ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՔ

Հարցում. Սարկաւագը այս ընթացքին ի՞նչ կը քարոզէ:

Պատասխան. Աղօթական ձեւով փառք կու տայ Աստուծոյ՝ ժողովուրդին կողմէ ու կ՚ըսէ.

Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցանեմք Քեզ, Տէր Աստուած մեր, վասն սուրբ եւ անմահ պատարագիս, որ ի վերայ սրբոյ սեղանոյս: Զի զսա մեզ ի սրբութիւն կենդանութեան պարգեւեսցէ: Սովաւ շնորհեա՛ զսէր, զհաստատութիւն եւ զըղձալի զխաղաղութիւն ամենայն աշխարհի, սրբոյ Եկեղեցւոյ եւ ամենայն ուղղափառ եպիսկոպոսաց: Եպիսկոպոսապետին մերոյ եւ պատուական հայրապետին Ամենայն Հայոց, Տեառն (այս անուն) սրբազնագոյն կաթողիկոսին, եւ Առաջնորդին մերոյ (այս անուն) Արհի եպիսկոպոսին, եւ քահանայիս, որ զպատարագս մատուցանէ:

Եւ վասն զօրութեանց եւ յաղթութեանց թագաւորաց քրիստոնէից եւ իշխանացն բարեպաշտից: Աղաչեսցուք եւ խնդրեսցուք եւ վասն հոգւոցն հանգուցելոց: Եւս առաւել վասն հանգուցեալ րաբունապետացն մերոց, եւ շինողաց սուրբ եկեղեցւոյս, եւ որք ընդ հովանեաւ սորին են հանգուցեալ:

Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց եւ շնորհ առաջիկայ ժողովրդեանս: Հանգիստ հաւատով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս կատարելոցն եղիցի յիշատակ ի սուրբ պատարագս, աղաչեմք:

Քեզի գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Տէր Աստուած մեր՝ այս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագիս համար, որ Սուրբ Սեղանոյս վրայ է, որպէսզի պարգեւս զսա մեր կենաց եւ վարուցը սուրբ լինելուն միջնորդ եւ առիթ: Ասով պարգեւէ մեզի սէր, հաստատութիւն հաւատոյ եւ ամբողջ աշխարհին ցանկալի խաղաղութիւն: (Ասով ողորմէ) Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ամենայն ուղղափառ եպիսկոպոսաց, մեր Եպիսկոպոսապետին եւ պատուական Հայրապետին ամենայն Հայոց Տէր (այս անուն) Կաթուղիկոսին, եւ մեր Առաջնորդ (այս անուն) Արքեպիսկոպոսին, եւ այս քահանային, որ այս Սուրբ Պատարագը կը մատուցէ:

(Կ՚աղաչենք) նաեւ քրիստոնեայ թագաւորաց զօրանալուն եւ յաղթող ըլլալնուն, եւ բարեպաշտ իշխաններուն համար: Կ՚աղաչենք եւ կը խնդրենք նաեւ հանգուցեալ հոգիներուն համար, եւ մանաւանդ մեր հանգուցեալ վարդապետներուն եւ առաջնորդներուն, եւ այս Սուրբ եկեղեցին շինողներուն, եւ ասոր հովանիին տակ հանգչողներուն համար:

Ազատութիւն (կը խնդրենք) մեր գերի ինկած եղբայրներուն եւ ներկայ ժողովուրդին շնորհք եւ ողորմութիւն, եւ անոնց որոնք հաւատքով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցին՝ յաւիտենական հանգիստ: Բոլորին յիշատակը ըլլայ Սուրբ Պատարագիս մէջ, կ՚աղաչենք: 

Հ. Քահանան այս ընթացքին ծածկաբար որո՞ւ համար կ՚աղօթէ:

Պ. Ժողովուրդին համար ընդհանրապէս եւ որու համար, որ կ՚ուզէ կամ խնդրած են իրմէ՝ մասնաւորապէս:

Հ. Քահանան յիշատակութեանց մասը ի՞նչ կերպով կ՚աւարտէ:

Պ. Ժողովուրդը օրհնելով այս խօսքով.

Եւ եղիցի ողորմութիւն մեծիս Աստուծոյ եւ Փրկչիս մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ:

Իսկ ժողովուրդը կը պատասխանէ.

Ամէն: Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

ՃԱՇԱԿՈՒՄՆ

Հ. Ի՞նչ կերպով կը սկսի ճաշակման մասը:

Պ. Սարկաւագին այն քարոզով՝ որով ժողովուրդին կը յորդորէ, որ յիշատակեալ սուրբերուն հետ աղաչանքներ ընեն Աստուծոյ, եւ Սուրբ Սեղանին վրայ մատուցուած Պատարագին միջնորդութեամբ՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքն ու պարգեւները խնդրեն, եւ միանգամայն Սուրբ Աստուածածինն ու բոլոր սուրբերը յիշելով՝ բարեխօս բռնեն:

Հ. Քահանան այս քարոզին ընթացքին ծածուկ կերպով ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ:

Պ. Այս աղօթքը՝ որ Հայր մեր-ին յառաջաբանութիւնն է.

Աստուած ճշմարտութեան եւ Հայր ողորմութեան, գոհանամք զՔէն, որ ի վեր քան զերանելի նահապետացն, զմեր պարտաւորելոցս առաւել մեծարեցեր զբնութիւն: Վասն զի նոցա Աստուած կոչեցար, իսկ մեզ՝ Հայր հաճեցար անուանիլ գթալով:

Եւ այժմ, Տէ՛ր, աղաչեմք զՔեզ, զայսպիսի առ ի Քէն զնորոգ եւ զպատուական անուանադրութեանս շնորհ՝ օր ըստ օրէ պայծառացուցեալ ծաղկեցո՛ ի մէջ Եկեղեցւոյ Քում Սրբոյ:

Ո՜վ Աստուած ճշմարտութեան եւ Հայր ողորմութեան, փառք եւ գոհութիւն Քեզի, որ մեր՝ մեղաւորներուս բնութիւնը աւելի պատուեցիր քան երանելի նահապետներունը: Որովհետեւ Դուն անոնց Աստուածը կոչուեցար, իսկ մեզի՝ Հայր անուանուիլ կամեցար գթութեամբ:

Հիմա, դարձալ կ՚աղաչենք Քեզ, Տէ՜ր, այս Քու պարգեւած նոր եւ պատուական անունին շնորհքը օրէ օր պայծառացուր ու ծաղկեցուր Քու Սուրբ Եկեղեցւոյդ մէջ:

Ու կ՚աւարտէ ձայնով ըսելով.

Եւ տուր մեզ համարձակաձայն բարբառով բանալ զբերանս մեր, կարդալ զՔեզ երկնաւորդ Հայր, երգել եւ ասել:

Հ. Հայր մեր-ը ո՞վ կ՚ըսէ:

Պ. Դպիրները կ՚երգեն եւ անոնց հետ ժողովուրդը. իսկ քահանան այն աղօթքը կ՚ըսէ, որ Հայր մեր-ին վերջին խօսքերուն իմաստով շարադարուած է. երբ դպիրները կը դադրին, ինք ձայնով կ՚ըսէ Հայր մեր-ին ետքի կտորը. «Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս: Ամէն»:

Հ. Հայր մեր-ին վերջաբանութեան վրայ ի՞նչ գիտելիք կայ:

Պ. Այս «զի Քո է արքայութիւն»ը թէպէտ Աւետարանին յունական օրինակներուն մէջ ալ կայ, սակայն լատինացւոց թարգմանութեան մէջ չգտնուելուն պատճառով՝ ոմանք կարծեցին, թէ յունաց աւետարաններուն մէջ պատարագի խորհրդատետրէն մտած է՝ Ոսկեբերանի ժամանակէն: Բայց այս կարծիքը անհիմն ըլլալուն մէկ ապացոյցն է միշտ գտնուիլը մեր թարգմանութեանը մէջ՝ որ Ոսկեբերանէն իսկ առաջ է:

Հ. Քահանան Հայր մեր-էն ետք ի՞նչ կը խնդրէ:

Պ. Խոնարհութիւն տալէ ետք կը խոնարհի Սեղանին դիմաց, -ինչպէս որ ժողովուրդն ալ այդ միջոցին ծունկի կու գայ-, ու ծածկաբար Սուրբ Հոգիին ուղղելով [իր աղօթքը], կ՚ըսէ.

Որ աղբիւրդ ես կենաց եւ բղխումն ողորմութեան, Հոգիդ Սուրբ, ողորմեա՛ ժողովրդեանս, որք խոնարհեալ երկիրպագանեն առաջի Աստուածութեան Քո: Պահեա՛ զսոսա ամբողջս, տպաւորեա՛ յոգւոջ սոցա զձեւ մարմնոյ ցուցակի՝ առ ի ժառանգութիւն եւ ի վիճակ հանդերձելոցդ բարեաց:

Հ. Ի՞նչ ըսել է այս խօսքը. «Տպաւորեա՛ յոգւոջ սոցա զձեւ մարմնոյ ցուցակի»:

Պ. Ըսել է, թէ «ինչպէս որ աս ժողովուրդը մարմինով խոնարհած՝ երկրպագութիւն կ՚ընէ Սուրբ Խորհուրդիս, տուր որ նոյնպէս խոնարհի Քու առջեւդ հոգիով, եւ ընդունի այն շնորհքները, որոնք հարկաւոր են յաւիտենական կեանքին ժառանգակից ըլլալու համար»:

Հ. Ի՞նչ ըսել է՝ «Քրիստոսիւ Յիսուսիւ Տերամբ մերով», եւ այլն:

Պ. Այս խօսքը նախորդող խորհրդական աղօթքին շարունակութիւնն ու վերջաւորութիւնն է, եւ կը նշանակէ՝ ի ձեռն Տեառն մերոյ կամ շնորհօք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի:

Հ. Սարկաւագը այս ընթացքին ի՞նչ միտքով կ՚ըսէ «Պռօսխումէ»:

Պ. Որպէսզի ժողովուրդը ուշադրութեամբ նայի քահանային վեր բարձրացուցած Սուրբ Հաղորդութեան ու երկրպագութիւն ընէ:

Հ. Քահանան Սուրբ Խորհուրդը բարձրացուցած ատեն ի՞նչ կ՚ըսէ:

Պ. «Ի սրբութիւն սրբոց», կամ որ նոյնն է (ըստ այլ ձեռագիրներու) «սրբութիւն սրբոց». այսինքն՝ այս Սուրբ Խորհուրդը ամենասուրբ Մարմինն ու Արիւնն է Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կերպով երկրպագութիւն կ՚ընէ:

Պ. Այս սրտաշարժ խօսքերը ըսելով՝ դպիրներուն բերանով. «Միայն Սուրբ, միայն Տէր, Յիսուս Քրիստոս ի փառս Աստուծոյ Հօր». այսինքն՝ Դուն ես միայն Տէր մեր՝ Յիսուս Քրիստոս, ի փառս Հօր Աստուծոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020