ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՋԱՆՔԵՐԸ Կ՚ԱՐԴԱՐԱՆԱՆ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս քորոնաժահրի վարակի տարածման արագութիւնը նուազած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ նախարարին, վերջին երեք օրերուն համաճարակի տարածման աճը տոկոսային առումով եղած է նախ 4.6 առ հարիւր, յետոյ 6.8 առ հարիւր եւ ի վերջոյ 1.3 առ հարիւր։ Կրկնապատման արագութիւնը եօթն օրէն մէկ անգամէն դարձած է ութ օրը անգամ մը։ «Մեր խնդիրն է՝ որքան հնարաւոր է իջեցնել այդ թափը», ըսաւ Արսէն Թորոսեան։

Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ առցանց երկրի քաղաքացիներու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ վարակեալներու մեծամասնութեան դարմանումը կ՚ընթանայ բարեյաջող։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020