ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտէ ներս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի քայլերուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Արմէն Գրիգորեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի հետ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի գործնական իրադրութեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020