«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններով։ Ան ողբերգութիւն որակեց դէպքերը եւ ըսաւ. «Թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղ այն տարածքներն են, ուր մեզի համար հարազատ մարդիկ կ՚ապրին»։ Փութին աւելցուց, որ հակամարտութեան վերջնական լուծումը տակաւին հեռու է, բայց պէտք է անյապաղ դադրեցնել կրակը։ «Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ռուսաստանի հետ որեւէ հարց չունի իր դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ», շեշտեց Փութին։ ԹԱՍՍ-ի հաղորդումներով, Փութին դիտել տուաւ, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է եւ Ռուսաստան որոշ պարտաւորութիւններ ունի անոր նկատմամբ։ Ռուս ղեկավարը աւելցուց, որ ինք մշտապէս աշխատանքային կենդանի շփման մէջ է Հայաստանի վարչապետին հետ։ «Հայաստանի ղեկավարութեան մօտ Ռուսաստանի կողմէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւններու կատարման որակին վերաբերեալ որեւէ հարց չի յառաջանար», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Պաքուի նախաձեռնութեամբ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020