«ՅԱՆԿԱՐԾ»Ի ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

«Յանկարծ» նորաստեղծ թատերախումբի անդրանիկ ներկայացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Պոմոնթիատա»ի մէջ։ «Մեր չունեցածը իրարմով գտնենք» խորագրեալ ներկայացման դերակատարներն էին՝ Կարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Ժագլին Չաթալ, Լարա Նարին, Թարա Տեմիրճիօղլու եւ Եղիա Աքկիւն։ «Յանկարծ» խումբը ներշնչուած է հանգուցեալ բանաստեղծուհի Հերանոյշ Արշակեանի գրական ժառանգութենէն եւ անոր տողերով առաջնորդուած՝ իր անդրանիկ ներկայացման համար։ Խումբը իր անդրանիկ ներկայացումը կը մատուցէ որպէս՝ Հերանոյշ Արշակեանի որոնում մը, անոր իսկ տողերուն մէջ։

Երէկուան ներկայացումը գեղարուեստասէրներուն կողմէ ընկալուեցաւ բարձր գնահատանքով եւ հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Յանկարծ»ի ճանապարհորդութեան մեկնարկը։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020