ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (36)

Հինգ օր է արդէն աշխատանքի կու գար Զանան։

Ամէն առտու կ՚արթննար կանուխ՝ վեցին, լոյսը դեռ լրիւ չբացուած։ Հազիւ կը յաջողէր ծանր գլուխը վեր հանել բարձէն, քալել մինչեւ զարթուցիչ, որ հեռու, կրցածին չափ հեռու կը դնէր անկողնէն, որպէսզի ստիպուէր ելլել-քալել-արթննալ։ Պաղ ջուրը հինգ անգամ, երբեմն տասը անգամ կը զառնէր դէմքին, մինչեւ ուշքի գար. կ՚անցնէր սենեակ, արագ կը հագուէր, ու կ՚անդրադառնար, որ հազիւ տասն վայրկեան մնացեր էր դուրս գալու ժամուն։ Թէյնիկին տակը կը վառէր, ու մինչեւ ջուրը եռար ոտքի վրայ հաց պանիր կ՚ուտէր, այնքան ինչքան ախորժակ կրնար ունենալ այդ ժամուն։ Թէյը կը լեցնէր, տաք-տաք կը խմէր աճապարելով, լեզուն ու կոկորդը կ՚այրէր յաճախ, մնացած կէսը կը թափէր լուացարանին մէջ ու կը վազէր դուրս։ Արագ քայլերով կը հասնէր Հրապարակի մեթրօ, որ նոր կը բացուէր այդ ժամուն, ու կ՚առնէր առաջին իսկ գնացքը օրուան։ Մինչեւ Չարբախի կայարան գլուխը կը դնէր պատուհանին, կիսաբաց աչքերով մէ՛կ մութ փապուղին, մէ՛կ լուսաւոր կայարանները, մէ՛կ ալ սահող քաղաքը կը դիտէր. օրուայ մէջ մտածելու միակ տասնհինգ-քսան վայրկեանն էր այդ պահը։

Ու տասնհինգ-քսան վայրկեանուայ մէջ ինչե՜ր ըսես չէին անցներ մտքէն. իրարու կարգ չտալով, իրար խառնուելով, փոխնիփոխ կը յայտնուէին Պամը, Նորան, երկրաշարժը, աշխատանքը, Նորան, Քեռին եւ ընտանիքը, վերադարձի հաւանականութիւնը, Երեւանը, Նորան։ Ե՞րբ պիտի տեսնէր զինք նորէն։ Տեսնէր որ ի՞նչ ընէր։ Միթէ՞ խաբկանքի մէջ չէր ինք։ Ի՞նչ արժէք ունէր տարուիլ իրմէ երկու-երեք տարի մեծ, իր լեզուն կիսատ-պռատ գիտցող, տարբեր կրօնքի եւ ազգութեան պատկանող Նորայով։ Ի՞նչ յոյս կրնար ըլլալ ընդհանրապէս։ Ու չէր հասցներ պատասխանել հարցումներուն այս. Չարբախի կայարանի մէջ կանգ կ՚առնէր գնացքը, կը կտրէր թելը մտքին։

 Ուրբաթ էր այսօր։ Հինգ օր է արդէն աշխատանքի կու գար Զանան։ Բնակարանի սենեակներէն մէկը ներկեր մաքրեր էին արդէն։ Շատ բան կը սորվէր։ Ոչ միայն արհեստ, այլ՝ նոյնիսկ հայերէն։ Ու գիտէր, որ շատ աւելի արագ կը սորվէր այսպէս գործի մէջ, քան Շէյխին կամ նոյնիսկ Նորային հետ թուղթ-գրիչով։ Ահա այստեղ ինքզինք համոզելու, իր երազները խը՛րթ կտրել նետելու յոյս մը կը տեսնէր. դասի ի՞նչ կարիք, Նորան ինչո՞ւ տեսնէր, ի՞նչ պիտի շահէր ատկէ... կատարելապէս խաբուսի՛կ յոյս մը սակայն։ Նորային նշաձեւ աչքերն ու սիրուն այտիկները կու գային անմիջապէս տեղաւորուիլ իր սրտի ծալքերէն ա՛յն ամենախորունկին մէջ։ Ներսէն բան մը մինչեւ կոկորդը կը բարձրանար, լացի պէս բան մը կը բերէր իր հետ։

-Զանա՛

Վարպետ Մանուկն էր։ Կէսօրէ վերջ էր արդէն, երթալ կը պատրաստուէր ան, Զանային ու միւս աշկերտներուն վերջին գործերը թողելով։

-Ըսին, չէ՞, որ կիրակի չենք աշխատիր։ Վաղն ալ մինչեւ կէսօր միայն։

Գլխարկը կիսաճաղատին դնելով դուրս եկաւ Մանուկ ուստան։

Զնգաց յանկարծ հեռախօսը Զանային։ Ձեռքը մեկնեց գրպանին, հանեց սարքը դուրս. նամակ ունէր։ Առանց մտածելու բացաւ։

-Ողջոյն Զանա։ Նորան է։ Ո՞նց ես։

Հազար փուշ մտաւ-ելաւ մարմնին։ Խորունկ ներս քաշեց շունչը, որ չկտրուի։ Ու անմիջապէս, առանց մտածելու գրեց.

-Կիրակի դա՞ս։

Ուղարկեց։ Անդրադարձաւ, հատ մըն ալ ղրկեց.

-Ողջոյն Նորա, լաւ եմ, դո՞ւ։

Զնգաց հեռախօսը դարձեալ։

-Կիրակի դաս։

Հատ մը եւս.

-Սիրահարների այգի։ Ժամը 7։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020