ՀԲԸՄ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի դիմագրաւած լուրջ տագնապի մթնոլորտին մէջ։ ՀԲԸՄ հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է, ունի աշխարհատարած ցանց մը եւ հայոց սփիւռքին տեսակէտէ ամենաներկայացուցչական կառոյցներէն մին կը համարուի։ Այս վերջին յայտարարութիւնով ՀԲԸՄ եւս միացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ անցումային կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը կը համարուի անհրաժեշտութիւն։ Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն մին է։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ շաբաթավերջին հրապարակուած յայտարարութեան արեւմտահայերէն ամբողջական բնագիրը։
*
Մեր անցնող հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդին դէմ ծառացած ամենածանր մարտահրաւէրներուն դիմաց, յատկապէս երբ անոնք սպառնացած են մեր ժողովուրդի գոյութեան, ՀԲԸՄ-ը միշտ գտնուած է պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, հեռու մնալով ներքին քաղաքական նկատառումներէ: Պատմական նոյնպիսի ճակատագրական հանգրուան մը կը դիմագրաւենք այսօր, երբ մեր ազգի առաջնորդները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի կամ ինքնագիտակից անհատ աշխարհի տարածքին, պէտք է ցուցաբերէ հզօր կամք, արիութիւն եւ տեսիլք:
Անցնող երկու ամիսներուն, մենք ունեցանք ահռելի կորուստներ, սակայն մենք պարտուած չենք որպէս ազգ: Եթէ մենք ուժ եւ քաջութիւն ցուցաբերենք ամոքելու մեր վէրքերը, իմաստութիւն ունենանք դասեր քաղելու այս իրադարձութիւններէն, վերականգնենք մեր ցնցուած հայրենիքը եւ շարժինք յառաջ, պիտի յաջողինք մեր արժանի տեղը ապահովել պատմութեան եւ քաղաքակրթութան մէջ: Մենք խորապէս կը գիտակցինք, որ Արցախեան աղէտին յաջորդած եւ տակաւին շարունակուող ցնցումները, կրնան խախտել Հայկական պետականութեան հիմերը եւ աւելի եւս խոցելի դարձնել մեզ: Այս վտանգի ահագնութեան գիտակցութիւնը խոր մտավախութիւն կը պատճառէ համընդհանուր հայութեան, որուն համար զօրաւոր եւ ինքնիշխան Հայաստանը, գոյութեան խարիսխ եւ ինքնութեան կռուան կը հանդիսանայ:
Ոչ մէկ հայ, ուր ալ գտնուի ան, չի կրնար արտօնել նման ընթացք:
Հիմա ժամանակը չէ պատահած ծանր ձախողութիւններուն համար յանցաւորներ փնտռելու կամ պատասխանատուներ այպանելու: Ձախողութիւններ, որոնք տասնամեակներու վրայ երկարող թերացումներու արդիւնք են: Մենք ներկայիս ազգովին ճգնաժամի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ կը դիմագրաւենք անկայուն քաղաքական իրադրութիւն մը: Անհրաժեշտ են արտակարգ միջոցառումներ, ուղղակի գործնական քայլերով եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններով: Ճգնաժամի այս պահուն, մեր կազմաւորուող ժողովրդավարութիւնը, պէտք է ցուցաբերէ արտակարգ կամք եւ ամրութիւն:
Այս պահուն գերագոյն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութեան ապահովումը: Նոր առճակատումներ եւ կամ բռնութիւններ արտօնելի չեն: Մենք կը հաւատանք, թէ անցումային կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի, որուն պէտք է մասնակցին իրենց մասնագիտութեամբ եւ փորձառութեամբ ծանօթ անձնաւորութիւններ, որոնք առընչուած չեն ներկայ կամ անցեալ կառավարութիւններուն հետ: Անոնց կողքին Հայաստանէն թէ սփիւռքէն կարող եւ յարգուած փորձագէտներ, պէտք է իրենց աջակցութիւնը բերեն, երկրի զարգացումին համար կարեւոր մարզերէն ներս արագ յառաջընթաց ապահովելու համար:
Մենք կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, յանուն հայ ժողովուրդի եւ իւրաքանչիւր հայու, բարի կամեցողութիւն ցուցաբերել եւ զիջիլ վարչապետի իր պաշտօնը, կարելի դարձնելով նման նոր եւ ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Մեր ցանկութիւնն է, որ ապահովուի անկախ եւ օրինակարգ մարմնի մը կողմէ ժամանակաւոր առաջնորդութեան ստանձնումը՝ մինչեւ որ կարելի դառնայ արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կազմակերպումը։ Այս մարմինը, ունենալով մեր դիմագրաւած իրողութեանց ըմբռնումը, պէտք է աշխատի անաչառութեան ոգիով եւ երկիրը դուրս բերէ մեզ պատուհասած այս պատմական ճգնաժամէն։
Ինչպէս բոլոր ժողովրդավարութիւններու պարագային, ասիկա խաղաղ անցում մը պէտք է ըլլայ, պահպանելով օրինաւորութիւնը եւ սահմանադրական ընթացակարգերը, ապահովելով ժողո-վըրդավարութեան ամենաբարձր չափանիշները եւ քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք Ազգային ժողովին, աջակցելու անցումային այս կառավարութեան։ Այս գործընթացը պէտք է ընդգրկէ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որուն առաջնորդութիւնը մեր ժողովուրդին համար միշտ եղած է յոյսի փարոս անցեալ աւելի քան 1700 տարիներու մարտահրաւէրներով լի մեր քրիստոնեայ պատմութեան ընթացքին։
1906-ին, իր հիմնադրութենէն ի վեր, որպէս բոլոր դժուարին պահերու մեր ժողովուրդին ուղեկից կազմակերպութիւն, որ կանգնած է մեր ազգի կողքին թէ՛ Օսմանեան, թէ՛ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, նաեւ անկախութեան շրջանին, մենք այսու կը վերահաստատենք Հայաստանի պայծառ ապագան ապահովելու, աւերուած մեր Արցախը վերակառուցելու մեր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր ժողովուրդի մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներուն հասնելու մեր առաքելութիւնը:
Յառաջիկայ շաբաթներուն մեր համընդհանուր համայնքներու առաջնորդներուն մասնակցութեամբ, պիտի համախմբուինք, որպէսզի միասնականօրէն մշակենք պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու համապարփակ ռազմավարութիւն եւ արագօրէն վերադառնանք պետականաշինութեան եւ զարգացման մեր գործընթացին։
Մենք կ՚աղօթենք մեր ազգի իմաստնութեան, մեր վէրքերու շուտափոյթ ամոքումին եւ այս քաղաքական ճգնաժամի արագ յաղթահարումին համար։ Մենք նաեւ կը խոնարհինք մարտի դաշտին վրայ անմահացած մեր հերոսներու յիշատակին առջեւ եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն: Անոնց խիզախութիւնը եւ զոհողութիւնը անջնջելի հետք թողուցին մեր սիրտերուն մէջ, որ պիտի ուղեկցի մեզ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին։ Մենք նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու կոչ կ՚ուղղենք մնալ յանձնառու, զօրաւոր եւ միասնական, որպէսզի դիմագրաւենք այս դժուարին ժամանակները եւ միասին կերտենք մեր փայլուն ապագան, որուն արժանի է հայութիւնը: