ԷՐԻՔ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ

Սէրը մեր ուժն է, յոյսը եւ ապագան. Էրիք Կարապետեան ներկայացուցած է «Սիրոյ փանտեմիա» ալպոմը։ Չնայած համավարակի տարածման, որ մեծ վնասներ հասցուց ինչպէս այլ ոլորտներու, այնպէս ալ մշակոյթին, բազմաթիւ ստեղծագործողներ չընդմիջեցին աշխատանքը եւ շարունակեցին գրել նոր գործեր, որոնք սիրով կը ներկայացնեն հանրութեան: Անոնցմէ մին է երգիչ Էրիք Կարապետեան, որ այս դժուարին պայմաններու ներքեւ իր երկրպագուներու դատին կը յանձնէ «Սիրոյ փանտեմիա» ալպոմը:

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ երգիչը գրած է. «Վերջապէս ձեզի կը ներկայացնեմ հինգ երգէ բաղկացած իմ նոր՝ «Սիրոյ փանտեմիա» տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է մեզի համար բոլորովին նոր պայմաններու ներքոյ: Ստեղծագործութիւններէն ամէն մէկը կոչուած է անգամ մը եւս յիշեցնելու համար, անկախ պայմաններէն, սէրը մեր ուժն է, յոյսը եւ ապագան: Սիրոյ պատմութիւնները անվերջ են...»:

Էրիք Կարապետեանի հրապարակած ալպոմին մէջ տեղ գտած «Սիրտս ցաւի», «Քանի կամ» «Lovi, Lovi», «Իմ ու քու», «Քանի օր, քանի գիշեր» երգերու հոլովակները, որոնք մի քանի ժամուան ընթացքին հազարաւոր դիտումներ հաւաքած են՝ արժանանալով բազմաթիւ դրական մեկնաբանութիւններու:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020