ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ԻՆՔՆ ԻՐԵՆ ՀԵՏ

Իր կենդանութեան ատեն, դպրոցական հանդէսներուն թէ մշակութային բոլոր հաւաքոյթներուն մէջ՝ Վահան Թէքէեան ամենէն ստէպ արտասանուած բանաստեղծներէն մին եղաւ: Զարմանալի չէր այս. իր արուեստին հետ իր քերթուածներուն նիւթը հայոց սիրտին կը խօսի: Եւ եղաւ ալ այն բանաստեղծը, որուն ամենէն շատ հետեւեցան եւ կամ որուն առնուազն խոր ազդեցութիւնը կրեցին յաջորդ սերունդին երիտասարդ բանաստեղծներէն շատերը:

Վահան Թէքէեանի մահուան քսանհինգերորդ տարեդարձի առթիւ իր մասին գրելու հրաւէրը, պարտադիր արտայայտութեան մը իմաստով չեմ առներ հոս, առիթն է, որ կը դրդէ կամ կը ներշնչէ եւ դարձեալ առիթներուն է որ կը յայտնուին մեծութիւններն ու փոքրութիւնները:

***

Արդարեւ, ամբողջ Վահան Թէքէեանը իր քերթուածներուն մէջ կը գտնուի. միշտ ինք իր հետ եղաւ. իր տաղանդովը, անվերապահութեամբը, իր հոգիի բարձրութիւնովը, զգացումներու խորութեամբը, արտայայտութեան նուրբ երանգներովն ալ, ինչպէս եւ անուշ հայերէնով մը: Արդ, հպարտ, ինքնագիտակից մարդն եւս իր քերթուածներուն մէջ կայ՝ ամենէն աւելի, թէեւ միշտ որոնումի իր բնածին կամքին ենթակայ ու հետեւող, մինչ ասով ալ տառապող: Թէքէեան ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, անընդհատ կը փնտռէ եւ կ՚ուզէ ինքզինքն ալ գտնել:

Արձակը, հրապարակագրութիւնը՝ ուր թէեւ յաճախ մտաւ, իր բնագաւառը չ՚երեւիր եւ չեղաւ: Այս մարդը ունի օրէնքներ՝ որոնք կաշկանդումներ կը ներկայացնեն. արդ Թէքէեան մը հրահանգի հնազանդողը չէր, ուրկէ ալ գար ան: Բայց իր հմայքն ու ներքին տառապանքը այս խմորումով գոյութիւն առած են: Մինչ բանաստեղծութեան մէջ կը գտնէր իր ամբողջական ու լիակատար ազատութիւնը:

Թէքէեան զգայուն մարդն էր, սէր ունէր հայ ժողովուրդին բոլոր արժէքներուն հանդէպ, իսկ արգահատանք ու գութ՝ միջակներուն համար: Եւ առանց նախապէս խորհրդածելու բեմ ելլող մը չեղաւ. ամբոխավար չէր:

Թէքէեանի քերթողութիւնը այլազան նիւթեր ընդգրկեց: Ամենէն մտերիմ անձնականէն սկսած, ազգայինէն, հայրենականէն սկսած՝ մինչեւ մարդկայնականը, մինչեւ Աստուծոյ գոյութիւնն ու արդարութիւնը:

Եւ որպէս որոնող՝ անխուսափելիօրէն հակասութիւններ ալ ունեցաւ եւ դարձաւ սկեպտիկ: Գրեթէ ամէն նիւթի, խնդիրի վրայ արտայայտութեան մէջ: Անկեղծօրէն կը խոստվանի արդէն, թէ ինք վստահ չէ ոչ մէկ խորհուրդի, մինչ «լի է կասկածով», ինչպէս նաեւ «մտահոգ՝ իր շարժումներուն ճշդութեան» («Խոնարհութիւն»): Սակայն եւ գիտէ իր արժէքը կ՚ըսէ արդարեւ.-

Ես ալ ով Տէր, վստահօրէն բան մը կ՚արժեմ
Եւ աւելի քան թէ շատերն որ կը սոնքան
Որ կը ծափուին, կը փնտռուին, բեմ կ՚ելլեն,
Որոնց առջեւ կը խոնարհի տխմար ներկան:

Համեստ էր: Պարկեշտօրէն համեստ էր սակայն: Գիտակից ըլլալով հանդերձ իր արժէքին: Եւ կրցաւ այս իրողութեան էութիւնը դնել իր քերթուածներուն մէջ, իրաւ բանաստեղծի մը իմաստովը, խորհուրդովը: Բայց իր արտաքինովը ոմանց չտուաւ խոնարհութեան տպաւորութիւնը: Հպարտ նկարագիր էր, եւ չծռեցաւ դուրսի ոչ մէկ ուժին կամ տարրին առջեւ, ուրկէ ալ գար ան: Իր ներքին տառապանքին ամենէն խոր մասը կազմեց այս, մշտնջենապէս բայց զինքը բարձրութեան վրայ ալ պահեց շատ անգամ: Այս մասին եւս կը խոստովանի («Հպարտութիւն»).

Հպարտութի՛ւն, առաջին
Եղար դուն ձեւն հոգիիս,
Եղիր իր դիրքն ալ վերջին
Եւ կարծրացո՛ւր, պրկէ զիս…:

Իր այս քերթուածին յաջորդ տունովն իսկ կը բացատրէ իր խնդրանքը, նպատակը, պաղատումի մը ձեւին մէջ.-

Կրծումին մէջ օրերուն
Տարրերուն դէմ չարակամ,
Մընայ ամբողջ եւ կանգուն
Քեզմով միայն դեռ կրնամ…

Ինչպէս գրեթէ ամէն հայուն, Թէքէեանի ներսն ալ մենտոր մը կայ, կը բնակի, կը գործէ, նոյնիսկ երբ քերթուած գրէ: Արդարեւ, իր բոլոր քերթուածները, գուցէ առանց բացառութեան, խորհուրդ մը կու տան, միշտ խորք մը պիտի ունենան, բայց իրը ինքնայատուկ եւ յուզիչ իմաստ ու ձեւ կը կրէ անպակասօրէն. օրինակ՝ երբ կոչ կ՚ընէ հայ տղայոց ու աղջիկներու.

Եւ երդուընցէք, դուք տըղաք եւ աղջիկներ դուք հայու,
Ըլլայ յաւէտ կեանքի մէջ, բախտին դէմ բախտ իրարու:

Մինչ հոյակապ ու առաւելաբար արտասանուած քերթուածի մը մէջ կը հաստատէ, թէ հարցուցած է ինքզինքին ինչ ըլլալը հայու հոգիին, երբ զայն կիսաթաղ գտած է ցեխին մէջ, բայց եւ՝

Ցեխն ալ կ՚ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար:

Թէքէեան շատ յաճախ կը հանդիպի Աստուծոյ՝ իր քերթուածներուն մէջ: Իր սկեպտիկ արտայայտութիւնները, բողոքները՝ երբեմն այնքան զօրաւոր են, որ կը կարծուի, թէ անհաւատ մըն է հեղինակը: Բայց, կերպով մը ինքնակենսագրական յայտնութեամբ՝ ան կը վկայէ, թէ՝

Հաւատացեալ իմ հայրս ու մայրըս էին,
Ու մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս ալ բոլոր,

մինչ ինք ալ «առ Աստուած մեղմաքայլ կը մօտենայ» հաւաստելով.-
Ամէն քայլի նախնեացս հոգւովն ուժացած…

Այսուհանդերձ, նման շատ հին աւանդութեամբ եւ հաւատացեալ միջավայրի մը մէջն ալ մեծցած ու դաստիարակուած քերթղը, տեղ մը սարսափելիօրէն բողոքող, դատող՝ իր որոնումներէն եւ տառապանքներէն յետոյ, պիտի գոչէ Վոլթէրին պէս (գիտեմ գաղտնիք մ՚ահաւոր).-

Գիտեմ գաղտնիք մ՚ահաւոր -այս Աստուածն է սուտ Աստուած
Մ՚որ խաբած է մարդը միշտ եւ մարդը զայն է խաբած:

Վահան Թէքէեան է այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն, որ առանց գրական ստեղծումի նորութիւններ բերելու, առանց գրական դպրոց մը կազմելու, մեծ եղան: Թէքէեանը, որովհետեւ, վաւերականօրէն բարձր տաղանդի տէր էր, իր քերթուածները ծանր ու ճշմարիտ խորք ունին, ինչպէս նաեւ խնամուած ոճ ու լեզու: Ինք եւս կը հաւաստէ, թէ իր քերթուածներուն «մէն մի բառին ու վանկին վրայ սիրտ հատցուցած է»: Եւ մանաւանդ տուաւ ինքնայատուկ, ուշագրաւ պատկերներ՝ կենդանի մտածումի եւ խորունկ զգացումներու: Ինքնատպութիւնը երբեք չփնտռեց սեթեւեթեալ ձեւերու մէջ, ամենէն աւելի ինքը եւ ասիկա՝ հակառակ իր որոնումներուն: Իր ոճը պիտի չբաժնուի իր ընդգրկած նիւթէն, մտածումէն, խորքէն եւ իր գրականութեան մէջ իր ոճին յատկութիւնը անբաժանելի պիտի մնայ իր արտայայտած զգացումներուն, մտածմունքներուն յատկութենէն ալ:

ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՀՊԱԶ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020