ։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան նախագահութեամբ համախմբուեցան այն հովիւները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Իտալիոյ, Պելժիոյ, Հոլանտայի, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ։

Հաւաքի աշխատանքները սկսան աղօթքով։ Նախքան օրակարգի հարցերու քննարկման ձեռնարկելը՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ողջունեց հաւաքի մասնակից հովիւները, որոնց փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան արտայայտեց իր քաջալերանքն ու գնահատանքը՝ հովուական, վարչական եւ կազմակերպչական նուիրեալ գործունէութեան համար։ Նորին սրբազնութիւնը յորդորներ ուղղեց, որպէսզի հովիւները շարունակեն իրենց առաքելութիւնը նոյն ոգիով ու ջերմեռանդութեամբ։

Ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերու ծիրէն ներս, առաջնահերթօրէն ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերականգնման ներկայ շրջանին հանգանակութեան մը կազմակերպումը։ Բաց աստի, անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցական կանոնադրութեան թարգմանութեան եւ հաստատման՝ այն երկիրներէն ներս, ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ճիւղերը կը գործեն Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Երիտասարդները եկեղեցական-համայնքային կեանքին ներգրաւելու, Ս. Սեղանի սպասաւորներ պատրաստելու, ամառնային պատանեկան ճամբարներ կազմակերպելու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան համար պաշտօնական կայքէջ մը հիմնելու հարցերը ժողովական հայրերուն կողմէ արժանացան ուշադրութեան։

Մինչ այդ, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական տարուան առթիւ շարք մը ձեռնարկներու կազմակերպումն ալ հովիւներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Սոյն յոբելեանին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց բազմաձայն երգչախումբը պիտի այցելէ Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը հայկական համայնքները՝ համերգներ տալու համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019