«ԱՏՈՆԻՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐԷՆ» (Ա.)

Այս վերնագրին ներքոյ, Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Ալ Հայաթ» թերթի, 28 ապրիլ 2016-ի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Ատոնիսի քերթուածներէն փունջ մը, որոնց թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք հերթաբար՝ երկու թիւով:

- 1 -

Հրաւիրեալները եկան:
Ոչ մէկը միւսը կը ճանչնայ.
Թիւեր՝ ժամանակի տետրին մէջ,
Իսկ ո՞ւր է սեղանը:

- 2 -

Վրիպում մը.
Դիպուկահարի մը կապարը հարուածեց օտար արարած մը.
Ոչ ոք կարողացաւ ինքնութիւնը պարզել,
Եւ չմեռաւ.
Հակառակ անոր, որ ձեռքերը անդամալուծուեցան.
Իրեն ընկերացող այլ օտար մը եւս փրկուեցաւ,
Եւ ոտանաւորը, որ ջղայնութեամբ կը կարդար,
Ան ալ փրկուեցաւ, բայց հրաշքով:

- 3 -

Կեանքը հին աթոռի մը վրայ կը նստի
Ընդարձակ տան մը մէջ, մահին հսկողութեամբ:
Մահը կը նստի նոր աթոռի մը վրայ
Նեղ տան մը մէջ, ուր
Կեանքը նոյնիսկ քայլ մը առնելու տեղ չունի:
Բայց, ո՞ւր է հարցը:

- 4 -

Սիրահարը, որ իր վէրքերուն մահիճին մէջ կը քնանայ,
Կ՚ըսէ թէ պիտի չարթննայ,
Բացի որպէս սիրելի այլ մահիճի մը մէջ:

- 5 -

Դիւրին չէ, որ մարդը շրջանցէ մանկութիւնը,
Կրնայ ծերանալ եւ մնալ մանուկ:
Եթէ կ՚ուզես տղամարդկութեան շրջանը թեւակոխել,
Պէտք է ապրիս, մտածես եւ ջանաս,
Առանց բացառութեան ամէն ինչ իրար շաղախելով:
Այսպէս օրինակ՝ աջը կրնայ ձախ ըլլալ,
Լոյսը՝ մութ, ետեւը՝ առջեւ, կամ հակառակը:
Իրապէս կ՚ուզե՞ս շրջանցել մանկութիւնը
Կամ կ՚երազե՞ս կոտրել ուղղութեան ղեկը
Մտքի փրփուրով լի այս նաւուն մէջ, զոր երկիր կը կոչենք:

- 6 -

Այո,
Ոչ ոք իր ազատութենէն բացին կը ցանկայ,
Ոչ թէ որպէսզի աճի իր ազատագրումը,
Այլ որպէսզի աւելնայ իր ստրկացնելու կարողութիւնը:

- 7 -

Լեզուներ սորվելու նոր հանգրուան մը:
Հիմա կը սորվինք զայն,
Ոչ որպէսզի յառաջանանք տիեզերքը հասկնալու
Եւ անոր գաղտնիքները բացայայտելու:
Կը սորվինք, որպէսզի ունակ ըլլանք խօսելու անտեսանելի իրերուն հետ
Եւ կարենանք հասկնալ ձայներն ու բառերը,
Որոնք կ՚արձակուին այլ աշխարհի թռչուններուն կոկորդներէն:
Ասոնք առաջնային պայմաններն են, որ ընկալենք թէ
Ինչպէ՛ս կրնանք թարգմանել երկնքի վիճակները եւ
Ինչպէ՛ս զանոնք աշխարհի վրայ կ՚ապրինք:

- 8 -

Ցած ձայնով խօսէ՛:
-Ասկէ՞ աւելի:
-Այո, այլապէս կը մեղադրուիս անջրպետը պատժելով:

- 9 -

Սլացաւ ձին, որ մրցադաշտին վրայ նարտ կը խաղար իր բախտին հետ:
Չվերադարձաւ մինչեւ հիմա, եւ ոչ ոք գիտէ՝ ո՛ւր էր սլացքը:

- 10 -

Թուր մը
Վերցուած հաւասարութիւն եւ արդարութիւն հիմնելու,
Մասնաւորապէս իր եւ գլուխը կտրուելիք անձին միջեւ, այսօր:

- 11 -

Աստղի մը լոյսը կը թագադրէ արտին աչքը, որ հերկուեցաւ, երէկ:
Թռչունները կը կտցահարեն չորս դին, մասնաւորապէս, եւ վերեւն ու ստորեւը:
Ոհ, գիւղին այգիներուն մէջ, ուրկէ եկայ, փակ դռներէն բացին չկայ այլեւս:
Երեւակայութիւնս կը սփռեմ իր ուղիներուն վրայ,
Կ՚երեւակայեմ լուսինը՝
Թէ ինչպէ՛ս վաղը պիտի ծագի իր սեւ զգեստը հագած
Եւ ինչպէ՛ս պիտի յենուի քարը, զոր ժամանակը քանդակեց կամարի ձեւով
Եւ ո՞ր լեզուով պիտի գրէ իր վերջին նամակը մահացած սիրելիին,
Որ իր մանկապարտէզի ընկերուհին էր:

- 12 -

Պայքարող մը չքաւորները կը սիրէ եւ իրենց համար կը պայքարի,
Կը սպաննէ տատրակ մը եւ մարմինը կը վերածէ բարձի, որուն վրայ կը կռթնի:
Արտը կը զինուի այս պայքարող երիտասարդին դէմ՝
Յղի կովով մը
Եւ տարեց գութանով:

- 13 -

Իր թուրին բերանը կ՚ուղղէ իմաստին եզրին,
Հաստատելով, որ լեզուն է հրամայողը
Եւ այս գործողութիւնը իրականացնելու պարտադրողը:

- 14 -

Արծիւներու երամ մը
Կը բանակցի տիեզերքին հետ
Իր կերպարանափոխուելու հարցին շուրջ՝
Սաղաւարտներով,
Խրամներով եւ տարբեր կործանիչ զէնքերով լի անտառի մը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020